Բրիտանիոյ արտաքին գործոց նախարար Ֆիլիփ Համընտ երէկ ուշ գիշերին միօրեայ այցելութեամբ ժամանեց Լիբանան:
Համընտ այսօր հանդիպումներ պիտի ունենայ լիբանանցի պատասխանատուներու հետ:
Նշենք, որ Պէյրութի միջազգային օդակայանին մէջ Համընտ դիմաւորուեցաւ արտաքին գործոց նախարարութեան արարողակարգի տնօրէն, դեսպան Միրա Տահերի եւ բրիտանական դեսպանատան անձնակազմին կողմէ: