
Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ Այն Թինէի մէջ նախագահեց չորեքշաբթի օրուան երեսփոխանական հանդիպումին, որուն ընթացքին ընդգծեց ապօրինի համացանցի թղթածրարը քննարկելու կարեւորութիւնը: Ան նշեց, որ ատիկա կը նկատուի վտանգաւոր յարձակում մը, որուն գծով անկարելի է լուռ մնալ: «Այդ թղթածրարը պէտք է հետապնդել` նկատի ունենալով անոր սպառնացած վտանգը երկրին ապահովութեան իմաստով, ինչպէս նաեւ արձանագրուած գողութիւնը` պետական պիւտճէի մակարդակով», ըսաւ ան:
Անդրադառնալով ահաբեկչութեան` Պըրրի յայտնեց, որ ինք անոր վտանգներուն մասին մնայուն կերպով զգուշացուցած է` աւելցնելով, որ ահաբեկչութիւնը սկսած է սպառնալ ամբողջ աշխարհին եւ նկատել տալով, որ Լիբանան համեմատաբար ամէնէն ապահովն է ոչ միայն շրջանին մէջ, այլեւ` Եւրոպայի հետ բաղդատած:
Ընտրական օրէնքին մասին հարցումի մը պատասխանելով` Պըրրի յայտնեց, որ ընտրական օրէնքի մշակման յատուկ երեսփոխանական յանձնախումբին տեղեկագիրը ստացած է եւ զայն պիտի ներկայացնէ Ազգային երկխօսութեան նիստին` աւելցնելով, որ անոր ներկայացման լոյսին տակ իւրաքանչիւր քաղաքական ուժ պիտի ստանձնէ իր պատասխանատուութիւնը:
Պըրրի շեշտեց նաեւ խորհրդարանին աշխատանքները աշխուժացնելու անհրաժեշտութիւնը` ընդգծելով, որ այդ հարցը եւս քննարկումի առարկայ պիտի դառնայ Ազգային երկխօսութեան նիստին ընթացքին:


