
Երկրագործութեան նախարար Աքրամ Շեհայէպ յայտնեց, որ Պեքաայի մէջ «Ոսկեայ բոյս» կոչուող հաշիշը, որուն ցանքը ապօրինի է եւ արգիլուած, պիտի փորձեն վերածել օրինական ցանքի եւ ստեղծել լիբանանցիներուն համար օգտակար ճարտարարուեստ մը, որ պիտի արտածուի եւ դարմանումի ու բուժման նպատակներով օգտագործուի:
Շեհայէպ յայտնեց, որ հաշիշի ցանքը օրինական եւ կանոնակարգուած դարձնելէ ետք այդ ցանքով զբաղելու պատճառով հրապարակուած բերման բոլոր գիրերը չեղեալ պիտի նկատուին:
Շեհայէպ յայտնեց, որ ինք առողջապահութեան նախարար Ուաէլ Ապու Ֆաուրի հետ քաղաքական բոլոր ուժերուն պիտի այցելէ` քննարկելու համար հաշիշի ցանքը օրինականացնելու կարելիութիւնները: