
Լիբանանեան բանակի գաղտնի սպասարկութեան ընկերակցութեամբ ամերիկեան ապահովական պատուիրակութիւն մը վերջերս այցելած էր հիւսիսային Լիբանան` ստուգելու համար այդ շրջանին մէջ հաւանական ապահովական մտահոգութիւնները:
Այդ այցելութեան աւարտին յստակ դարձած էր, որ հակառակ հիւսիսային Լիբանանի մէջ իր կրած բազմաթիւ վնասներուն, ՏԱՀԵՇ իր հայեացքը կը սեւեռէ հիւսիսային Լիբանանի վրայ` ապահովելու համար ծովային ելք մը:
Այդ նպատակով ՏԱՀԵՇ կը միտի հիւսիսային Լիբանանի մէջ գտնուող իր քնացած բջիջները արթնցնել` տիրելու համար Աքքարի: Սակայն Փալմիրի մէջ ՏԱՀԵՇ-ի կրած պարտութիւնը կը դժուարացնէ այդ ախորժակներուն իրականացումը եւ կը բարձրացնէ լիբանանեան տարբեր շրջաններուն մէջ շրջուն պայթումներուն հաւանականութիւնը:
Ըստ դիւանագիտական աղբիւրներու, կը նախատեսուի, որ յառաջիկայ շաբաթներուն ընթացքին Արսալի մէջ ՏԱՀԵՇ-ի եւ Ժապհաթ Նուսրայի միջեւ բախումները շարունակուին: Նոյն աղբիւրները կը շեշտեն, որ սուրիական վարչակարգին մօտիկ միջնորդներ Ժապհաթ Նուսրա խմբաւորումին առաջարկած են ուղղուիլ Իտլիպ:
Քալամունի մէջ Ժապհաթ Նուսրայի էմիր Ապու Մալեք Թալլիի մօտիկ աղբիւրներ յայտնած են, որ ան մերժած է այդ առաջարկը, սակայն ի վերջոյ զայն պիտի ընդունի` նկատի ունենալով, որ ՏԱՀԵՇ-ի զինեալներուն թիւը Ժապհաթ Նուսրայի զինեալներու թիւին կրկնապատիկն է:
Միւս կողմէ, «Ախպար» օրաթերթը կը գրէ, թէ Արսալի մէջ գտնուած են թռուցիկներ, որոնց համաձայն, Ժապհաթ Նուսրա լիբանանեան բանակին հակակշիռէն դուրս գտնուող բնակիչներուն ապահովութեան պիտի չկարենայ հսկել, որովհետեւ 15 ապրիլէն ետք լքած պիտի ըլլայ Արսալը:


