ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Պան Քի Մուն երէկ առաւօտեան եռօրեայ պաշտօնական այցելութեամբ մը հասաւ Պէյրութ` գլխաւորելով ընդարձակ պատուիրակութիւն մը:
Պէյրութի միջազգային օդակայանին մէջ Քի Մունը դիմաւորեցին արտաքին գործոց նախարար Ժըպրան Պասիլի ներկայացուցիչ, նախարարութեան ընդհանուր քարտուղար Ուաֆիք Ռահիմի, ՄԱԿ-ի մէջ Լիբանանի մնայուն ներկայացուցիչ Նաուաֆ Սալամ, Լիբանանի մէջ Քի Մունի ներկայացուցիչ Սիկրիտ Քաակ, արտաքին գործոց նախարարութեան արարողակարգի պատասխանատու, դեսպան Միրա Տահեր եւ հարաւային Լիբանանի մէջ տեղակայուած ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային խաղաղապահ ուժերու հրամանատար զօր. Լուչիանօ Փորթոլանօ:
Քի Մունի նախագահած պատուիրակութեան մաս կազմեցին Միջազգային դրամատան կառավարիչ Ճիմ Եունկ Քիմ եւ Իսլամական բարգաւաճման դրամատան կառավարիչ Ահմետ Մոհամետ Ալի Մատանի:
Պըրրիի Մօտ

Յետմիջօրէին Քի Մուն այցելեց Այն Թինէ, ուր ընդունուեցաւ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի կողմէ:
Հանդիպումէն ետք տրուած մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին Պըրրի յայտնեց, որ հանդիպումին ընթացքին քննարկած են ՖԻՆԻՒԼ-ի դերակատարութիւնը Ապահովութեան խորհուրդի թիւ 1701 բանաձեւի գործադրութեան առումով:
Պըրրի աւելցուց նաեւ, որ քննարկած են սուրիացի գաղթականներուն վերաբերող հարցերն ու կարիքները, զորս հոգալու իմաստով միջազգային ընտանիքը խոստացած է զօրակցիլ Լիբանանին:
Այս շրջագիծին մէջ Պըրրի մատնանշեց ՈՒՆԵՐՈՒԱ-ի կողմէ պաղեստինցի գաղթականներուն տրամադրուած հատուցումները կրճատելու որոշումը:
Պըրրի յայտնեց, որ նախագահական ընտրութեան հարցը եւ անոր բարւոք լուծում մը գտնելու կարելիութիւնը Քի Մունի համար եղած է հիմնական:
Վարչապետարանին Մէջ

Վարչապետ Թամմամ Սալամ ընդունեց Քի Մունը, որուն հետ քննարկեց տեղական եւ շրջանային իրադարձութիւնները, յատկապէս ահաբեկչութեան դէմ պայքարն ու Լիբանան հասած սուրիացի գաղթականներուն թղթածրարը:
Հանդիպումէն ետք վարչապետարանին մէջ տրուած մամլոյ միացեալ ասուլիսին ընթացքին վարչապետ Սալամ ողջունեց Քի Մունի եւ անոր ընկերակցող պատուիրակութեան Լիբանան այցելութիւնը` շեշտելով, որ Լիբանան յանձնառու է ՄԱԿ-ի հետ իր յարաբերութիւններուն պահպանումին:
Վարչապետ Սալամ շեշտեց, որ հանդիպումին ընթացքին իրենք համաձայն գտնուած են, թէ Լիբանան հասած սուրիացի գաղթականներուն գոյութիւնը ծանր բեռ մը դարձած է Լիբանանի ուսերուն, եւ պէտք է ընդարձակել Լիբանանին կատարուելիք օժանդակութիւնները:
Վարչապետ Սալամ կոչ ուղղեց Լիբանանի բարեկամ բոլոր երկիրներուն նեցուկ կանգնելու լիբանանեան բանակին եւ ապահովութեան ուժերուն` պահպանելու համար երկրին ապահովական կայունութիւնը եւ շարունակելու համար ահաբեկչութեան դէմ պայքարը:
Վարչապետ Սալամ նշեց նաեւ, որ ինք Քի Մունին շնորհակալութիւն յայտնած է ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային խաղաղապահ ուժերուն 30 տարուան ծառայութեան համար` աւելցնելով, որ ՈՒՆԵՐՈՒԱ-ի պարագային միջազգային ընտանիքը պէտք է անմիջապէս լուծում գտնէ վերջերս տրուած այն որոշումին, որ պաղեստինցի գաղթականներուն տրամադրուած նպաստները պիտի կրճատուին:
Սալամ հաստատեց, որ Միջազգային դրամատան կառավարիչին Պէյրութ այցելութիւնը ինքնին ցուցանիշ է, որ Լիբանանի նկատմամբ միջազգային «գուրգուրանք» գոյութիւն ունի: Ան շնորհակալութիւն յայտնեց Միջազգային դրամատան, ինչպէս նաեւ Իսլամական բարգաւաճման դրամատան, որոնք օժանդակեցին Լիբանանին` աւելցնելով, որ լիբանանեան պետութիւնը կը ցանկայ ընդարձակել անոնց հետ գործակցելու եւ ներդրումներ կատարելու շրջագիծը:
Իր կարգին, Քի Մուն ուրախութիւն յայտնեց Լիբանան գտնուելուն առիթով` շեշտելով, որ ՄԱԿ Լիբանանի մէջ հիմնական ներկայութիւն է:
Ան ցաւակցութիւն յայտնեց Արսալի մօտակայքը նահատակուած լիբանանցի բանակայինին համար եւ ընդգծեց հետեւեալը. «Անհրաժեշտ է լիբանանեան բանակին նկատմամբ միջազգային զօրակցութիւն ցուցաբերել` ահաբեկչութեան դէմ անոր մղած պայքարին առումով»:
Քի Մուն յայտնեց, որ Քիմի եւ Մոհամետի ընկերակցութիւնը` Լիբանան իր այցելութեան, կը փաստեն, որ միջազգային ընտանիքը միակամ է Լիբանանին զօրակցելու առումով:
Քի Մուն բարձր գնահատեց սուրիացի գաղթականներուն նկատմամբ Լիբանանի ցուցաբերած սրտբաց հիւրընկալութիւնը, ինչպէս նաեւ դրուատեց Սալամի ջանքերը` այս պայմաններուն ներքեւ Լիբանանը կառավարելու առումով:
Քի Մուն կոչ ուղղեց պաղեստինցի գաղթականներուն հարցին լուծում գտնելու` շեշտելով, որ լաւագոյն լուծումը կողք-կողքի երկու պետութիւններու ստեղծումն է:
Քի Մուն գնահատեց լիբանանեան բանակին եւ ապահովութեան ուժերուն կողմէ ահաբեկչութեան դէմ մղուած պայքարը` շեշտելով, որ միջազգային ընհանիքը իր կարգին համաձայն է, որ ահաբեկչութիւնը տապալի եւ անոր վերացման արմատական լուծում մը ապահովուի:
Միւս կողմէ,Միջազգային դրամատան կառավարիչ Ճիմ Քիմ շեշտեց, որ իրենք Պէյրութ կը գտնուին օժանդակելու Լիբանանին: Ան նշեց, որ նախապէս արդէն իսկ ստորագրած են այնպիսի համաձայնագիրներ, որոնք 1 միլիառ տոլարի հասած են:
«Նկատի ունենալով Լիբանանի եւ Յորդանանի ունեցած մարդասիրական հսկայ դերակատարութիւնը, Միջազգային դրամատունը որոշած է կրթական մարզին 100 միլիոն տոլար տրամադրել` սուրիացի գաղթականներուն ուսում ջամբելու նպատակով», ըսաւ ան:
Ճիմ Քիմ ընդգծեց, որ Լիբանանի մէջ նախագահական ընտրութեամբ եւ խորհրդարանի աշխատանքներուն աշխուժացումով կարելի պիտի դառնայ աւելի արագ յառաջդիմել:
Իր կարգին, Իսլամական բարգաւաճման դրամատան կառավարիչ Ահմետ Մոհամետ շեշտեց, որ ինք ուրախ է, որ Լիբանանի կառավարութեան հետ կարելի եղած է աւելի քան 300 միլիոն տոլարի արժողութեամբ 5 համաձայնագիր ստորագրել:
Երեկոյեան Քի Մուն եւ անոր ընկերակցող պատուիրակութիւնը դարձան վարչապետարանին ընթրիքի հիւրերը:
Պաշտպանութեան Նախարարութիւն

Երեկոյեան ժամը շուրջ 6:30-ին Քի Մուն հասաւ Եարզէ: Պաշտպանութեան նախարարութեան կեդրոնին մէջ Քի Մուն հանդիպում մը ունեցաւ փոխվարչապետ, պաշտպանութեան նախարար Սամիր Մուքպելի եւ բանակի հրամանատար զօր. Ժան Քահուաժիի հետ:
Հանդիպումէն ետք Մուքպել յայտնեց, որ Քի Մունի հետ քննարկած են սուրիացի գաղթականներուն հարցը եւ ապահովական, քաղաքական, տնտեսական եւ ընկերային իմաստով Լիբանանի մէջ անոնց ներկայութեան ունեցած հետեւանքները:
Մուքպել աւելցուց նաեւ, որ Քի Մունի հետ քննարկած է լիբանանեան բանակը զինելու անհրաժեշտութիւնը` նկատի ունենալով երկրին կայունութիւնը պահպանելու եւ ահաբեկչութեան դէմ պատերազմելու անոր հիմնական առաքելութիւնը:
Քի Մուն նշեց, որ միջազգային ընտանիքը պիտի շարունակէ օժանդակել լիբանանեան բանակին` ընդգծելով, որ ռազմավարական երկխօսութիւնը կը մնայ հիմնական:
«Մենք հոս կը գտնուինք զօրակցութիւն յայտնելու բանակին եւ մեր հիացմունքը յայտնելու անոր հանդէպ», ըսաւ ան:
Նաքուրայի Մէջ

Քի Մուն այցելեց Նաքուրայի մէջ գտնուող ՖԻՆԻՒԼ-ի խաղաղապահ ուժերու կեդրոնը, ուր ան ընդգծեց այդ ուժերուն կողմէ խաղաղութիւնը պահպանելու առաքելութիւնը:
Քի Մուն յայտնեց, որ վերջին չորս տասնամեակներուն ծիրին մէջ, հարաւային Լիբանանի դիմագրաւած այս վերջին հանգրուանը` թիւ 1701 բանաձեւի հանգրուանը, եղած է ամէնէն հանդարտ ու խաղաղ ժամանակաշրջանը:
Քի Մուն նշեց, որ հարաւային Լիբանանի մէջ կը տիրէ ապահովական կայունութիւն եւ ճիգ կը թափուի, որ փոխադարձ յարձակումները կասեցուին եւ բախումի կողմերը ինքնազսպումի ենթարկուին, ինչպէս նաեւ լիբանանեան բանակը յաւելեալ կարողութիւններ ձեռք ձգած է` պահպանելու համար երկրին ապահովական կայունութիւնը:
Քի Մուն ընդգծեց Նաքուրայի մէջ կատարուող եռակի` բանակին, իսրայէլեան ուժերուն եւ ՖԻՆԻՒԼ-ի հրամանատարութեան միջեւ տեղի ունեցած հանդիպումներուն անհրաժեշտութիւնը` աւելցնելով, որ տարակարծութիւնները պէտք է լուծուին ՄԱԿ-ի թիւ 1701 բանաձեւին լոյսին տակ:
Քի Մուն կոչ ուղղեց լիբանանեան բանակին նկատմամբ միջազգային աւելի ընդարձակ օժանդակութեան, որպէսզի բանակը աւելի հզօրանայ եւ կարենայ ամբողջ Լիբանանի տարածքին գործել:


