Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

Մարտ 25, 2016
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԿՐԹՈՒԹԵԱՆ եւ բարձրագոյն ուսման նախարար Էլիաս Ապու Սաապ շեշտեց, որ Միջազգային դրամատունը որոշած է Լիբանանի կրթական մարզին 100 միլիոն տոլարի օժանդակութիւն մը կատարել:

ԸՆԿԵՐԱՅԻՆ հարցերու նախարար Ռաշիտ Տըրպաս յայտնեց, որ Լիբանան մնայուն կերպով մերժած է եւ կը մերժէ գաղթականներու բնակեցումը:

ՎԱՐՉԱԿԱՆ բարեկարգումի պետական նախարար Նեպիլ տը Ֆրէյժ շեշտեց, որ այս հանգրուանին նախագահական ընտրութիւն կատարելու անկարելիութեան դէմ յանդիման կը գտնուինք:

ԼԻԲԱՆԱՆԻ մէջ Եգիպտոսի դեսպան Մոհամետ Պատրէտտին, հանդիպելէ ետք աշխատանքի նախարար Սըժաան Քազզիի, յայտնեց, որ Լիբանանի եւ Եգիպտոսի յարաբերութիւնները պատմական են:

ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ապահովութեան ընդհանուր տնօրէն հազարապետ-զօրավար Ապպաս Իպրահիմ շեշտեց, որ յառաջիկայ շաբաթներուն ընթացքին լիբանանցիները պիտի վկայեն Պէյրութի միջազգային օդակայանին վերաբերող ապահովական բացթողումներուն համար գտնուած լուծումները:

ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ եւ բարեկարգում համախմբումի ընդհանուր քարտուղար, երեսփոխան Իպրահիմ Քանաան շեշտեց, որ իրենք կը փափաքին ունենալ հանրապետութեան հզօր նախագահ մը, որ կարողութիւն ունենայ այս պայմաններուն ներքեւ գործելու: Ան նշեց, որ քաղաքապետական ընտրութիւններուն պարագային Ազգային ազատ հոսանք եւ Լիբանանեան ուժեր կուսակցութիւնները իրարու հետ պիտի գործակցին` աւելցնելով, որ իրենց փոխըմբռնումը ոչ ոք թիրախ կը դարձնէ:

ԵՐԵՍՓՈԽԱՆ Խալետ Տահեր երէկ Թրիփոլիի մէջ ընդունեց Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան մէկ պատուիրակութիւնը` գլխաւորութեամբ Փիեռ Ռաֆֆուլի:

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Ամմար Հուրի շեշտեց, որ խորհրդարանի օրինաթիւը ապահովելու իմաստով ամէն ջանք ի գործ կը դրուի, որպէսզի կարելի ըլլայ նախագահական ընտրութիւն կատարել:

ՆԱԽԿԻՆ նախարար Ֆայսալ Քարամէ շեշտեց, որ իրենք կը զօրակցին Թրիփոլիի քաղաքապետական ընտրութիւնը կատարելու քայլին` քաղաքական ուժերուն միջեւ ընդարձակ համաձայնութիւն գոյացնելով:

ՆԱԽԿԻՆ նախարար Ժիհատ Ազուր շեշտեց, որ Լիբանանի մէջ ընդհանրապէս օգտագործուող քաղաքական բառամթերքն ու ցեխարձակումները իրենց ուղղակի ազդեցութիւնը կ՛ունենան Լիբանանի ռազմավարական շահերուն վրայ:

ՓԱՂԱՆԳԱՒՈՐ կուսակցութեան երեսփոխան Էլի Մարունի շեշտեց, որ նախագահական ընտրութեան շրջագիծին մէջ արձանագրուած դաւադրութեան նպատակն է երկիրը պարպել իր պետական հաստատութիւններէն:

«ՏԻԱՐ» օրաթերթին համաձայն, Լիբանանի նախագահական ընտրութեան թղթածրարը ուղղակիօրէն կապուած է Ժընեւի բանակցութիւններուն արձանագրելիք արդիւնքներուն: Նոյն օրաթերթին համաձայն, Պելճիքայի մէջ վերջերս արձանագրուած ապահովական կայունութեան խախտումը իր ժխտական ազդեցութիւնը պիտի ունենայ Լիբանանի կացութեան վրայ:

ՔՈՒԷՅԹԵԱՆ «Անպա» օրաթերթին համաձայն, Պքերքէի յատուկ աղբիւրներ չեն նախատեսեր, որ նախագահական ընտրութիւնը կատարուի ապրիլ ամսուան ընթացքին:

«ԺՈՒՄՀՈՒՐԻԱ» օրաթերթին համաձայն, Թրիփոլիի մէջ համաձայնութիւն մը գոյացած է Ապտել Քատեր Ալամէտտինը Թրիփոլիի քաղաքապետ ընտրելու:

«ԱԽՊԱՐ» օրաթերթին համաձայն, վարչապետ Թամմամ Սալամ Պէյրութի միջազգային օդակայանին թղթածրարը իբրեւ հիմնական կէտ պիտի ընդգրկէ օրակարգի վրայ:

ՔՈՒԷՅԹԵԱՆ «Ռայ» օրաթերթին համաձայն, Մարատա հոսանքի ղեկավար, երեսփոխան Սլէյման Ֆրենժիէի թեկնածութիւնը կը նեղացնէ Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աունը:

 

 

Նախորդը

Քարածիչ Բանտարկուեցաւ Սրեպրենիչայի Ցեղասպանութեան Համար

Յաջորդը

Ժահժահ. «Հարիրիի Հետ Յարաբերութիւնը Սառած Վիճակի Մէջ Է, Սակայն Կ՛աշխատինք, Որպէսզի Անիկա Վերադառնայ Իր Նախկին Ընթացքին»

RelatedPosts

Մինչ Քաց Օրթէյկըսի Հետ Լիբանանի  Սահմանին Վրայ Կը Շրջի.   Նեթանիահու. «Իսրայէլ Կազայի Կամ Լիբանանի Մէջ Թիրախներ Հարուածելու Համար Ոեւէ Մէկուն Արտօնութեան Կարիքը Չունի»
Գլխաւոր լուրեր

Մինչ Քաց Օրթէյկըսի Հետ Լիբանանի Սահմանին Վրայ Կը Շրջի. Նեթանիահու. «Իսրայէլ Կազայի Կամ Լիբանանի Մէջ Թիրախներ Հարուածելու Համար Ոեւէ Մէկուն Արտօնութեան Կարիքը Չունի»

Հոկտեմբեր 27, 2025
Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
Լիբանանեան

Պըրրի. «Ինծի Լիբանանցիներուն Միջեւ Միասնականութիւն Տուր, Եւ Քեզի Իսրայէլի Դէմ Հաստատ Յաղթանակ Կու Տամ»

Հոկտեմբեր 27, 2025
Սալամ Վատիկանի Մէջ Հանդիպում Ունեցաւ Լեւոն ԺԴ. Պապի Հետ
Լիբանանեան

Սալամ Վատիկանի Մէջ Հանդիպում Ունեցաւ Լեւոն ԺԴ. Պապի Հետ

Հոկտեմբեր 27, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?