Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

Փետրուար 8, 2016
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ միւֆթի շէյխ Ապտել Լաթիֆ Տըրիան շեշտեց, որ իրենք պիտի չհրաժարին պետութեան կերտման եւ երկրին ապահովական կայունութեան պահպանման մէջ իրենց ունենալիք ներդրումէն:

ՇԻԻՆԵՐՈՒ գերագոյն խորհուրդի փոխնախագահ, շէյխ Ապտել Էմիր Քապալան յայտնեց, որ Լիբանան պէտք է յաւելեալ գործակցութիւն ունենայ Սուրիոյ հետ` ահաբեկչութեան դէմ մղուած պայքարին առումով:

ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ապահովութեան ընդհանուր տնօրէն հազարապետ-զօրավար Ապպաս Իպրահիմ շեշտեց, որ նախագահական ընտրութիւնը պէտք է լիբանանեան ներքին հոլովոյթ ըլլայ, որուն հետ արտաքին աշխարհը ոչ մէկ կապ ունենայ:

ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ապահովութեան ուժերը ձերբակալեցին 5 սուրիացիներ, որոնք ահաբեկչական խմբաւորումներու անդամ էին եւ կը ծրագրէին ապահովական վտանգաւոր գործողութիւններ:

ՏՆՏԵՍՈՒԹԵԱՆ եւ առեւտուրի նախարար Ալեն Հաքիմ շեշտեց, որ նախարարութիւնը ոչ մէկ ձեւով պիտի զլանայ սպառողներու իրաւունքին դէմ գործող օրինազանցները հաշուետուութեան կանչելու իմաստով:

ԿՐԹՈՒԹԵԱՆ եւ բարձրագոյն ուսման նախարար Էլիաս Ապու Սաապ շեշտեց, որ մեծ պետութիւններու ղեկավարները սկսած են համոզուիլ այն գաղափարին, որ Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի ղեկավար, երեսփոխան զօր. Միշել Աուն լիբանանցիներուն մեծամասնութիւնը ներկայացնող հանրապետութեան նախագահը կրնայ ըլլալ:

ՏԵՂԵԿԱՏՈՒՈՒԹԵԱՆ նախարար Ռամզի Ժրէյժ շեշտեց, որ ելեկտրոնային տեղեկատուութիւնն ու լսատեսողական լրատուամիջոցները պէտք չէ դուռ բանան ահաբեկիչներուն` իրենց սպառնացած վտանգին սարսափն ու հաւատադրժումը սփռելու:

ԶԲՕՍԱՇՐՋՈՒԹԵԱՆ նախարար Միշել Ֆարաոն շեշտեց, որ ներքին լիբանանեան առումով երկխօսութիւնը լաւ ընթացքի մէջ է, նոյնիսկ եթէ ան ուշ է, իսկ քաղաքական համաձայնութեան շնորհիւ երկրին ապահովական կայունութիւնը հակակշռուած է:

ԳԱՂԹԱԿԱՆՆԵՐՈՒ հարցերու նախարար Ալիս Շապթինի հաստատեց, որ նախկին նախարար Միշել Սմահայի թղթածրարին Արդարութեան խորհուրդ փոխանցումը կարելի է, սակայն այդ իմաստով տրուելիք որոշումը քաղաքական պիտի ըլլայ:

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Ահմետ Ֆաթֆաթ յայտնեց, որ Լիբանան կ՛ուղղուի դէպի տնտեսական աղէտալի բեմագրութիւն մը` աւելցնելով, որ անհրաժեշտ է տուրքերը աւելցնել` պահպանելու համար Լիբանանը:

ԸՆԿԵՐՎԱՐ յառաջդիմական կուսակցութեան տեղեկատուական հարցերու պատասխանատու Ռամի Ռայէս շեշտեց, որ Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթ պիտի չխանգարէ քաղաքական համախոհութեան այն ճիգերը, որոնք կը նպաստեն երկիրը իր տագնապէն դուրս բերելու:

«ՆԱՀԱՐ» օրաթերթին համաձայն, Հըզպալլա Փաղանգաւոր կուսակցութեան ներկայացուցիչներուն հետ հանդիպումին ընթացքին շեշտած է, թէ իրեն համար քրիստոնեայ համայնքին Լիբանանի եւ Միջին Արեւելքի մէջ ներկայութիւնը շատ մեծ կարեւորութիւն ունի:

ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ եւ բարեկարգում համախմբումի երեսփոխան Սիմոն Ապի Ռամիա շեշտեց, որ առանց քրիստոնեաներու Միջին Արեւելք գոյութիւն չունի` աւելցնելով նաեւ, որ Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան հետ համաձայնութիւնը պատմական է:

ՆԱԽԿԻՆ նախարար Զիատ Պարուտ շեշտեց, որ Լիբանանի համար ամօթալի է արտաքին նշաններու սպասել` նախագահական ընտրութիւն կատարելու համար:

ՆԱԽԿԻՆ նախարար Մարուան Շարպել հաստատեց, որ եթէ քաղաքապետական ընտրութիւն չկատարուի, ապա բոլոր քաղաքապետութիւնները լուծուած կը նկատուին եւ թաղապետերուն գործունէութիւնը աւարտած, հետեւաբար քաղաքացիները ոչ մէկ պաշտօնական փաստաթուղթ կրնան ստանալ:

ՔԱՂԱՔԱԿԱՆ մեկնաբան Ժոզեֆ Ապու Ֆատել յայտնեց, որ Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աունի եւ Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահի միջեւ համաձայնութիւնը քրիստոնեայ համայնքին համար հզօրութեան նշան է, սակայն նախագահական ընտրութեան չի յանգեցներ:

ՍԷՈՒՏԱԿԱՆ «Օքազ» օրաթերթին համաձայն, Մուսթաքպալ հոսանքը կրնայ պոյքոթի ենթարկել կառավարութեան նիստերուն իր մասնակցութիւնը, եթէ նախկին նախարար Միշել Սմահայի թղթածրարը Արդարութեան խորհուրդին չփոխանցուի:

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ պլոքի երեսփոխան Ժամալ Ժարրահ յայտնեց, որ հակառակ պատահած բոլոր իրադարձութիւններուն, Մարտ 14-ի քաղաքական ուժերը կառչած կը մնան իրենց միասնականութեան:

ՍԷՈՒՏԱԿԱՆ «Ռիատ» օրաթերթին համաձայն, Հըզպալլայի ահաբեկչական գործունէութեան դէմ պէտք է ատակ միջոցներով պայքարիլ:

«ՏԻԱՐ» օրաթերթին համաձայն, Պքերքէ բոլորէն աւելի ուրախացած է եւ ողջունած Ռապիէ-Մեհրապ համաձայնութիւնը:

«ՀԱՅԱԹ» օրաթերթին համաձայն, Իրան բացայայտած է, թէ Մարատա հոսանքի ղեկավար, երեսփոխան Սլէյման Ֆրենժիէի թեկնածութեան հարցը այն է, թէ ան սէուտական զօրակցութիւն կը վայելէ:

«ԺՈՒՄՀՈՒՐԻԱ» օրաթերթը` իր տեղեկութիւնները քաղելով Մարատա հոսանքէն, կը գրէ, թէ Մուսթաքպալ հոսանքի ղեկավար, երեսփոխան Սաատ Հարիրի պիտի վերադառնայ Լիբանան եւ ներկայ պիտի գտնուի այսօրուան նախագահական ընտրութեան նիստին:

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Ամմար Հուրի յայտնեց, որ հանրապետութեան նախագահի աթոռին թափուր վիճակը պիտի բոլորէ իր երկրորդ տարին, եւ այդ իմաստով քաղաքական ոչ մէկ կողմ կ՛աճապարէ:

ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ուժեր կուսակցութեան երեսփոխան Անթուան Զահրա հաստատեց, որ իրենք ներկայ պիտի գտնուին նախագահական ընտրութեան 36-րդ նիստին, որ պիտի գումարուի այսօր` գիտնալով հանդերձ, որ պատկերը նոյնը պիտի ըլլայ:

ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ եւ բարեկարգում համախմբումի երեսփոխան Սիմոն Ապի Ռամիա շեշտեց, որ իրենք նախագահական ընտրութեան նիստին պիտի չմասնակցին, եթէ զօր. Միշել Աունի թեկնածութեան շուրջ համաձայնութիւն չգոյանայ:

«ԺՈՒՄՀՈՒՐԻԱ» օրաթերթին համաձայն, 14 փետրուարի առիթով նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրիի արտասանելիք խօսքը պիտի կեդրոնանայ նախագահական ընտրութեան վրայ:

ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ եւ բարեկարգում համախմբումի ընդհանուր քարտուղար, երեսփոխան Իպրահիմ Քանաան յայտնեց, որ համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աուն նախագահական ընտրութեան համար օրինական միակ թեկնածուն կը նկատուի Մեհրապի համաձայնութենէն ետք:

ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ուժեր կուսակցութեան երեսփոխան Ժորժ Ատուան շեշտեց, որ Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աուն նախագահական ընտրութեան հզօրագոյն թեկնածուն է:

ՀԱՒԱՏԱՐՄՈՒԹԻՒՆ դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքի անդամ Ալի Ֆայեատ շեշտեց, որ Լիբանան չի կրնար ահաբեկչութեան դիմաց տեղի տալ` աւելցնելով, որ հաւատադրժողական ահաբեկչութեան ծրագիրը արմատախիլ ըլլալու ճամբուն վրայ կը գտնուի:

ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ եւ բարեկարգում համախմբումի երեսփոխան Ֆարիտ Խազեն շեշտեց, որ նախագահական ընտրութիւն կատարելու առումով պայմանները տակաւին ի զօրու չեն:

«ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ» օրաթերթը` իր տեղեկութիւնները քաղելով դիւանագիտական աղբիւրներէ, կը գրէ, թէ Հըզպալլա չ՛աճապարեր նախագահական ընտրութիւնը կատարելու իմաստով:

 

 

 

Նախորդը

Էրտողան Ապարդիւն Կերպով Կը Փորձէ Հեռաձայնային Հաղորդակցութիւն Հաստատել Փութինի Հետ

Յաջորդը

Քաղաքացիական Շարժումի Գործիչները Բաբանով Մը Աղբակոծեցին Վարչապետարանը

RelatedPosts

Կառավարութեան Նիստ` Պաապտայի Պալատին Մէջ
Լիբանանեան

Կառավարութեան Նիստ` Պաապտայի Պալատին Մէջ

Յուլիս 12, 2025
Ըստ «Թելեւիզիոն Սուրիա»-ի Աղբիւրներուն.  Շարհ Կը Սպառնայ Պէյրութի Դէմ Դիւանագիտական Եւ Տնտեսական Մագլցումի Դիմել
Լիբանանեան

Ըստ «Թելեւիզիոն Սուրիա»-ի Աղբիւրներուն. Շարհ Կը Սպառնայ Պէյրութի Դէմ Դիւանագիտական Եւ Տնտեսական Մագլցումի Դիմել

Յուլիս 12, 2025
Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
Լիբանանեան

«Նախագահ Աունի Նկատմամբ Մեծ Վստահութիւն Կայ, Եւ Անոր Ընտրանքները Լիբանանի Համար Լաւագոյնն Են» Կ՛ըսէ Արեւմուտքցի Դիւանագիտական Պաշտօնատար Մը

Յուլիս 12, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?