Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի որոշումին համաձայն, խորհրդարանին մէջ այսօր պիտի գումարուի նախագահական ընտրութեան 36-րդ նիստը, որուն համար նախատեսուած ճակատագիրը նախորդներուն նման է, միակ տարբերութեամբ, որ նիստին ժամը կէսօրուան 12:00-ին չէ, այլ ժամը 1:00-ին` նկատի ունենալով Մեծ պահքի սկիզբը:
Պըրրիի երէկուան յայտարարութիւններուն համաձայն, «Ազատագրում եւ բարգաւաճում» երեսփոխանական պլոքը ներկայ պիտի գտնուի այսօրուան նիստին:
«Նախագահական ընտրութեան ցարդ երեք թեկնածուներ կան. թո՛ղ խորհրդարանը քուէարկէ, եւ ո՛վ որ յաջողի, թո՛ղ դառնայ հանրապետութեան նախագահը», ըսաւ ան:
Միւս կողմէ, երկրին ապահովական կայունութեան մասին շրջանառութեան մէջ դրուած են զգուշացումներ` պայթումներու եւ քաղաքական սպանութիւններու վերադարձին առումով:
Այս շրջագիծին մէջ, բանակը երէկ Թրիփոլիի մէջ վնասազերծեց 10 քկ պայթուցիկ նիւթ կշռող ականներ, իսկ անպաշտօն աղբիւրներ հաստատեցին, որ Պէյրութի հարաւային արուարձաններուն մէջ ապահովական խիստ միջոցառումներ որդեգրուած են` նախազգուշանալով պայթումներու կրկնութենէն:
Ապահովական մտահոգութիւններուն զուգահեռ Լիբանանի մէջ տնտեսական տագնապի, ընկերային հարցերու եւ վերջերս նաեւ դատական մարզին դիմագրաւած խնդիրները կը մնան անպակաս:
Դատական մարզին առումով, Պէյրութի եւ Թրիփոլիի իրաւաբաններու սենտիքաները խստիւ դատապարտեցին չորս իրաւաբաններու` Զէյնապ Տահպուլի, Զէյնապ Հաժի, Ռաէտ Համտանի եւ Զահեր Ազուրիի (նաեւ Պէյրութի իրաւաբաններու սենտիքայի անդամ) խոշտանգումին դէպքը եւ շեշտեցին, որ այսօր ամբողջ Լիբանանի տարածքին դատավարութիւններուն պիտի չներկայանան` պոյքոթի ենթարկելով իրենց առաքելութիւնը:


