
Մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը երէկ Պքերքէի մէջ ընդունեց Ժողովրդավարական հանդիպում պլոքի երեսփոխան, նախագահական ընտրութեան թեկնածու Հանրի Հըլուն, որուն հետ քննարկեց երկիրը յուզող իրադարձութիւնները:
Հանդիպումէն ետք Հըլու յոյս յայտնեց, որ անյապաղ նախագահական ընտրութիւն կատարուի:
Ռայի պատրիարքին այցելեց նաեւ Լիբանանի մէջ Աւստրալիոյ դեսպան Կլեն Մայլզը, որուն հետ քննարկուեցան տեղական եւ շրջանային իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ երկկողմանի յարաբերութիւնները: