
Լիբանանեան բանակի գաղտնի սպասարկութիւնը Հերմելի կողմէ Լիբանան-Սուրիա սահմանամերձ շրջանին մէջ գտնուող Հաուշ Սէյիտ Ալիի բոլոր անցքերը փակեց, ինչպէս նաեւ այդ շրջանին մէջ գտնուող երկաթեայ բոլոր կամուրջները կազմաքանդեց` վերջ տալու համար դէպի Լիբանան սուրիացիներուն ապօրինի մուտքին:
Նշենք, որ բանակը երէկ Սաատնայէլ – Զահլէ շրջանին մէջ կատարեց ներխուժում մը, որուն ընթացքին ձերբակալեց 12 սուրիացիներ, որոնք ապօրինաբար մուտք գործած էին լիբանանեան հողեր:
Միւս կողմէ, ապահովական աղբիւրներ հաստատեցին, որ լիբանանեան ապահովական կառոյցներուն միջեւ գործակցութեան շնորհիւ է, որ կարելի կը դառնայ երկիրը պաշտպանել ահաբեկչական վտանգէն:


