Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Կառավարութիւնը 50 Միլիոն Տոլարի Գումար Մը Յատկացուց Աղբերը Երկրէն Դուրս Հանելու Նպատակով

February 12, 2016
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

mc_021116

Կառավարութիւնը երէկ առաւօտեան ժամը 10:30-ին գումարեց իր նիստը` նախագահութեամբ վարչապետ Թամմամ Սալամի:

Նիստէն ետք տեղեկատուութեան նախարար Ռամզի Ժրէյժ յայտնեց, որ վարչապետ Սալամ ցաւ յայտնեց նախանցեալ օրուան նիստին ընթացքին կատարուած խորհրդակցութիւնները հանրութեան սպրդեցնելու իրականութեան համար եւ յոյս յայտնեց, որ յայտարարութիւն կատարել փափաքող իւրաքանչիւր նախարար իր խօսքը ըսէ վարչապետարանէն` կառավարութեան տուած որոշումներուն պաշտօնական փոխանցումէն ետք:

Ժրէյժ յայտնեց, որ կառավարութիւնը քննարկած է աղբերը երկրէն դուրս հանելու թղթածրարը, որուն լոյսին տակ ի յայտ եկած է, թէ Բարգաւաճման եւ վերաշինութեան խորհուրդին պէտք է գումար մը յատկացուի` աղբերը դուրս հանելու համաձայնագիրը ստորագրելու համար:

Ան նշեց, որ նախարարաց խորհուրդը համաձայն գտնուեցաւ այդ գումարը` 50 միլիոն տոլար, յատկացնելու Բարգաւաճման եւ վերաշինութեան խորհուրդին, որպէսզի վերջինս անմիջապէս անցնի աղբերը երկրէն դուրս ղրկելու հոլովոյթին գործադրութեան:

Ժրէյժ աւելցուց նաեւ, որ կառավարութիւնը «Օժերօ»-ի խորհուրդին 138 միլիառ լ. ոսկիի յատկացում մը տրամադրեց, որպէսզի կարելի ըլլայ պաշտօնեաներուն ամսաթոշակները վճարել, ինչպէս նաեւ համաձայն գտնուեցաւ` պետական դպրոցներուն մէջ պայմանագրութեամբ գործող ուսուցիչներուն նիւթական իրաւունքները տրամադրել:

Ժրէյժ յայտնեց, որ կառավարութիւնը իր յաջորդ նիստը պիտի գումարէ հինգշաբթի, 18 փետրուար 2016-ին, առաւօտեան ժամը 10:30-ին:

Աւելի ուշ Բարգաւաճման եւ վերաշինութեան խորհուրդի նախագահ Նեպիլ Ժսըր յայտնեց, որ աղբերը երկրէն դուրս ղրկելու համաձայնագիրը 48 ժամէն պիտի ստորագրուի` բացայայտելով, որ աղբերը Ռուսիա պիտի ղրկուին:

Ժսըր յայտնեց, որ կառավարութեան յատկացուցած 50 միլիոն տոլարը 6 ամիս աղբերը դուրս ղրկելու առաջին մասնավճար կը նկատուի:

Պէտք է աւելցնել, որ վարչապետ Սալամ նիստէն անմիջապէս ետք մեկնեցաւ Միւնիխ, ուր պիտի մասնակցի Սուրիոյ կացութեան վերաբերող ապահովական խորհրդաժողովի մը:

Աշրաֆ Ռիֆի Կը Լքէ Նիստը

Նշենք, որ արդարութեան նախարար Աշրաֆ Ռիֆի բողոքելով կառավարութեան կողմէ նախկին նախարար Միշել Սմահայի թղթածրարը Արդարութեան խորհուրդ չփոխանցելու իրականութեան, նախարարաց խորհուրդի նիստը լքեց:

Վարչապետարանէն կատարած իր յայտարարութեան մէջ Ռիֆի շեշտեց, որ իրենք ունին արդարութիւն բանեցնելու քանի մը տարբերակ, որոնցմով պիտի զարմացնեն լիբանանցիները:

Ան աւելցուց, որ ինք կառավարութեան յաջորդ նիստերուն պիտի չմասնակցի, եթէ կառավարութիւնը Սմահայի թղթածրարը նկատի չունենայ` իր օրակարգին իբրեւ առաջին կէտը:

Ռիֆիի այս քայլին անդրադառնալով` նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրի շեշտեց, որ Ռիֆիի կեցուածքը զինք չի ներկայացներ` աւելցնելով, որ ոճրագործները իրենց պատիժը պիտի ստանան:

 

Նախորդը

Պքերքէի Մէջ . «Կը Յուսանք Անյապաղ Նախագահական Ընտրութիւն Կատարել» Շեշտեց Հըլու

Յաջորդը

Անցեալ Տարի Հայաստանէն Մեկնողներու Թիւը Գերազանցած Է Երկիր Մուտք Գործողներուն Թիւը

RelatedPosts

Կառավարութեան Գործունէութեան  Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը  Այսօր Եւս Կը Շարունակուի
Գլխաւոր լուրեր

Կառավարութեան Գործունէութեան Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը Այսօր Եւս Կը Շարունակուի

September 16, 2026
Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ  Ճափոնի Դեսպանին
Գլխաւոր լուրեր

Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ Ճափոնի Դեսպանին

September 16, 2026
Նախագահ Աուն. «Միջազգային Ընտանիքը  Հրաւիրուած Է Միջամտելու` Արգիլելու  Համար Իսրայէլի Բռնարարքները»
Գլխաւոր լուրեր

Ընդհանուր Դատախազութիւնը Պէյրութի Նաւահանգիստի Պայթումին Հարցով Պահանջեց Ամբաստանել Նախկին Նախագահ Միշէլ Աունը

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.