Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Մուքպել, Ապու Սաապ, Քանաան Եւ Ռիաշի Ռայի Պատրիարքին Հետ Քննարկեցին Լիբանանեան Իրադարձութիւնները

February 13, 2016
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter
Քանաան, Ռայի պատրիարքը եւ Ռիաշի
Քանաան, Ռայի պատրիարքը եւ Ռիաշի

Մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը երէկ առաւօտեան Պքերքէի մէջ ընդունեց Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի ընդհանուր քարտուղար, երեսփոխան Իպրապիմ Քանաանը եւ Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան տեղեկատուական եւ յարաբերական հարցերու պատասխանատու Մըլհեմ Ռիաշին:

Հանդիպումէն ետք Քանաան յայտնեց, որ Ռայի պատրիարքին հետ հանդիպումին ընթացքին շեշտած են լիբանանցիներու կարծիքին եւ կամքին վստահելու անհրաժեշտութիւնը, ինչպէս նաեւ ժողովրդավարութեամբ գործելու կարեւորութիւնը:

Քանաան յայտնեց, որ Ազգային ազատ հոսանք եւ Լիբանանեան ուժեր կուսակցութիւններուն միջեւ փոխըմբռնումը պիտի շարունակէ իր ընթացքը:

Ան հաստատեց, որ Ռայի պատրիարքին հետ իրենց հանդիպումը եղած է դրական` յոյս յայտնելով, որ Լիբանանի հիմնական հարցին լուծման իմաստով իրենք դիմեն  նաեւ վերջին քայլի մը:

Ապա Ռայի պատրիարքը ընդունեց փոխվարչապետ, պաշտպանութեան նախարար Սամիր Մուքպելը, որ յայտնեց, թէ Լիբանանի մէջ քաղաքական լարուածութիւնը տիրական է` նկատի ունենալով, որ իւրաքանչիւր կողմ կը գործէ իր շահերուն համար:

Մուքպել շեշտեց, որ ինք Ռայի պատրիարքին փոխանցած է բանակին պարզած իրավիճակը` ընդգծելով, որ անոր կացութիւնը բաւական լաւ է, եւ անիկա կազմ ու պատրաստ կը հսկէ երկրին սահմաններուն:

Մուքպել դիտել տուաւ, որ լիբանանեան պետութիւնը չի կրնար առանց նախագահի գոյատեւել:

Պքերքէի այցելուներէն եղաւ նաեւ կրթութեան եւ բարձրագոյն ուսման նախարար Էլիաս Ապու Սաապ, որ հանդիպումէն ետք յայտնեց, թէ Ռայի պատրիարքին հետ քննարկած է նախագահական թափուր աթոռին վերաբերող զարգացումները:

Ապու Սաապ ընդգծեց հանրապետութեան հզօր նախագահ մը ընտրելու անհրաժեշտութիւնը:

Ան նշեց, որ ելեւմուտքի եւ կրթութեան նախարարութիւններուն միջեւ ծագած բանավէճը հետեւանք է անոնց միջեւ գոյութիւն ունեցող տարակարծութիւններուն` աւելցնելով, որ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի հետ ոչ մէկ հարց կայ այդ իմաստով:

Ապու Սաապ մաղթեց, որ նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրիի կողմէ 14 փետրուարին արտասանուելիք խօսքը ըլլայ լիբանանցիները համախմբող խօսք մը:

Յետմիջօրէին Ռայի պատրիարքը ընդունեց նաեւ մշակոյթի նախարար Ռոնի Արայժին եւ ֆրանսական խորհրդարանի պաշտպանութեան յանձնախումբի ընդհանուր քարտուղար, երեսփոխան Կուինտալ Ռոյարը:

 

Նախորդը

Վարչապետ Սալամ Մասնակցեցաւ Միւնիխի Մէջ Գումարուող Ապահովական Խորհրդաժողովին

Յաջորդը

Լիբանան Կը Մնայ Տեղքայլի Եւ Սպասողական Վիճակի Մէջ

RelatedPosts

Աուն. «Լիբանան Չի Կրնար Առանց Իր Քրիստոնեայ  Եւ Իսլամ Թեւերուն Ապրիլ, Եւ Անոր Մէջ  Քրիստոնեաներու Ներկայութեան Վտանգ Չկայ»
Գլխաւոր լուրեր

Աուն. «Լիբանան Չի Կրնար Առանց Իր Քրիստոնեայ Եւ Իսլամ Թեւերուն Ապրիլ, Եւ Անոր Մէջ Քրիստոնեաներու Ներկայութեան Վտանգ Չկայ»

October 29, 2026
Թրքական Ներկայութիւնը Ընդլայնելու  Ջանքերու Ծիրին Մէջ.  Էրտողանի Որդին Նոյեմբերին  Լիբանան Պիտի Այցելէ
Լիբանանեան

Թրքական Ներկայութիւնը Ընդլայնելու Ջանքերու Ծիրին Մէջ. Էրտողանի Որդին Նոյեմբերին Լիբանան Պիտի Այցելէ

October 29, 2026
Քասեմ. «Դիմադրութեան Զէնքի Յանձնման  Վերաբերեալ Քննարկումը Անտեղի Է»
Լիբանանեան

Քասեմ. «Դիմադրութեան Զէնքի Յանձնման Վերաբերեալ Քննարկումը Անտեղի Է»

October 29, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.