Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Նախագահական Ընտրութեան Յաջորդ Նիստը` 18 Ապրիլին

Մարտ 24, 2016
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

khorhertaran_32316

Խորհրդարանը երէկ կէսօրին գումարեց նախագահական ընտրութեան նիստը, որ 37-րդ անգամ ըլլալով ենթարկուեցաւ նոյն ճակատագիրին` օրինաթիւի չգոյութեան պատճառով:

Նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրի, որ ամէն ճիգ ի գործ կը դնէ կարելի եղածին չափ մեծ թիւով երեսփոխաններու ներկայութիւնը ապահովելու նախագահական ընտրութեան նիստին,  նախանցեալ երեկոյեան աւարտեց Ռիատ ու Փարիզ կատարած իր անձնական այցելութիւնները եւ վերադարձաւ Պէյրութ:

Հարիրի եղաւ նախագահական ընտրութեան նիստին նպատակով խորհրդարան ուղղուող առաջին երեսփոխաններէն, սակայն ան յուսալքուած դուրս եկաւ խորհրդարանէն, երբ ներկաներուն թիւը հասաւ միայն 62-ի, որոնց շարքին նաեւ վարչապետ Թամմամ Սալամ:

Բնականաբար, ինչպէս ամէն նիստի պարագային, խորհրդարանի նախագահին որոշումով նախագահական ընտրութեան 38-րդ նիստին համար թուական ճշդուեցաւ երկուշաբթի, 18 ապրիլ 2016-ը:

Նախքան խորհրդարանէն մեկնիլը, Հարիրի կատարեց յայտարարութիւն մը` ընդգծելով խորհրդարան ուղղուելու եւ նախագահ ընտրելու անհրաժեշտութիւնը:

«Հանրապետութեան նախագահի ընտրութիւնը Լիբանանի դիմագրաւած տագնապներուն մեծ մասին լուծումն է», ըսաւ ան` նշելով, որ կարգ մը երեսփոխաններու բացակայութիւնը ցոյց կու տայ, թէ ոմանք կը փափաքին խոչընդոտել նախագահական ընտրութիւնը` աւելցնելով, որ անկարելի է նոյն ընթացքով շարունակել:

«Մենք պիտի շարունակենք մասնակցիլ նախագահական ընտրութեան նիստերուն, որովհետեւ նախագահական ընտրութիւնը առաջնահերթ է մեզի համար», ըսաւ ան:

Հարիրի շեշտեց, որ խորհրդարանին պաշտօնավարութիւնը օրինական է եւ կարելի չէ զայն ապօրինի նկատել, պարզապէս որովհետեւ Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աուն զայն ապօրինի կը նկատէ: «Իսկ եթէ խորհրդարանը զօր. Աունը հանրապետութեան նախագահ ընտրէ` խորհրդարանը օրինական կը դառնա՞յ», հարց տուաւ Հարիրի հեգնելով:

Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան վերաբերող այլ հարցումի մը պատասխանելով` Հարիրի ըսաւ. «Փողոց իջնելու փոխարէն Ազգային ազատ հոսանքը կրնայ խորհրդարան ներկայանալ»:

Իրանի եւ Սէուտական Արաբիոյ միջեւ երկխօսութեան մասին լրագրողի մը հարցումին պատասխանելով` Սաատ Հարիրի յայտնեց, որ այդ երկխօսութիւնը միջպետական երկխօսութիւն է եւ կրնայ դրական արդիւնքներու յանգիլ:

 

Նախորդը

Պըրրի. «Ընտրական Օրէնքի Յանձնախումբին Տեղեկագիրը Պիտի Ներկայացնեմ Ազգային Երկխօսութեան Նիստին»

Յաջորդը

Նոր Նորքի Մէջ ՀՅԴ Նորաբաց Կեդրոն` Նիկոլ Դումանի Անունով

RelatedPosts

Մինչ Քաց Օրթէյկըսի Հետ Լիբանանի  Սահմանին Վրայ Կը Շրջի.   Նեթանիահու. «Իսրայէլ Կազայի Կամ Լիբանանի Մէջ Թիրախներ Հարուածելու Համար Ոեւէ Մէկուն Արտօնութեան Կարիքը Չունի»
Գլխաւոր լուրեր

Մինչ Քաց Օրթէյկըսի Հետ Լիբանանի Սահմանին Վրայ Կը Շրջի. Նեթանիահու. «Իսրայէլ Կազայի Կամ Լիբանանի Մէջ Թիրախներ Հարուածելու Համար Ոեւէ Մէկուն Արտօնութեան Կարիքը Չունի»

Հոկտեմբեր 27, 2025
Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
Լիբանանեան

Պըրրի. «Ինծի Լիբանանցիներուն Միջեւ Միասնականութիւն Տուր, Եւ Քեզի Իսրայէլի Դէմ Հաստատ Յաղթանակ Կու Տամ»

Հոկտեմբեր 27, 2025
Սալամ Վատիկանի Մէջ Հանդիպում Ունեցաւ Լեւոն ԺԴ. Պապի Հետ
Լիբանանեան

Սալամ Վատիկանի Մէջ Հանդիպում Ունեցաւ Լեւոն ԺԴ. Պապի Հետ

Հոկտեմբեր 27, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?