Լիբանանեան բանակի հրամանատարութիւնը երէկ հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ նշուեցաւ, որ բանակը երէկ կէսօրուան ժամը 12:00-ին ստացած է լուրեր, թէ Թրիփոլիի Նըժմէ հրապարակին վրայ կան երկու տարօրինակ մարմիններ:
Բանակի սակրաւորները անմիջապէս ուղղուած են Նըժմէ հրապարակ եւ շրջափակելէ ետք զայն, վնասազերծած են երկու ականներ, որոնք 10 քկ պայթուցիկ նիւթ կը կշռէին:
Ըստ բանակին հաղորդագրութեան, այդ ականները ձեռքով պատրաստուած էին. անոնք միացուած էին պայթուցիչով մը եւ պատրաստ` պայթելու:
Այս դէպքին մասին հետաքննութիւն բացուած է: