ՀԸԶՊԱԼԼԱՅԻ ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլա երեքշաբթի, 16 փետրուար 2016-ին խօսք մը պիտի արտասանէ նահատակ ղեկավարներու` սէյիտ Ապպաս Մուսաուիի, շէյխ Ռաղեպ Հարպի եւ Իմատ Մուղնիէի նուիրուած յիշատակի ոգեկոչումին առիթով:
ՆԱԽԿԻՆ վարչապետ Սաատ Հարիրի, կիրակի, 14 փետրուար 2016-ին պիտի արտասանէ խօսք մը, որուն մէջ պիտի անդրադառնայ նախագահական ընտրութիւն կատարելու կարեւորութեան:
«ՏԻԱՐ» օրաթերթին համաձայն, կը նախատեսուի, որ Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահ բացակայի այս տարուան 14 փետրուարի յիշատակի ձեռնարկէն: Նոյն օրաթերթը հաւանական կը նկատէ այդ ձեռնարկին Մարատա հոսանքի ղեկավար, երեսփոխան Սլէյման Ֆրենժիէի ներկայութիւնը:
«ԺՈՒՄՀՈՒՐԻԱ» օրաթերթին համաձայն, մշակոյթի նախարար Ռոնի Արայժի նախանցեալ երեկոյեան հանդիպում մը ունեցած է նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրիի խորհրդական Նատեր Հարիրիի եւ նախկին նախարար Ղաթթաս Խուրիի հետ:
ՆԱԽԿԻՆ նախարար Ֆայսալ Քարամէ յոյս յայտնեց, որ քաղաքապետական ընտրութիւնները ճշդուած թուականին կատարուին:
ԸՆԿԵՐՎԱՐ յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթ նախանցեալ երեկոյեան Փարիզէն վերադարձաւ Պէյրութ:
ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Սամիր Ժսըր հաստատեց, որ Հըզպալլայի հետ իրենց երկխօսութեան ընթացքին պիտի քննարկուին բոլոր այն հարցերը, որոնք քննարկումի կարիք ունին:
ՆԱԽԿԻՆ նախարար Շարպել Նահհաս շեշտեց, որ եթէ հրապարակային եւ ընդհանուր հաշուետուութիւն չըլլայ, գողութիւն պիտի կատարուի:
ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարգաւաճում երեսփոխանական պլոքի անդամ Միշել Մուսա յայտնեց, որ բոլոր կողմերը կը մերժեն պենզինի թիթեղի սակին վրայ պարտադրուելիք տուրքը` աւելցնելով, որ պետական պիւտճէի վաւերացումը հարցերու լուծման մուտքն է:
ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Ահմետ Ֆաթֆաթ շեշտեց, որ նախկին վարչապետ Ռաֆիք Հարիրիի սպանութեան նպատակն էր Իրաքի եւ Սուրիոյ մէջ այսօրուան իրադարձութիւններուն պատրաստութիւնը:
ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի փոխնախագահ, երեսփոխան Անթուան Անտրաուոս շեշտեց, որ Իրան ամէն ջանք ի գործ դրած է սպաննելու նախկին վարչապետ Ռաֆիք Հարիրին, որպէսզի ան տիրէ Լիբանանին:
«ՏԻԱՐ» օրաթերթին համաձայն, Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աունն ու Մարատա հոսանքի ղեկավար, երեսփոխան Սլէյման Ֆրենժիէն Պքերքէի կամ այլ վայրի մէջ համախմբելու փորձեր կատարուած են:
«ԺՈՒՄՀՈՒՐԻԱ» օրաթերթին համաձայն, Մոսկուայի մօտիկ աղբիւրներ Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աունին փոխանցած են, թէ երկրին եւ շրջանային կացութիւնը արժեւորելու իմաստով Հըզպալլայի հաշիւներն ու մեկնաբանութիւնները ճիշդ են:
ԸՆԿԵՐՎԱՐ յառաջդիմական կուսակցութեան տեղեկատուական հարցերու պատասխանատու Ռամի Ռայէս շեշտեց, որ Լիբանանի նախագահական ընտրութիւնը կատարելու առումով շրջանային ազդանշանը տակաւին չէ տրուած:
ԼԻԲԱՆԱՆԻ մէջ Ռուսիոյ դեսպան Ալեքսանտր Զասիփքին հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտնեց, որ շրջանային պատերազմ պիտի չբռնկի` աւելցնելով, որ սուրիական ընդդիմութիւնը չի փափաքիր Սուրիոյ տագնապին լուծում մը գտնել:


