
Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումը երէկ Ռապիէի մէջ գումարեց իր ընթացիկ նիստը` նախագահութեամբ համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աունի:
Նիստէն ետք համախմբումի ընդհանուր քարտուղար, երեսփոխան Իպրահիմ Քանաան յայտնեց, որ համախմբումը որոշած է լիբանանեան քաղաքական բոլոր ուժերուն հետ կապի մէջ ըլլալ` զօրակցելու համար միջմարոնիական համախոհութեան, որ հիմնականին մէջ Մարտ 8-ի եւ Մարտ 14-ի քաղաքական ուժերուն միջեւ հանդիպումի կարելիութիւն մը կը նկատուի եւ ոչ թէ երկու կուսակցութիւններուն միջեւ քաղաքական կամ համայնքային համաձայնութիւն մը:
Քանաան շեշտեց, որ համախմբումը կը յարգէ եւ կոչ կ՛ուղղէ երեսփոխանական բոլոր պլոքներուն յարգելու Արաբական լիկայի ուխտը եւ յատկապէս անոր 8-րդ յօդուածը, որուն համաձայն, արաբական ներքին հարցերուն միջամտութիւնը մերժելի է:
Քանաան կոչ ուղղեց լիբանանեան քաղաքական բոլոր ուժերուն զգուշութեամբ հետեւելու 18 յունուարին կատարուած իրադարձութեան` զայն նկատելով մուտք մը դէպի ազգային ամբողջական հաշտութիւն: «Նոյնիսկ եթէ այդ հանդիպումը կամ համաձայնութիւնը նախագահական ընտրութեան նախաձեռնութիւն մը առաջադրեց, անոր նպատակն էր լիբանանեան ամբողջական հաշտութիւն գոյացնել», ըսաւ ան` յոյս յայտնելով, որ յաջորդող օրերը ազգային լիբանանեան առումով հաւասարակշռուած եւ նոր մեկնաբանութիւններու դուռ կը բանան եւ կը նպաստեն սահմանադրական հաստատութիւններուն աշխատանքին հեզասահ ընթացքին:
Անդրադառնալով կառավարութեան վաղուան նիստին` Քանաան յայտնեց, որ Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումին կեցուածքը յստակ է այդ նիստին առումով: «Այլ խօսքով` համախմբումը կը պահանջէ զինուորական նշանակումները նկատի ունենալ քննարկուելիք օրակարգին վրայ, ինչպէս նաեւ կառավարութեան որոշումները համախոհութեամբ տալ», աւելցուց ան: