Հըզպալլայի մէկ պատուիրակութիւնը` գլխաւորութեամբ Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղարի քաղաքական հարցերու օգնական Հիւսէյն Խալիլի, շաբաթավերջին այցելեց Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աունի:
Հանդիպումէն ետք Խալիլ Ռապիէէն յայտնեց, որ Հաւատարմութիւն դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքը այսօրուան նախագահական ընտրութեան խորհրդարանի նիստին պիտի չմասնակցի:
Խալիլ յայտնեց, որ իրենց այցելութիւնը նաեւ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան եւ Հըզպալլայի միջեւ ստորագրուած փոխըմբռնումի համաձայնագիրին 10-ամեակին առիթով է: Ան ընդգծեց, որ այդ համաձայնութիւնը քաղաքական մեծ եւ լուրջ դաշինք մըն է, որ Լիբանանի մէջ կրցած է տասնամեակ մը բոլորել, հակառակ իր դիմագրաւած ցնցումներուն: «Հետեւաբար մենք զմեզ, զօր. Աունը եւ լիբանանցիները կը շնորհաւորենք այս համաձայնութեան առիթով», ըսաւ Խալիլ:
Անդրադառնալով Մեհրապի հանդիպումին` Խալիլ յայտնեց, որ այդ համաձայնութիւնը ճիշդ քայլ մըն էր, որ առնուած էր երկար ուղիէ ետք: Ան մաղթեց, որ այդ համաձայնութեան օրինակը ընդհանրանայ ոչ միայն քրիստոնեայ շրջանակին մէջ, այլեւ` լիբանանեան ազգային մակարդակի վրայ:
Խալիլ ընդգծեց, որ Հըզպալլայի նախագահական ընտրութեան մնայուն թեկնածուն զօր. Աունն է եւ երբ զայն ընտրելու պայմանները կ՛ամբողջանան, ապա իրենք պիտի ըլլան դէպի խորհրդարան ուղղուող առաջին անձերը:
«Մարտ 14-ի քաղաքական ուժերը վստահ են, որ հանրապետութեան նախագահը պէտք է Մարտ 8-ի քաղաքական ուժերու ներկայացուցիչ ըլլայ», ըսաւ Խալիլ` շեշտելով, որ Մարատա հոսանքի ղեկավար, երեսփոխան Սլէյման Ֆրենժիէ իրենց դաշնակիցն է եւ Մարտ 8-ի քաղաքական ուժերը կը ներկայացնէ, «սակայն իբրեւ Հըզպալլա` մեր թեկնածուն զօր. Աունն է», եզրափակեց ան: