Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«ՄԱԿ Բարձր Կը Գնահատէ Լիբանանի Դերակատարութիւնը Գաղթականներուն Նկատմամբ Եւ Կը Զօրակցի Լիբանանին, Անոր Բանակին Եւ Ապահովական Կայունութեան» Շեշտեց Քի Մուն

Մարտ 26, 2016
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

ban_tripoli_32516

ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Պան Քի Մուն երէկ շարունակեց Լիբանան կատարած իր պաշտօնական այցելութիւնը, որուն շրջագիծին մէջ այցելեց Թրիփոլի:

Քի Մուն Թրիփոլիի Քըպպէ շրջանին մէջ պաշտօնական բացումը կատարեց  ընկերային կեդրոնի մը, ներկայութեամբ` ընկերային հարցերու նախարար Ռաշիտ Տըրպասի, հիւսիսային Լիբանանի նահանգապետ Ռամզի Նոհրայի, Լիբանանի մէջ Քի Մունի ներկայացուցիչ Սիկրիտ Քաակի, Միջազգային դրամատան կառավարիչ Ճիմ Եոնկ Քիմի, Իսլամական բարգաւաճման դրամատան կառավարիչ Ահմետ Մոհամետ Ալի Մատանիի, ՄԱԿ-ի մէջ Լիբանանի մնայուն ներկայացուցիչ Նաուաֆ Սալամի, Թրիփոլիի քաղաքապետ Ամեր Ռաֆիհիի եւ շարք մը այլ պատասխանատուներու:

Այս առիթով իր արտասանած խօսքին մէջ Քի Մուն ըսաւ. «Այսօրուան վկայածներս ուղղակի շշմեցուցած են զիս: Մենք հոս կը գտնուինք զօրակցելու շրջանի ժողովուրդներուն եւ անոնց ընկերային վիճակի բարելաւումին, եւ այդ բոլորը իրականացնելու համար մենք կարիքը ունինք լիբանանեան պետութեան օժանդակութեան»:

Քի Մուն նշեց, որ ՄԱԿ կը գործէ Լիբանանի կառավարութեան հետ` օժանդակելու համար լիբանանեան ընկերութեան: Ան աւելցուց, որ ընկերային ծառայութիւններու յատուկ հաստատութիւններուն աշխատանքը իր կարգին կարեւոր է` նկատի ունենալով, որ անոնք կ՛օժանդակեն իրաւազրկումի պարագաներու:

«Շատ հանգիստ եւ գոհունակ կը զգամ այս կեդրոնը այցելելուս համար, որովհետեւ հոս վկայեցի, թէ հոգեկան, նիւթական, բժշկական, ընկերային ու կրթական օժանդակութեան եւ նպաստի հսկայ աշխատանք կը տարուի, եւ այդ բոլորը մաս կը կազմեն ՄԱԿ-ի եւ անոր հաստատութիւններուն հետապնդած նպատակներուն», ըսաւ ան:

Քի Մուն յայտնեց նաեւ, որ ասիկա Թրիփոլի կատարած իր առաջին այցելութիւնն է` մաղթելով, որ այդ շրջանը բարգաւաճի եւ ապահովական առումով մնայ կայուն:

Իր կարգին, Միջազգային դրամատան կառավարիչ Ճիմ Եոնկ Քիմ յայտնեց, որ իրենք 25 միլիոն տոլար տրամադրած են Թրիփոլիի ընկերային կեանքի բարգաւաճման ծրագիրներ հովանաւորելու նպատակին:

Ան շեշտեց նաեւ, որ իրենք պատրաստ են ոչ միայն դպրոցներ եւ հիւանդանոցներ կառուցելու, այլեւ` ստեղծելու տնտեսական աշխուժ շրջան մը:

Միւս կողմէ, Իսլամական բարգաւաճման դրամատան կառավարիչ Ահմետ Մոհամետ Ալի Մատանի յայտնեց, որ յառաջիկայ շաբաթներուն ընթացքին իրենց կողմէ պատուիրակութիւն մը պիտի այցելէ Լիբանան, ուր հանդիպումներ պիտի ունենայ պատասխանատուներուն հետ` քննարկելու համար երկրին կարիքները եւ ըստ այնմ օժանդակելու:

Ընկերային կեդրոնի բացման արարողութենէն ետք Քի Մուն եւ անոր ընկերակցող պատուիրակութիւնը այցելեցին նաեւ Թանաք փողոցը:

Ապահովական խիստ միջոցառումներու ներքեւ Քի Մուն այցելեց պաղեստինեան Նահր Պարետ գաղթակայանը, ուր ստուգեց շինարարական ծրագիրները:

Նահր Պարետի մէջ Քի Մուն դիմաւորուեցաւ Լիբանանի մէջ Պաղեստինեան իշխանութեան դեսպան Աշրաֆ Տապպուրի կողմէ, որ ողջունեց ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարին այցելութիւնը եւ անոր յանձնեց Պաղեստինեան իշխանութիւններուն կողմէ նամակ մը եւ Պաղեստինի անունով յուշանուէր մը:

Քի Մուն ստանձնեց նաեւ պահանջագիր մը` Նահր Պարետի կառուցման աշխատանքներուն հետեւող յանձնախումբին կողմէ:

Պահանջագիրին մէջ ընդգծուած էր միջազգային ընտանիքին անունով կատարուած խոստումներուն անյապաղ գործադրութիւնը` Նահր Պարետի վերակառուցման առումով:

Ռայի Պատրիարքին Հետ Հանդիպում

rayi_Ki_moon_32516

Մարոնի համայնքի Պէյրութի առաջնորդարանին մէջ Քի Մուն հանդիպում մը ունեցաւ մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքին հետ:

Կէս ժամ տեւած հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան լիբանանեան եւ շրջանային իրադարձութիւնները, շրջանին դիմագրաւած տագնապները լուծելու իմաստով միջազգային ընտանիքին ունեցած դերակատարութիւնը, Լիբանանի մէջ նախագահական ընտրութիւն կատարելու անհրաժեշտութիւնը, ինչպէս նաեւ ահաբեկչութիւնը արմատախիլ դարձնելու, կրօններուն միջեւ երկխօսութիւն կատարելու եւ չափաւորականութիւնը ամրապնդելու կարեւորութիւնը:

Հանդիպումին ներկայ գտնուեցան մարոնի համայնքի Պէյրութի առաջնորդ Պուլոս Մաթար եպիսկոպոսը, պատրիարքական ընդհանուր փոխանորդ Պուլոս Սայեահ եպիսկոպոս եւ Սիկրիտ Քաակ:

Հանդիպումին ընթացքին Ռայի պատրիարքը Քի Մունին յանձնեց տեղեկագիր մը, որուն մէջ մանրամասնօրէն ներկայացուեցան Լիբանանի եւ Միջին Արեւելքի դիմագրաւած տագնապները եւ զանոնք լուծելու առաջարկները:

Ռայաքի Մէջ

Ռայի պատրիարքին հետ իր ունեցած հանդիպումէն ետք Քի Մուն ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային խաղաղապահ ուժերու յատուկ ուղղաթիռով մը հասաւ Ռայաքի զինուորական խարիսխ, ուրկէ հսկայ շքախումբով եւ ապահովական արտակարգ միջոցառումներու ներքեւ ուղղուեցաւ Տըլհամիէի սուրիական գաղթակայանը:

Քի Մուն Տըլհամիէի մէջ հանդիպումներ ունեցաւ սուրիացի գաղթականներուն հետ եւ լսեց անոնց պահանջները:

Այցելութեան աւարտին Քի Մուն յոյս յայտնեց, որ ՄԱԿ-ի ջանքերը դրական արդիւնքներ կ՛ունենան, յատկապէս Սուրիոյ մէջ զինադուլի հաստատման իմաստով:

Քի Մուն շեշտեց, որ ՄԱԿ ճիգ չի խնայեր շրջանին մէջ սուրիացի եւ պաղեստինցի գաղթականներուն օժանդակելու իմաստով` ընդգծելով, որ Սուրիոյ տագնապի լուծման միակ միջոցը քաղաքացիական անվտանգութիւնն է:

Եզրափակիչ Մամլոյ Ասուլիս

CP-Ban-ki-moon_32516

Երեկոյեան ժամը 6:00-ին, Քի Մուն եւ անոր ընկերակցող պատուիրակութեան անդամները «Ֆենիսիա» պանդոկին մէջ տրուած եզրափակիչ մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին հաստատեցին իրենց յանձնառութիւնը` Լիբանանի ապահովական կայունութեան եւ խաղաղութեան նկատմամբ:

Քի Մուն անդրադարձաւ իշխանութեան երկու պետերուն, պաշտպանութեան նախարարին եւ Ռայի պատրիարքին հետ իր ունեցած հանդիպումներուն` շեշտելով, որ անոնք ոչ մէկ ճիգ կը խնայեն ե՛ւ լիբանանցիին, ե՛ւ սուրիացի գաղթականներուն կարիքները հոգալու իմաստով:

Քի Մուն նշեց, որ պաղեստինեան եւ սուրիական գաղթակայանները կատարած իր այցելութիւնները իրեն համար ազդեցիկ եղած են: «ՄԱԿ պատրաստ է Լիբանանին նեցուկ կանգնելու` պահպանելու համար անոր կայունութիւնը, քաղաքացիական անվտանգութիւնը, ինչպէս նաեւ անոր տրամադրելու մարդասիրական հսկայ օժանդակութիւններ` շարունակելու համար գաղթականներուն հոգատարութեան առումով իր սկսած առաքելութիւնը»:

Քի Մուն վերահաստատեց Լիբանանի նկատմամբ ՄԱԿ-ի զօրակցութիւնը, բարձր գնահատեց միլիոնաւոր սուրիացի գաղթականներու եւ հարիւր հազարաւոր պաղեստինցի գաղթականներու նկատմամբ անոր առատաձեռնութիւնը` շեշտելով, որ միջազգային ընտանիքը պարտականութիւն կը զգայ մարդասիրական օժանդակութիւններու առումով Լիբանանին տրուած իր խոստումները կատարելու:

Քի Մուն յայտնեց, որ Լիբանանի քաղաքական ուժերուն պետերը պէտք է գործակցին վարչապետ Թամմամ Սալամի հետ: Ան ընդգծեց նաեւ նախագահական ընտրութիւն կատարելու անհրաժեշտութիւնը, որպէսզի լիբանանեան ազգային միասնականութիւնն ու Լիբանանի դիմադրողականութիւնը խոցելի չդառնան:

Քի Մուն շեշտեց նաեւ, որ ՄԱԿ պիտի շարունակէ զօրակցիլ եւ օժանդակել լիբանանեան բանակին:

ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարը անդրադարձաւ 2006-էն ի վեր Ապահովութեան խորհուրդի թիւ 1701 բանաձեւին լոյսին տակ հարաւային Լիբանանի վայելած խաղաղ ժամանակաշրջանին, որ համեմատաբար երկարատեւ եղած է` նշելով նաեւ, որ այդ իրականութիւնը կը պարտին ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային խաղաղապահ ուժերուն, ինչպէս նաեւ անոնց հետ գործակցող լիբանանեան բանակին:

Քի Մուն յոյս յայտնեց, որ ՄԱԿ պիտի կարենայ շրջանային տագնապներուն, յատկապէս Սուրիոյ տագնապին լուծումներ գտնել` հասնելով Միջին Արեւելքի մէջ արդար, մնայուն եւ ամբողջական խաղաղութեան հաստատումին:

ՆՇԵՆՔ, որ նախանցեալ գիշեր վարչապետարանին մէջ ի պատիւ Քի Մունի սարքուած ընթրիքին ընթացքին, ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարը դրուատեց խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի դերակատարութիւնը` ազգային երկխօսութիւնը հովանաւորելու եւ նախագահական ընտրութիւն կատարելու նպատակով անոր ի գործ դրած ճիգերուն առումով:

Քի Մուն ընդգծեց, որ Լիբանանի համար նախագահական ընտրութիւնը առաջնահերթութիւն է:

Իր կարգին, վարչապետ Սալամ վերահաստատեց, որ Լիբանան կը մերժէ իր երկրին մէջ պաղեստինցի գաղթականներուն բնակեցումը եւ կոչ ուղղեց միջազգային ընտանիքին ֆինանսաւորելու ՈՒՆԵՐՈՒԱ-ի աշխատանքները եւ պաղեստինեան հարցին արդար եւ ամբողջական լուծում գտնելու` համաձայն միջազգային բանաձեւերուն եւ որոշումներուն:

Սալամ նշեց, որ միջազգային ընտանիքը լքած է պաղեստինցի գաղթականները` աւելցնելով, որ ինչ կացութեան մէջ ալ ըլլայ, Լիբանան պիտի մնայ ժողովրդավարութեան եւ ազգային համերաշխութեան իտէալ վայրը, ինչպէս նաեւ Միջին Արեւելքի փարոսը:

 

 

 

Նախորդը

Տը Միսթուրա Ամփոփեց Միջսուրիական Բանակցութիւններու` Վերջ Գտած Ներկայ Փուլին Արդիւնքները

Յաջորդը

Ռուստամեան. «Շատ Դիւրին Է Մերժել Ընդդիմութեան Համամասնական Ցուցակին Վերաբերեալ Առաջարկը»

RelatedPosts

Կառավարութեան Նիստ` Պաապտայի Պալատին Մէջ
Լիբանանեան

Կառավարութեան Նիստ` Պաապտայի Պալատին Մէջ

Յուլիս 12, 2025
Ըստ «Թելեւիզիոն Սուրիա»-ի Աղբիւրներուն.  Շարհ Կը Սպառնայ Պէյրութի Դէմ Դիւանագիտական Եւ Տնտեսական Մագլցումի Դիմել
Լիբանանեան

Ըստ «Թելեւիզիոն Սուրիա»-ի Աղբիւրներուն. Շարհ Կը Սպառնայ Պէյրութի Դէմ Դիւանագիտական Եւ Տնտեսական Մագլցումի Դիմել

Յուլիս 12, 2025
Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
Լիբանանեան

«Նախագահ Աունի Նկատմամբ Մեծ Վստահութիւն Կայ, Եւ Անոր Ընտրանքները Լիբանանի Համար Լաւագոյնն Են» Կ՛ըսէ Արեւմուտքցի Դիւանագիտական Պաշտօնատար Մը

Յուլիս 12, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?