Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

February 9, 2016
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԱՇԽԱՏԱՆՔԻ նախարար Սըժաան Քազզի շեշտեց, որ Լիբանանին ներկայացուելիք օժանդակութիւններուն փոխարէն սուրիացի գաղթականներուն գործի իրաւունք շնորհելու պահանջը մերժելի է:

ԶԲՕՍԱՇՐՋՈՒԹԵԱՆ նախարար Միշել Ֆարաոն շեշտեց, որ նախագահական ընտրութիւնը կարիք ունի ներքին եւ արտաքին հովանաւորութեան` պահպանելու համար Լիբանանի ապահովական կայունութիւնը:

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ պլոքի երեսփոխան Աթեֆ Մաժտալանի շեշտեց, որ լիբանանեան գոյացութիւնը մեծ վտանգի ենթարկուած է` աւելցնելով, որ երկրին սահմանադրութեան վերադարձի բանալին Հըզպալլայի մօտ կը գտնուի:

ԱՄԱԼ շարժումի պատասխանատուներէն Խալիլ Համտան յայտնեց, որ Լիբանանի մէջ տիրող կացութիւնը կ՛ընդգծէ պետական հաստատութիւնները ամրապնդելու անհրաժեշտութիւնը` սկսեալ հանրապետութեան նախագահութենէն:

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Ամմար Հուրի շեշտեց, որ նախագահական ընտրութիւնը խանգարելու իմաստով ոմանց կողմէ Հըզպալլայի նկատմամբ ցուցաբերուած զօրակցութիւնը Լիբանանը վտանգի պիտի ենթարկէ:

ՀԱՄԱՅՆԱՎԱՐ կուսակցութեան ընդհանուր քարտուղար Խալետ Հատատէ յայտնեց, որ Լիբանանի մէջ նախագահական ընտրութիւն կատարելու յոյսերը շատ քիչ են:

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Ահմետ Ֆաթֆաթ շեշտեց, որ իրենք պիտի շարունակեն զօրակցիլ Մարատա հոսանքի ղեկավար, երեսփոխան Սլէյման Ֆրենժիէի թեկնածութեան, որովհետեւ Ֆրենժիէի ընտրութեամբ լիբանանեան եւ ազգային հարցերուն լուծումը կարելի կը դառնայ:

ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ եւ բարեկարգում համախմբումի երեսփոխան Իպրահիմ Քանաան շեշտեց մարոնի համայնքին յատուկ ծրագիր մը մշակելու անհրաժեշտութիւնը:

ՆԱԽԿԻՆ նախարար Շաքիպ Քըրթպաուի ընդգծեց, որ ոմանք կը մերժեն հզօր քրիստոնեային ընտրութիւնը, ինչպէս նաեւ լիբանանեան պետութեան իմաստով իսկական գործակցութիւնը:

ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ուժեր կուսակցութեան երեսփոխան Ֆատի Քարամ շեշտեց, որ Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահի նպատակը Մարտ 14-ի քաղաքական ուժերուն ղեկավարութեան ստանձնումը չէ, այլ Մարտ 14-ի դաշինքի սկզբունքներուն հիման վրայ լիբանանեան պետութեան հիմնումը:

«ՀԱՅԱԹ» օրաթերթին համաձայն, Ռուսիա հեռաձայնային հաղորդակցութիւններ ունեցած է իրանեան ղեկավարութեան հետ` Լիբանանի մէջ նախագահական ընտրութիւն կատարելու առումով:

«ՏԻԱՐ» օրաթերթին համաձայն, քաղաքապետական խորհուրդներուն պաշտօնավարութեան երկարաձգումը առկայ ընտրանք մըն է:

«ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ» օրաթերթը` իր տեղեկութիւնները քաղելով Ռապիէէն, կը գրէ, թէ նախագահական ընտրութեան համար խորհրդարանի օրինաթիւ պիտի չապահովեն, եթէ Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աունի շուրջ համախոհութիւն չգոյանայ:

«ԺՈՒՄՀՈՒՐԻԱ» օրաթերթին համաձայն, Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աունի զօրակցող քաղաքական ուժերը հաւանական կը նկատեն, որ Ռիատ հաւանութիւն յայտնէ անոր թեկնածութեան:

ԼԻԲԱՆԱՆԻ մէջ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի անձնական ներկայացուցիչ Սիկրիտ Քաակ մտահոգութիւն յայտնեց նախագահական ընտրութեան հոլովոյթի խոչընդոտումը շարունակելու իրականութեան առնչութեամբ:

«ԺՈՒՄՀՈՒՐԻԱ» օրաթերթին համաձայն, նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրի 14 փետրուարի առիթով Մարատա հոսանքի ղեկավար, երեսփոխան Սլէյման Ֆրենժիէի թեկնածութիւնը պիտի չյայտարարէ, իսկ վերջինս ներկայ պիտի չգտնուի յիշատակի այդ հանդիսութեան:

ՆԱԽԿԻՆ երեսփոխան Սելիմ Աուն յայտնեց, որ բոլորին համաձայն, ներկայ հանգրուանին համար նախագահական ընտրութեան ատակ թեկնածուն Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աունն է:

ԼԻԲԱՆԱՆԻ մէջ Իրանի դեսպան Մոհամետ Ֆաթհալի շեշտեց, որ Թեհրան Լիբանանի ներքին հարցերուն եւ նախագահական ընտրութեան միջամուխ չի դառնար` աւելցնելով, որ շրջանային առումով պէտք է զգուշանալ եւ կանխարգիլել հաւատադրժողական ահաբեկչութեան վտանգները:

 

 

Նախորդը

Լիբանանեան Պասքեթպոլ. Այսօր` Թատամոն – ՀՄԸՄ Անթիլիաս

Յաջորդը

Միքաթի. «Նախագահական Ընտրութեան Հոլովոյթը Երկար Ճամբայ Ունի Կտրելիք»

RelatedPosts

Ռաժժի Եւ Մաքենթի ՖԻՆԻՒԼ-ի Առաքելութեան  Աւարտէն Ետք Հարաւային Լիբանանի Մէջ  Միջազգային Ներկայութեան  Անհրաժեշտութիւնը Շեշտեցին
Լիբանանեան

Ռաժժի Եւ Մաքենթի ՖԻՆԻՒԼ-ի Առաքելութեան Աւարտէն Ետք Հարաւային Լիբանանի Մէջ Միջազգային Ներկայութեան Անհրաժեշտութիւնը Շեշտեցին

October 28, 2026
Ելեկտրականութեան Մատակարարման  Ժամերը Կրճատելէ Զգուշացնելէն Ետք.  Հզօր Հանրապետութիւն Երեսփոխանական  Պլոքը Կոչ Ուղղեց Տահր Պայտարի Պայթուցիկներու  Գործը Արդարադատութեան Խորհուրդ Փոխանցելու
Լիբանանեան

Ելեկտրականութեան Մատակարարման Ժամերը Կրճատելէ Զգուշացնելէն Ետք. Հզօր Հանրապետութիւն Երեսփոխանական Պլոքը Կոչ Ուղղեց Տահր Պայտարի Պայթուցիկներու Գործը Արդարադատութեան Խորհուրդ Փոխանցելու

October 28, 2026
Պասիլ. «Յոյսով Եմ, Որ Հըզպալլան  Երրորդ Անգամ Ըլլալով Պատերազմի  Չի Մասնակցիր, Եւ Անոր Դարձեալ  Կոչ Կ՛ուղղենք` Պատերազմին Չմասնակցելու»
Լիբանանեան

Պասիլ. «Յոյսով Եմ, Որ Հըզպալլան Երրորդ Անգամ Ըլլալով Պատերազմի Չի Մասնակցիր, Եւ Անոր Դարձեալ Կոչ Կ՛ուղղենք` Պատերազմին Չմասնակցելու»

October 28, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.