ՀԱՂՈՐԴԱԿՑՈՒԹԵԱՆ միջոցներու նախարար Պութրոս Հարպ շեշտեց, որ կարելի չէ Լիբանանի մէջ սուրիացի գաղթականներուն բնակեցումը կատարել, որովհետեւ բնակեցումը մերժելու իմաստով լիբանանեան ազգային համախոհութիւն գոյութիւն ունի:
ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարգաւաճում երեսփոխանական պլոքի անդամ Միշել Մուսա յայտնեց, որ ժամանակն է արդէն, որ խորհրդարանը սկսի օրէնսդրական աշխատանքի:
ՀԱՒԱՏԱՐՄՈՒԹԻՒՆ դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքի անդամ Իսմայէլ Սըքքարիէ շեշտեց, որ նախագահական ընտրութիւնը այս հանգրուանին ոչ մէկ հարց պիտի կարենայ լուծել, որովհետեւ փտածութիւնը բաւական տարածուած է:
ՆԱԽԿԻՆ նախարար Շաքիպ Քըրթպաուի յայտնեց, որ Սուրիոյ մէջ կան որոշ շրջաններ, որոնք ապահով են, եւ գաղթականները կրնան ուղղուիլ դէպի այդ շրջանները:
ՍԷՈՒՏԱԿԱՆ «Օքազ» օրաթերթին համաձայն, արտաքին գործոց նախարար Ժըպրան Պասիլի կողմէ բնակեցման հարցին կատարուած անդրադարձը քրիստոնեայ համայնքը սիրաշահելու միտում ունի:
ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Աթեֆ Մաժտալանի յայտնեց, որ նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրիի եւ Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի միջեւ բարեկամութիւնը հին է` աւելցնելով, որ զարմանալի չէ, որ այդ յարաբերութիւնը շարունակուի ի խնդիր Լիբանանի շահերուն:
«ՆԱՀԱՐ» օրաթերթին համաձայն, կառավարութիւնը իր յաջորդ նիստին ընթացքին պիտի քննարկէ քաղաքապետական ընտրութիւնները ֆինանսաւորելու աղբիւրները:
ՔՈՒԷՅԹԵԱՆ «Անպա» օրաթերթը, իր տեղեկութիւնները քաղելով Մարտ 14-ի քաղաքական ուժերէն, կը գրէ, թէ Փալմիրի ազատագրումը կրնայ իր արդիւնքները ունենալ Լիբանանի նախագահական ընտրութեան թղթածրարին վրայ: