
Երէկ յետմիջօրէին Ռաս Պաալպեքի եւ Արսալի բարձունքներուն վրայ ՏԱՀԵՇ-ի եւ Ժապհաթ Նուսրայի ահաբեկչական խմբաւորումներուն միջեւ արձանագրուեցան զինեալ բուռն բախումներ, որոնք շարունակուեցան մինչեւ ուշ գիշեր:
Բախումները կեդրոնացան Ուատի Միրայի, Զամարանիի անցքին եւ Ժարաժիրի բարձունքներուն վրայ:
Նախնական տեղեկութիւններուն համաձայն, երկու կողմերէն 20 ահաբեկիչներ սպաննուեցան:
Անպաշտօն տեղեկութիւններ նշեցին, որ Ժապհաթ Նուսրա վերստին գրաւեց այն դիրքերը, որոնք ՏԱՀԵՇ-ի հետ ունեցած նախորդ բախումներուն կորսնցուցած էր:
Հըզպալլայի պատերազմական տեղեկատուութեան համաձայն, ՏԱՀԵՇ մտադրած է ներխուժել Մալահի եւ Աժրամ շրջանները, ինչպէս նաեւ Արսալի սուրիական գաղթակայանները:
Աւելի ուշ, շրջանառութեան մէջ դրուեցան լուրեր, թէ Արսալի բարձունքներուն վրայ տեղի ունեցած զինեալ բախումներուն ընթացքին սպաննուած են ՏԱՀԵՇ-ի պատասխանատուներէն Ապու Ֆարուքը եւ զինուորական գործողութիւններու պետ Ապու Ազզամը:


