
Անցնող 8 ամիսներու ընթացքին, Պուրճ Համուտի ծովեզերեայ շրջանին մէջ կուտակուած 30 հազար թոն աղբերու փոխադրութիւնը դէպի Նաամէի աղբանոց արդէն ընթացք առած է եւ աշխատանքները պիտի շարունակուին յաջորդող օրերուն:
Պուրճ Համուտի քաղաքապետութիւնը փոխանցեց, թէ Պուրճ Համուտի եւ շրջակայքին մէջ տարածուած հոտը կուտակուած աղբերու փոխադրութեան պատճառով է, որ պիտի յամենայ մինչեւ աղբերու փոխադրութեան աւարտը:


