Վարչապետ Թամմամ Սալամ հինգշաբթի, 4 փետրուարին մասնակցեցաւ Սուրիոյ եւ շրջանի օժանդակութեան խորհրդաժողովին, որ տեղի ունեցաւ Լոնտոնի մէջ:
Խորհրդաժողովին ընթացքին վարչապետ Սալամ զգուշացուց, որ Լիբանան անկարող պիտի մնայ դէպի ծովերը ուղղուող գաղթականներու նոր ալիք մը զսպելու առումով` շեշտելով, որ Լիբանան անկարելի է, որ կարենայ տոկալ գաղթականներուն ծախսերը ֆինանսաւորելու առումով:
«Սուրիոյ տագնապը իր վատ ազդեցութիւնը ունեցաւ լիբանանցիներուն վրայ` նկատի ունենալով, որ սուրիացի գաղթականներուն թիւը Լիբանանի բնակչութեան մէկ երրորդին չափ է: Երկրին մէջ աղքատութեան եւ անգործութեան համեմատութիւնները աճ արձանագրած են, եւ այդ կացութիւնը ուղղակիօրէն կը սպառնայ երկրին տնտեսութեան», ըսաւ Սալամ` հաստատելով, որ Լիբանանի տրամադրուած միջազգային օժանդակութիւնները անբաւարար են:
Վարչապետ Սալամ ընդգծեց Սուրիոյ տագնապին քաղաքական լուծում մը գտնելու անհրաժեշտութիւնը` աւելցնելով, որ սուրիացի գաղթականներուն հարցը լուծելու լաւագոյն ձեւը անոնց տունդարձի ապահովումն է:
Միւս կողմէ, լրագրողներուն հետ իր ունեցած զրոյցին ընթացքին Սալամ յայտնեց, որ այս հանգրուանին կարելի չէ գիտնալ Լիբանանին յատկացուելիք նիւթական օժանդակութիւնը:
«Լոնտոնի խորհրդաժողովին ընթացքին ոչ մէկ քայլ որդեգրեցինք սուրիացի գաղթականներու բնակեցման առումով, ինչպէս նաեւ ոչ մէկ ձեւով զիջեցանք անոնց տունդարձի իրաւունքէն», ըսաւ ան:
Վարչապետ Սալամ նշեց, որ խորհրդաժողովին մասնակցող պետական պաշտօնատարներուն հետ իր ունեցած հանդիպումներէն կրցած է եզրակացնել, թէ Սուրիոյ տագնապին լուծումը տարիներու կը կարօտի: