Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

Փետրուար 11, 2016
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՀԸԶՊԱԼԼԱՅԻ գործադիր խորհուրդի փոխնախագահ շէյխ Նեպիլ Քաուք շեշտեց, որ Սուրիոյ մէջ հաւատադրժողական ահաբեկչութեան ծրագիրին դէմ պայքարը Լիբանանի պաշտպանութեան համար ռազմավարական անհրաժեշտութիւն է:

ՄԱՐՈՆԻ համայնքի ընդհանուր համադաշնակցութեան նախագահ, նախկին նախարար Ուատիհ Խազեն յայտնեց, որ առանց հանրապետութեան նախագահի երկիրը պիտի ուղղուի դէպի քայքայում եւ փլուզում:

ԹԱՈՒՀԻՏ հոսանքի ղեկավար, նախկին նախարար Ուիամ Ուահապ շեշտեց, որ բոլորը պէտք է լաւ իմանան, որ Իրաքը եւ Սուրիան ահաբեկչութեան դէմ իրենց մղած պայքարէն յաղթական դուրս պիտի գան:

«ՇԱՐՔ ԱՈՒՍԱԹ» օրաթերթին համաձայն, Մարտ 14-ի քաղաքական ուժերը ընդարձակ հանդիպումի պիտի մասնակցին, իբրեւ նախապատրաստական աշխատանք` 14 փետրուարի յիշատակի հանդիսութեան:

«ՀԱՅԱԹ» օրաթերթը` իր տեղեկութիւնները քաղելով Մուսթաքպալ հոսանքի աղբիւրներէն, շեշտեց, որ նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրի պաշտօնապէս իր զօրակցութիւնը պիտի չյայտնէ Մարատա հոսանքի ղեկավար, երեսփոխան Սլէյման Ֆրենժիէի թեկնածութեան:

ՓԱՂԱՆԳԱՒՈՐ կուսակցութեան երեսփոխան Նետիմ Ժեմայէլ շեշտեց, որ Հըզպալլայի հետ երկխօսութիւնը անձնատուր ըլլալ կը նշանակէ: «Անձամբ կը մերժեմ քաղաքական տարբեր ուժերու միջեւ կատարուող բոլոր երկխօսութիւնները», շեշտեց Ժեմայէլ:

«ԱԽՊԱՐ» օրաթերթին համաձայն, Իրան Փարիզի հաստատեց, որ նախագահական ընտրութիւնը լիբանանեան թղթածրար մըն է, որուն Թեհրան կը մերժէ միջամուխ դառնալ:

ՔՈՒԷՅԹԵԱՆ «Ռայ» օրաթերթին համաձայն, Հըզպալլա դէպի Սուրիա կը գործուղէ մասնայատուկ նոր ուժեր, որպէսզի անոնք Թուրքիոյ հետ սահմանը փակեն:

«ՆԱՀԱՐ» օրաթերթը` իր տեղեկութիւնները քաղելով դիւանագիտական աղբիւրներէ, կը հաստատէ, որ նախագահական ընտրութիւնը խանգարող կողմերը քաղաքական առումով վճարուելիք սուղ գին կ՛ենթադրէ:

ՔՈՒԷՅԹԵԱՆ «Նահար» օրաթերթին համաձայն, նախագահական ընտրութեան թղթածրարին վերջնական լուծման առումով վերջին խօսքը Հըզպալլայի մօտ կը գտնուի: Նոյն օրաթերթին համաձայն, Լիբանանի մէջ նախագահական ընտրութիւնը երկար ժամանակի կը կարօտի:

ԺՈՂՈՎՐԴԱՎԱՐԱԿԱՆ հանդիպում երեսփոխանական պլոքի անդամ Մարուան Համատէ շեշտեց, որ ինք կը մերժէ հանրապետութեան նախագահին նշանակումը` աւելցնելով, որ ապահովական իմաստով Լիբանանի մէջ արձանագրուելիք ցնցումները առկայ են:

 

 

Նախորդը

Ռուսիոյ Արտաքին Գործոց Նախարարութիւնը Պիտի Ուսումնասիրէ 1921-ի Ռուս-Թրքական Համաձայնագիրը Ջնջելու Առաջարկը

Յաջորդը

Միքաթի Եւ Քարամէ Կը Հաստատեն Քաղաքապետական Ընտրութիւնները Ճշդուած Թուականին Կատարելու Կարեւորութիւնը

RelatedPosts

Կառավարութեան Նիստ` Պաապտայի Պալատին Մէջ
Լիբանանեան

Կառավարութեան Նիստ` Պաապտայի Պալատին Մէջ

Յուլիս 12, 2025
Ըստ «Թելեւիզիոն Սուրիա»-ի Աղբիւրներուն.  Շարհ Կը Սպառնայ Պէյրութի Դէմ Դիւանագիտական Եւ Տնտեսական Մագլցումի Դիմել
Լիբանանեան

Ըստ «Թելեւիզիոն Սուրիա»-ի Աղբիւրներուն. Շարհ Կը Սպառնայ Պէյրութի Դէմ Դիւանագիտական Եւ Տնտեսական Մագլցումի Դիմել

Յուլիս 12, 2025
Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
Լիբանանեան

«Նախագահ Աունի Նկատմամբ Մեծ Վստահութիւն Կայ, Եւ Անոր Ընտրանքները Լիբանանի Համար Լաւագոյնն Են» Կ՛ըսէ Արեւմուտքցի Դիւանագիտական Պաշտօնատար Մը

Յուլիս 12, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?