Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ապօրինի Համացանցին Պատճառով Հարիւրաւոր Միլիոն Տոլարի Մսխում Արձանագրուած Է

March 31, 2016
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

fadlalla_harb_33016

Տեղեկատուութեան եւ հաղորդակցութեան միջոցներու հարցերու խորհրդարանական մնայուն յանձնախումբի նախագահ, երեսփոխան Հասան Ֆատլալլա երէկ առաւօտեան ժամը 10:30-ին, խորհրդարանին մէջ նախագահեց յանձնախումբի նիստին, որուն ներկայ գտնուեցան նաեւ հաղորդակցութեան միջոցներու նախարար Պութրոս Հարպ, փոխվարչապետ, պաշտպանութեան նախարար Սամիր Մուքպել, ելեւմուտքի նախարար Ալի Հասան Խալիլ, Օժերոյի ընդհանուր տնօրէն Ապտել Մենեմ Եուսեֆ եւ բանակի գնդապետ Անթուան Քահուաժի, իսկ ներքին գործոց նախարար Նուհատ Մաշնուք բացակայեցաւ նիստէն, առանց ներկայացուցիչով մը իսկ մասնակցելու նիստին:

Խորհրդարանական յանձնախումբը շարունակեց քննարկել ապօրինի համացանցին թղթածրարը:

Հասան Խալիլ մեկնումի պահուն յայտնեց, որ այդ մարզին պատճառով հարիւրաւոր միլիոն տոլարի մսխում արձանագրուած է եւ կը պահանջուի պատասխանատուները հաշուետուութեան կանչել: «Մենք այս հարցը մինչեւ վերջ պիտի հետապնդենք», շեշտեց Խալիլ:

Մուսթաքպալ հոսանքի երեսփոխան Ամմար Հուրի իր կարգին յայտնեց, որ, ըստ յանձնախումբին, ապօրինի թղթածրարին պատճառով արձանագրուած մսխումը տարեկան դրութեամբ 400 միլիոն տոլարի հասած է:

Նիստէն ետք Հարպ եւ Ֆատլալլա խորհրդարանին մէջ տուին մամլոյ միացեալ ասուլիս մը:

Ֆատլալլա շեշտեց, որ յանձնախումբը կրցած է հաստատել, որ ապօրինի համացանցի չորս կեդրոններ գոյութիւն ունին Տըննիէի, Ույուն Սիմանի, Ֆաքրայի եւ Զաարուրի մէջ, եւ այդ հարցով մեղսակիցներուն առնչուող հետաքննութիւն բացուած է:

Ֆատլալլա ընդգծեց, որ իրենք կը պահանջեն արագացնել այդ հետաքննութիւնները եւ գործադրել օրէնքները:

Ֆատլալլա յայտնեց, որ, ըստ քննարկումներուն, բացայայտուած է, որ  լիբանանեան պետութիւնը ապօրինի համացանցին պատճառով տարեկան 200 միլիոն տոլարի մսխում կատարած է:

Իր կարգին, նախարար Պութրոս Հարպ յայտնեց, որ պէտք է արտօնել դատական իշխանութիւններուն շարունակելու հետաքննութիւնը` քողազերծելու համար այդ թղթածրարին ծալքերը:

Հարպ նշեց, որ այսօրուան զարգացումները անուղղակիօրէն կրկնութիւնն են 2009-ի դէպքերուն` աւելցնելով, որ Պարուքի մէջ բացայայտուած ապօրինի ցանցին գծով ցուցաբերուած թուլութիւնը քաջալերած է, որ հաղորդակցութեան ցանցին պարագային նման գայթակղութիւններ արձանագրուին:

«Դատական իշխանութիւններէն կը խնդրենք արագացնել հետաքննութիւնը, որպէսզի թուլամորթ գտնուելու տպաւորութիւն ձգած չըլլանք, եւ յանցաւորները հաշուետուութեան կանչուին», ըսաւ Հարպ:

Յանձնախումբը իր յաջորդ նիստը պիտի գումարէ երեքշաբթի, 5 ապրիլին:

Նախորդը

Պըրրի. «Ապօրինի Համացանցի Թղթածրարը Պէտք Է Լրջօրէն Հետապնդել»

Յաջորդը

Գերմանիոյ Համար Կարեւորագոյնը Լեռնային Ղարաբաղի Սահմանին Վրայ Բռնութեան Մակարդակի Նուազեցումն Է

RelatedPosts

Սպանիոյ Վարչապետի Հետ Հանդիպումի Ընթացքին,  Նախագահ Աուն. «Կը Յուսանք, Որ Սպանիան Եւրոպական Միութեան Հետ Աշխատանք Տանի` Իսրայէլի Վրայ Ճնշում Բանեցնելու»
Լիբանանեան

Սպանիոյ Վարչապետի Հետ Հանդիպումի Ընթացքին, Նախագահ Աուն. «Կը Յուսանք, Որ Սպանիան Եւրոպական Միութեան Հետ Աշխատանք Տանի` Իսրայէլի Վրայ Ճնշում Բանեցնելու»

February 3, 2026
Հարաւային Լիբանանի Վրայ Իսրայէլեան Օդային Յարձակումներու Շարք
Լիբանանեան

Հարաւային Լիբանանի Վրայ Իսրայէլեան Օդային Յարձակումներու Շարք

February 3, 2026
Ֆինիւլ. «Ո՛չ Խաղաղապահ Ուժերու  Անվտանգութեան Ոտնահարման»
Լիբանանեան

Ֆինիւլ. «Իսրայէլեան Բանակը Մեզ Տեղեկացուց, Որ Երէկ Կապոյտ Գիծին Մօտ Օդային Գործողութիւն Կատարած Է` Նետելու Համար Քիմիական Նիւթ, Որ Անոնց Խօսքով Թունաւոր Չէ»

February 3, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.