ԱՌ ի զօրակցութիւն Պելճիքայի եւ դատապարտելով զայն թիրախ դարձուցած ահաբեկչական արարքները, շաբաթ երեկոյեան Ռաուշէի քարը լուսաւորուեցաւ Պելճիքայի եւ Լիբանանի դրօշներով: Այս ձեռնարկին ներկայ գտնուեցան վարչապետ Թամմամ Սալամի ներկայացուցիչ` նախարար Նեպիլ տը Ֆրէյժ, երեսփոխան Մոհամետ Քապպանի, Լիբանանի մէջ Պելճիքայի դեսպան Ալեքս Լինարես, Պէյրութի նահանգապետ Զիատ Շպիպ եւ Պէյրութի քաղաքապետ Պիլալ Համատ:
ԻՍՐԱՅԷԼԵԱՆ լրատուական միջոցներ հաղորդեցին, որ Հըզպալլայի պատկանող անօդաչու թռչող սարք մը թռիչքներ կատարած է Իսրայէլի վերեւ եւ ապահով վերադարձած Լիբանան:
ԸՆԿԵՐՎԱՐ յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթ նշեց, որ Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլա եւ արտաքին գործոց նախարար Ժըպրան Պասիլ պատճառած են Ծոցի երկիրներուն ու Լիբանանի միջեւ հարցը եւ ոչ թէ ՏԱՀԵՇ-ը կամ Ժապհաթ Նուսրան:
ՆԱԽԿԻՆ նախագահ զօր. Միշել Սլէյման յայտնեց, որ նախագահական ընտրութիւն կատարելը ամէնէն ճիշդ ձեւն է դիմադրելու բնակեցման միտումներուն եւ ծրագիրներուն:
ԸՆԿԵՐԱՅԻՆ հարցերու նախարար Ռաշիտ Տըրպաս յայտնեց, որ սուրիացի գաղթականները բնակեցնելու որոշումը Լիբանանի կառավարութեան բառարանին մէջ գոյութիւն իսկ չունի: Ան շեշտեց, որ վարչապետ Թամմամ Սալամ մերժած է ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Պան Քի Մունի հետ բնակեցումի հաւանականութիւնը քննարկել:
ԱԶԳԱՅԻՆ ազատ հոսանք կուսակցութեան պատասխանատուներէն Մարիօ Աուն յայտնեց, որ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Պան Քի Մունի այցելութիւնը անմեղ չէ, եթէ անոր նպատակը սուրիացի գաղթականները Լիբանանի մէջ բնակեցնելն է:
ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Ամմար Հուրի յայտնեց, որ ապօրինի համացանցին թղթածրարը մեծ է եւ կարելի չէ զայն դիւրաւ փակել:
ԵՐԵՍՓՈԽԱՆ Պահիա Հարիրի յայտնեց, որ իրենք գրեթէ խանգարուած համակարգով երկրի մը մէջ կ՛ապրին` աւելցնելով, որ իրենք վարժ են ամէնէն դժուար պայմաններուն իսկ գործելու:
ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Նիտալ Թոհմէ յայտնեց, որ հիւսիսային Լիբանանի սահմաններուն վրայ արձանագրուած ապահովական զարգացումը վտանգաւոր է` աւելցնելով, որ անհրաժեշտ է ամէն իմաստով զօրակցիլ լիբանանեան բանակին:
ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ եւ բարեկարգում համախմբումի երեսփոխան Հիքմաթ Տիպ շեշտեց, որ իշխանութեան մէջ քրիստոնեաներուն իրաւունքը վտանգի ենթարկուած է` աւելցնելով, որ այդ խախտումը կարելի է սրբագրել ընտրական արդար օրէնքով:
ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի հիւսիսային Լիբանանի պատասխանատուներէն Մուսթաֆա Ալլուշ անհրաժեշտ նկատեց, որ Միջազգային ընտանիքը սուրիական տագնապին լուծում մը գտնէ` մերժելով սուրիացի գաղթականներու բնակեցումին միտող ամէն տեսակի փորձ:
«ՏԻԱՐ» օրաթերթին համաձայն, Մուսթաքպալ հոսանքի ղեկավար, երեսփոխան Սաատ Հարիրի եւ Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթ չեն փափաքիր քաղաքապետական ընտրութիւններ կատարել:
ՓԱՂԱՆԳԱՒՈՐ կուսակցութեան նախկին ղեկավար Քերիմ Բագրատունի յայտնեց, որ Իսրայէլի եւ հաւատադրժողական շարժումներուն ահաբեկչութիւններուն դէմ պայքարելու միակ միջոցը Դիմադրութիւնն է:
ԼԻԲԱՆԱՆԻ մէջ Ռուսիոյ դեսպան Ալեքսանտր Զասիփքին յայտնեց, որ իրեն համար շրջանային պայմանները տակաւին ձեռնտու չեն Լիբանանի մէջ նախագահական ընտրութիւն կատարելու: