Լիբանանեան

Ապօրինի Համացանցին Պատճառով Հարիւրաւոր  Միլիոն Տոլարի Մսխում Արձանագրուած Է

Ապօրինի Համացանցին Պատճառով Հարիւրաւոր Միլիոն Տոլարի Մսխում Արձանագրուած Է

Տեղեկատուութեան եւ հաղորդակցութեան միջոցներու հարցերու խորհրդարանական մնայուն յանձնախումբի նախագահ, երեսփոխան Հասան Ֆատլալլա երէկ առաւօտեան ժամը 10:30-ին, խորհրդարանին մէջ նախագահեց յանձնախումբի նիստին, որուն ներկայ գտնուեցան նաեւ հաղորդակցութեան միջոցներու նախարար Պութրոս Հարպ, փոխվարչապետ, պաշտպանութեան նախարար Սամիր Մուքպել, ելեւմուտքի նախարար Ալի Հասան Խալիլ, Օժերոյի ընդհանուր տնօրէն Ապտել Մենեմ Եուսեֆ եւ բանակի գնդապետ Անթուան Քահուաժի, իսկ ներքին գործոց նախարար Նուհատ Մաշնուք բացակայեցաւ նիստէն, առանց...

Պըրրի. «Ապօրինի Համացանցի  Թղթածրարը Պէտք Է Լրջօրէն Հետապնդել»

Պըրրի. «Ապօրինի Համացանցի Թղթածրարը Պէտք Է Լրջօրէն Հետապնդել»

Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ Այն Թինէի մէջ նախագահեց չորեքշաբթի օրուան երեսփոխանական հանդիպումին, որուն ընթացքին ան ընդգծեց խորհրդարանին աշխատանքներուն աշխուժացման եւ օրէնսդրութեան կարեւորութիւնը` նկատի ունենալով Լիբանանի գերագոյն շահերը: «Մենք գիտենք օրէնքին հիման վրայ գործել` ապահովելով Լիբանանի եւ լիբանանցիներուն շահերը», հաստատեց Պըրրի: Խորհրդարանի նախագահը շեշտեց, որ ապօրինի համացանցին թղթածրարը պէտք է լրջօրէն հետապնդել` հաստատելով, որ այդ հարցը շատ վտանգաւոր է, եւ այդ...

Մոսկուայի Մէջ.   «Լիբանան Պատրաստ Է Ռուսիոյ Հետ Գործակցելու  Զինուորական Եւ Այլ Մարզերու Մէջ»   Շեշտեց Հարիրի

Մոսկուայի Մէջ. «Լիբանան Պատրաստ Է Ռուսիոյ Հետ Գործակցելու Զինուորական Եւ Այլ Մարզերու Մէջ» Շեշտեց Հարիրի

Նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրի երէկ Մոսկուայէն յայտարարեց, որ Լիբանան պատրաստ է Ռուսիոյ հետ գործակցելու զինուորական եւ այլ մարզերու մէջ: Հարիրի հանդիպում մը ունեցաւ Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրովի հետ: Հանդիպումէն ետք Լաւրով յայտնեց, որ Ռուսիա կանոնաւոր կերպով կը գործակցի ո՛չ միայն Լիբանանի կառավարութեան, այլ նաեւ լիբանանեան քաղաքական բոլոր ուժերուն եւ քաղաքական անձնաւորութիւններուն հետ: Լաւրով ընդգծեց, որ այդ գործակցութեան նպատակն...

Սալամի Անունով Մաշնուք Կը Հաստատէ,  Որ Լիբանան Կը Մերժէ Սուրիացի  Գաղթականներուն Բնակեցումը

Սալամի Անունով Մաշնուք Կը Հաստատէ, Որ Լիբանան Կը Մերժէ Սուրիացի Գաղթականներուն Բնակեցումը

Երէկ «Ֆենիսիա» պանդոկին մէջ տեղի ունեցաւ Արաբական դրամատնային ամբողջացման խորհրդաժողով մը, հովանաւորութեամբ վարչապետ Թամմամ Սալամի, որուն ներկայացուց կենսոլորտի նախարար Մոհամետ Մաշնուք: Մաշնուք շնորհակալութիւն յայտնեց Ծոցի երկիրներուն` Լիբանանի մատուցած բոլոր օժանդակութիւններուն համար: Մաշնուք անդրադարձաւ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Պան Քի Մունի Լիբանան այցելութենէն ետք շրջան ընող այն լուրերուն, թէ Միջազգային ընտանիքը Լիբանանի մէջ սուրիացի գաղթականները բնակեցնելու յետին նպատակներ ունի: Ան Սալամի անունով...

«Կը Զօրակցինք Օրէնսդրութեան Եւ Պիտի Մասնակցինք Օրէնսդրական Որեւէ Նիստի» Շեշտեց Ֆրենժիէ

Մարատա հոսանքի ղեկավար, երեսփոխան Սլէյման Ֆրենժիէ շեշտեց, որ ինք կը զօրակցի օրէնսդրութեան` աւելցնելով, որ իրենք պիտի մասնակցին խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի կողմէ հրաւիրուած օրէնսդրական որեւէ նիստի: Օրէնսդրութիւնը խորհրդարանական հոլովոյթ մըն է, որ ժողովրդավարական է եւ չի հակադրուիր Ազգային ուխտին հետ: Ան շեշտեց, որ ինք սկզբունքով կը զօրակցի խորհրդարանի աշխատանքներուն եւ իր այդ կեցուածքը պիտի վերահաստատէ Ազգային երկխօսութեան նիստին ընթացքին:  

Ռապիէի Մէջ.   «Ժեզզինի Մասնակի Ընտրութիւնները  Պէտք Է Կատարուին»   Շեշտեց Զիատ Պարուտ

Ռապիէի Մէջ. «Ժեզզինի Մասնակի Ընտրութիւնները Պէտք Է Կատարուին» Շեշտեց Զիատ Պարուտ

Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աուն երէկ Ռապիէի մէջ ընդունեց նախկին նախարար Զիատ Պարուտը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները: Հանդիպումէն ետք Պարուտ յայտնեց, որ ներքին գործոց նախարար Նուհատ Մաշնուք իր վարչական եւ գումակային պարտականութիւնները կատարած է` քաղաքապետական ընտրութիւններու կայացման վերաբերող, եւ այդ մէկը ժողովուրդին մօտ ձգած է դրական տպաւորութիւն` նկատի ունենալով երկրին ժողովրդավարութիւնը: «Ժողովուրդին իրաւունքն է, որ...

Բրիտանիոյ Արտաքին Գործոց  Նախարարը Ժամանեց Պէյրութ

Բրիտանիոյ Արտաքին Գործոց Նախարարը Ժամանեց Պէյրութ

Բրիտանիոյ արտաքին գործոց նախարար Ֆիլիփ Համընտ երէկ ուշ գիշերին միօրեայ այցելութեամբ ժամանեց Լիբանան: Համընտ այսօր հանդիպումներ պիտի ունենայ լիբանանցի պատասխանատուներու հետ: Նշենք, որ Պէյրութի միջազգային օդակայանին մէջ Համընտ դիմաւորուեցաւ արտաքին գործոց նախարարութեան արարողակարգի տնօրէն, դեսպան Միրա Տահերի եւ բրիտանական դեսպանատան անձնակազմին կողմէ:

Պասիլ Ճոնզի Հետ Քննարկեց Սուրիացի  Գաղթականներուն Վերաբերող Հարցեր

Պասիլ Ճոնզի Հետ Քննարկեց Սուրիացի Գաղթականներուն Վերաբերող Հարցեր

Արտաքին գործոց եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու նախարար Ժըպրան Պասիլ երէկ Պուսթրոս պալատին մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպանի գործակատար Ռիչըրտ Ճոնզը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան եւ շրջանային իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ Լիբանանի մէջ սուրիացի գաղթականներուն վերաբերող հարցեր: Հանդիպումէն ետք Ճոնզ յայտնեց, որ Պասիլի հետ քննարկած է սեպտեմբերին Միացեալ Նահանգներու մէջ կայանալիք վեհաժողովին մանրամասնութիւնները: Ան նշեց, որ վեհաժողովներու կազմակերպումը կարեւոր է...

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

ՓՈԽՎԱՐՉԱՊԵՏ, պաշտպանութեան նախարար Սամիր Մուքպել երէկ այցելեց բանակի հրամանատար զօր. Ժան Քահուաժիի, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւններն ու բանակին որդեգրած ապահովական միջոցառումները` պահպանելու համար Լիբանանի ապահովական կայունութիւնը: ՈՒԺԱՆԻՒԹԻ եւ ջուրի հարցերու նախարարութեան հրապարակած վառելանիւթի նոր սակացոյցին համաձայն, 98 օքթան պենզինի թիթեղին սակը սղած է 700 լ. ոսկիով, 95 օքթանը` 600 լ. ոսկիով, իսկ մազութինը` 300 լ. ոսկիով: ԱՇԽԱՏԱՆՔԻ նախարար Սըժաան...

Ազգային Երկխօսութեան Նիստը Յետաձգուեցաւ`  Վարչապետ Սալամի Մօր Մահուան Պատճառով

Ազգային Երկխօսութեան Նիստը Յետաձգուեցաւ` Վարչապետ Սալամի Մօր Մահուան Պատճառով

Երէկ ուշ գիշերին խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի անորոշ թուականով յետաձգեց Ազգային երկխօսութեան նիստը` վարչապետ Սալամի մօր մահուան պատճառով: Սկզբունքով այսօր տեղի ունենալիք նիստին ընթացքին կը նախատեսուէր քննարկել խորհրդարանին աշխատանքները աշխուժացնելու եւ օրէնսդրութեան սկսելու կարեւորութիւնը, ինչպէս նաեւ քննարկելու ընտրական նոր օրէնքին յատուկ տեղեկագիրը, որ ներկայացուած էր ընտրական յանձնախումբին կողմէ: Պըրրի կը միտէր համախոհութիւն գոյացնել համամասնական դրութեան հիման վրայ մշակուած ընտրական օրէնքի...

ՏԱՀԵՇ Իր Ախորժակները Կը Սրէ Հիւսիսային  Լիբանանին Տիրելու, Իսկ Ժապհաթ Նուսրա  Կը Պատրաստուի Արսալէն Հեռանալու

ՏԱՀԵՇ Իր Ախորժակները Կը Սրէ Հիւսիսային Լիբանանին Տիրելու, Իսկ Ժապհաթ Նուսրա Կը Պատրաստուի Արսալէն Հեռանալու

Լիբանանեան բանակի գաղտնի սպասարկութեան ընկերակցութեամբ ամերիկեան ապահովական պատուիրակութիւն մը վերջերս այցելած էր հիւսիսային Լիբանան` ստուգելու համար այդ շրջանին մէջ հաւանական ապահովական մտահոգութիւնները: Այդ այցելութեան աւարտին յստակ դարձած էր, որ հակառակ հիւսիսային Լիբանանի մէջ իր կրած բազմաթիւ վնասներուն, ՏԱՀԵՇ իր հայեացքը կը սեւեռէ հիւսիսային Լիբանանի վրայ` ապահովելու համար ծովային ելք մը: Այդ նպատակով ՏԱՀԵՇ կը միտի հիւսիսային Լիբանանի մէջ գտնուող իր...

Փոփոխութիւն Եւ Բարեկարգում  Համախմբումի Հերթական Նիստի Աւարտին.  «Կը Մերժենք Աղբերու Արտահանման Ծրագիրը»  Յայտարարեց Ժրայսաթի

Փոփոխութիւն Եւ Բարեկարգում Համախմբումի Նիստ. Ժրայսաթի Կոչ Ուղղեց Վերջ Տալու Պետական Անվտանգութեան Մարզի Շրջափակումին

Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ երեսփոխան զօր. Միշել Աուն երէկ Ռապիէի մէջ նախագահեց համախմբումի ընթացիկ նիստին, որմէ ետք նախկին նախարար Սելիմ Ժրայսաթի կոչ ուղղեց վերջ տալու պետական անվտանգութեան կառոյցի քաղաքական եւ նիւթական շրջափակումին, որպէսզի անիկա կարենայ իր առաքելութիւնը կատարել` ահաբեկչութեան, փտածութեան եւ լրտեսումի դէմ պայքարելու իմաստով: Ժրայսաթի յայտնեց, որ պետական անվտանգութեան կառոյցի աշխատանքը պէտք է կեանքի կոչել կազմակերպական շրջաբերականով մը,...

Հոլլանտ 16 Ապրիլին  Պիտի Այցելէ Լիբանան

Հոլլանտ 16 Ապրիլին Պիտի Այցելէ Լիբանան

Ֆրանսուա Հոլլանտ Ֆրանսայի նախագահ Ֆրանսուա Հոլլանտ 16 եւ 17 ապրիլին պիտի այցելէ Լիբանան` շրջանին մէջ կատարելիք իր շրջապտոյտին ծիրին մէջ: «Հայաթ» օրաթերթը յայտնեց, որ Հոլլանտ այս առիթով զօրակցական պատգամ մը պիտի յղէ Լիբանանին` շեշտելով, որ հակառակ շրջանային աննպաստ պայմաններուն եւ դժուարութիւններուն, Փարիզ անշեղ պիտի մնայ Լիբանանի նկատմամբ իր կառչածութենէն: Նոյն աղբիւրներուն համաձայն, Հոլլանտի Լիբանան այցելութիւնը ոչ մէկ ձեւով պիտի նպաստէ...

Ռայի Պատրիարքը Շարունակեց Ընդունիլ  Ս. Զատկուան Առիթով Շնորհաւորութիւնները

Ռայի Պատրիարքը Շարունակեց Ընդունիլ Ս. Զատկուան Առիթով Շնորհաւորութիւնները

Էտտէ, Ռայի պատրիարքը եւ Մուքպել Մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը երէկ Պքերքէի մէջ շարունակեց ընդունիլ Ս. Զատկուան առիթով շնորհաւորութիւնները: Ռայի պատրիարքին այցելեց փոխվարչապետ, պաշտպանութեան նախարար Սամիր Մուքպել: Հանդիպումին ներկայ գտնուեցաւ նաեւ մարոնի համայնքի արտերկրի խորհուրդի նախկին նախագահ Միշել Էտտէ: Ռայի պատրիարքին այցելեցին նաեւ նախկին նախարարներ Մարուան Շարպել, Ապտալլա Ֆարհաթ, Ճօ Սարգիս, Էլիաս Հաննա եւ Ռոժէ Տիպ, ինչպէս նաեւ նախկին երեսփոխան...

Մուսթաքպալ Պլոք. «Հըզպալլայի Կողմէ  Պետական Հաստատութիւններու Աշխատանքին  Խոչընդոտումէն Ետք Վտանգները Բազմացած Են»

Մուսթաքպալ Պլոք. «Հըզպալլայի Կողմէ Պետական Հաստատութիւններու Աշխատանքին Խոչընդոտումէն Ետք Վտանգները Բազմացած Են»

Մուսթաքպալ պլոքը երէկ գումարեց իր ընթացիկ նիստը` նախագահութեամբ նախկին վարչապետ Ֆուատ Սինիորայի: Նիստէն բխած հաղորդագրութեան մէջ շեշտուեցաւ, որ Հըզպալլայի կողմէ պետական հաստատութիւններու աշխատանքին խոչընդոտումէն, յատկապէս նախագահական ընտրութիւնը արգելակելէ ետք վտանգները բազմացած են: «Այդ վտանգներուն ժխտական ազդեցութիւնը ազգային, տնտեսական եւ ապահովական մակարդակներու վրայ ուղղակիօրէն շօշափելի դարձած են: Իսկ արտաքին գործոց նախարար Ժըպրան Պասիլի ցուցաբերած վարուելակերպը ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Պան Քի Մունի...

Ռաատ. «Մենք Կազմ Ու Պատրաստ Ենք Դիմադրելու  Իսրայէլեան Որեւէ Տեսակի Անխոհեմութեան»

Ռաատ. «Մենք Կազմ Ու Պատրաստ Ենք Դիմադրելու Իսրայէլեան Որեւէ Տեսակի Անխոհեմութեան»

Մոհամետ Ռաատ Հաւատարմութիւն դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքի նախագահ, երեսփոխան Մոհամետ Ռաատ երէկ հանդիպում մը ունենալէ ետք Ղովմի կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ասաատ Հարտանի հետ, ըսաւ. «Ապօրինի համացանցին բացայայտումէն եւ զայն դատական իշխանութիւններուն տրամադրութեան տակ դնելէ ետք, մենք կը հաստատենք, որ անիկա վտանգաւոր էր երկրին համար, եւ կրցած էր Լիբանանի ապահովութիւնը զանազան մակարդակներու վրայ խախտել»: Ռաատ յայտնեց, որ իրենք եւ Ղովմի կուսակցութիւնը նոյն...

Քազզի. «Կառավարութիւնը Գիտէ, Թէ Հարցերը  Ինչպէ՛ս Պէտք Է Լուծէ, Սակայն Ան Անզօր Է»

Քազզի. «Կառավարութիւնը Գիտէ, Թէ Հարցերը Ինչպէ՛ս Պէտք Է Լուծէ, Սակայն Ան Անզօր Է»

Սըժաան Քազզի Աշխատանքի նախարար Սըժաան Քազզի յայտնեց, որ սուրիացի գաղթականներուն վերադարձը բարդ պիտի ըլլայ, իսկ անոնց գոյատեւումը Լիբանանի մէջ` վտանգաւոր: Ան շեշտեց, որ կառավարութիւնը գիտէ, թէ ի՛նչ քայլերու պէտք է դիմէ` տարբեր հարցերու լուծման համար, սակայն ան կարողութիւն չունի այդ քայլերուն դիմելու: Անդրադառնալով սուրիացի գաղթականները Լիբանանի մէջ բնակեցնելու մասին կատարուած յայտարարութիւններուն` Քազզի յայտնեց, որ «բնակեցում» բառին տարողութիւնը լայն է` աւելցնելով,...

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

ՀԱՂՈՐԴԱԿՑՈՒԹԵԱՆ միջոցներու նախարար Պութրոս Հարպ շեշտեց, որ կարելի չէ Լիբանանի մէջ սուրիացի գաղթականներուն բնակեցումը կատարել, որովհետեւ բնակեցումը մերժելու իմաստով լիբանանեան ազգային համախոհութիւն գոյութիւն ունի: ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարգաւաճում երեսփոխանական պլոքի անդամ Միշել Մուսա յայտնեց, որ ժամանակն է արդէն, որ խորհրդարանը սկսի օրէնսդրական աշխատանքի: ՀԱՒԱՏԱՐՄՈՒԹԻՒՆ դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքի անդամ Իսմայէլ Սըքքարիէ շեշտեց, որ նախագահական ընտրութիւնը այս հանգրուանին ոչ մէկ հարց պիտի կարենայ...

Արսալի Բարձունքներուն Վրայ Զինեալ  Բախումներ` ՏԱՀԵՇ-ի Եւ Ժապհաթ Նուսրայի Միջեւ

Արսալի Բարձունքներուն Վրայ Զինեալ Բախումներ` ՏԱՀԵՇ-ի Եւ Ժապհաթ Նուսրայի Միջեւ

Երէկ յետմիջօրէին Ռաս Պաալպեքի եւ Արսալի բարձունքներուն վրայ ՏԱՀԵՇ-ի եւ Ժապհաթ Նուսրայի ահաբեկչական խմբաւորումներուն միջեւ արձանագրուեցան զինեալ բուռն բախումներ, որոնք շարունակուեցան մինչեւ ուշ գիշեր: Բախումները կեդրոնացան Ուատի Միրայի, Զամարանիի անցքին եւ Ժարաժիրի բարձունքներուն վրայ: Նախնական տեղեկութիւններուն համաձայն, երկու կողմերէն 20 ահաբեկիչներ սպաննուեցան: Անպաշտօն տեղեկութիւններ նշեցին, որ Ժապհաթ Նուսրա վերստին գրաւեց այն դիրքերը, որոնք ՏԱՀԵՇ-ի հետ ունեցած նախորդ բախումներուն կորսնցուցած էր:...

Ս. Զատկուան Առիթով.  «Հանրապետութեան Նախագահին  Բացակայութիւնը  Լիբանանը Կրնայ Վերածել  Գաղթականներու Բնակեցման Տարածքի»  Շեշտեց Ռայի Պատրիարքը

Ս. Զատկուան Առիթով. «Հանրապետութեան Նախագահին Բացակայութիւնը Լիբանանը Կրնայ Վերածել Գաղթականներու Բնակեցման Տարածքի» Շեշտեց Ռայի Պատրիարքը

Մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը Ս. Զատկուան առիթով Պքերքէի մէջ նախագահած պատարագին ընթացքին յոյս յայտնեց, որ Յիսուս Քրիստոս գլորէ Լիբանանի, լիբանանցիներուն եւ Միջին Արեւելքի սրտերը ծանրացնող քարը, ինչպէս նաեւ լուծում մը գտնուի նախագահական ընտրութեան: Ռայի պատրիարքը հաստատեց, որ հանրապետութեան նախագահի չգոյութիւնը պատճառ կը դառնայ լիբանանեան ներքին միասնականութեան քանդումին, միջազգային առումով Լիբանանի օրինական դիրքին խախտումին, ինչպէս նաեւ Լիբանանը կրնայ վերածուիլ գաղթականներու...

Page 844 of 986 1 … 843 844 845 … 986

Արխիւներ