Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

February 15, 2016
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՀԸԶՊԱԼԼԱՅԻ գործադիր խորհուրդի փոխնախագահ շէյխ Նեպիլ Քաուք շեշտեց, որ Լիբանանի իրաւունքն է պահանջել, որ  Սէուտական Արաբիա կասեցնէ Սուրիոյ հաւատադրժողական ահաբեկիչներուն զինումը:

ՆԱԽԿԻՆ նախարար Զիատ Պարուտ շեշտեց, որ Պքերքէ նախագահական բոլոր թեկնածուներէն եւ մարոնի համայնքի բոլոր զաւակներէն նոյն հեռաւորութեան վրայ կը գտնուի` աւելցնելով, որ Լիբանանի նախագահական ընտրութիւնը բաւական երկարատեւ հոլովոյթ մըն է: Ան նշեց, որ այս հանգրուանին երկրին սահմանադրութեան փոփոխութիւնը դժուար է, սակայն քննարկելի:

ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ եւ բարեկարգում համախմբումի երեսփոխան Նեպիլ Նիքոլա հաստատեց, որ Միացեալ Նահանգներ պատճառ դարձած են Լիբանանը նման հարցերու միջամուխ դարձնելու:

ԼԻԲԱՆԱՆԻ մէջ Ռուսիոյ դեսպան Ալեքսանտր Զասիփքին հաստատեց, որ Միացեալ Նահանգներու եւ Ռուսիոյ միջեւ միակ հասկացողութիւնն ու փոխըմբռնումը Սուրիոյ տագնապին լուծման առումով որդեգրուած ընթացագիծին շուրջ համաձայնութիւնն է:

ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ եւ բարեկարգում համախմբումի անդամ երեսփոխան Ֆարիտ Խազեն շեշտեց, որ համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աունի եւ Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահի միջեւ հաշտութիւնը արտաքին ուժերու հետ ոչ մէկ կապ կամ առնչութիւն ունի:

ՍԷՈՒՏԱԿԱՆ «Օքազ» օրաթերթին համաձայն, լուրջ մտավախութիւններ գոյութիւն ունին Լիբանանի մէջ քաղաքական սպանութիւններուն եւ պայթումներուն վերադարձին առումով:

«ՏԻԱՐ» օրաթերթին համաձայն, Մուսթաքպալի եւ Հըզպալլայի միջեւ երկխօսութիւնը ազգային կարիք է եւ անհրաժեշտութիւն` ամրապնդելու համար Լիբանանը:

«ԱԽՊԱՐ» օրաթերթը` իր տեղեկութիւնները քաղելով Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան աղբիւրներէն, կը հաստատէ, որ Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աուն կը կեդրոնանայ Մուսթաքպալ հոսանքին հետ գործակցութեան կամուրջներ նետելու քաղաքականութեան վրայ:

«ԺՈՒՄՀՈՒՐԻԱ» օրաթերթին համաձայն, մշակոյթի նախարար Ռեմոն Արայժի մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքին յայտնած է, թէ Մարատա հոսանքի ղեկավար, երեսփոխան Սլէյման Ֆրենժիէ կը շարունակէ մնալ նախագահական ընտրութեան թեկնածու:

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Ահմետ Ֆաթֆաթ շեշտեց, որ նախագահական ընտրութիւն կատարելու կարելիութիւնները տակաւին Հըզպալլայի եւ Իրանի հակակշիռին տակ կը գտնուին:

 

 

Նախորդը

Քրտական Կուսակցութիւնը Կը Մերժէ Թրքական Պահանջները Եւ Կը Զգուշացնէ Անգարան. Թուրքիա 2-րդ Օրն Ըլլալով Շարունակեց Ռմբակոծել Ազեզի Մէջ Քրտական Ուժերու Դիրքերը

Յաջորդը

«Երեսփոխանական Այն Պլոքները, Որոնք Կ՛արգելակեն Նախագահական Ընտրութեան Հոլովոյթը, Կը Քանդեն Պետութիւնը» Շեշտեց Ռայի Պատրիարքը

RelatedPosts

Սալամ. «Մեր Եղբայրներէն Ու Միջազգային  Գործընկերներէն Չենք Խնդրեր, Որ Մեր Գործը  Մեր Տեղ Ընեն, Այլ Մեզի Օգնեն»
Գլխաւոր լուրեր

Սալամ. «Ընտրութիւնները Յետաձգելու Կարող Միակ Կողմը Խորհրդարանն Է, Եւ Հըզպալլային Կոչ Կ՛ուղղեմ Երկիրը Նոր Արկածախնդրութեան Չտանելու»

February 25, 2026
Ռաժժի. «Գոյութիւն Ունին Ցուցանիշեր, Թէ Մագլցումի  Պարագային Իսրայէլ Կրնայ Ուժեղ  Հարուածներ Հասցնել Լիբանանին  Եւ Կրնայ Պէյրութի Օդակայանը Թիրախաւորել»
Լիբանանեան

Ռաժժի. «Գոյութիւն Ունին Ցուցանիշեր, Թէ Մագլցումի Պարագային Իսրայէլ Կրնայ Ուժեղ Հարուածներ Հասցնել Լիբանանին Եւ Կրնայ Պէյրութի Օդակայանը Թիրախաւորել»

February 25, 2026
Ֆատլալլա. «Խորհրդարանի Նստաշրջանի  Երկարաձգում Պարտադրելու Արտաքին  Միջամտութիւն Գոյութիւն Ունի»
Լիբանանեան

Ֆատլալլա. «Խորհրդարանի Նստաշրջանի Երկարաձգում Պարտադրելու Արտաքին Միջամտութիւն Գոյութիւն Ունի»

February 25, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.