Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Մոսկուայի Մէջ. «Լիբանան Պատրաստ Է Ռուսիոյ Հետ Գործակցելու Զինուորական Եւ Այլ Մարզերու Մէջ» Շեշտեց Հարիրի

March 31, 2016
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

hariri_lavrov_33016

Նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրի երէկ Մոսկուայէն յայտարարեց, որ Լիբանան պատրաստ է Ռուսիոյ հետ գործակցելու զինուորական եւ այլ մարզերու մէջ:

Հարիրի հանդիպում մը ունեցաւ Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրովի հետ:

Հանդիպումէն ետք Լաւրով յայտնեց, որ Ռուսիա կանոնաւոր կերպով կը գործակցի ո՛չ միայն Լիբանանի կառավարութեան, այլ նաեւ լիբանանեան քաղաքական բոլոր ուժերուն եւ քաղաքական անձնաւորութիւններուն հետ:

Լաւրով ընդգծեց, որ այդ գործակցութեան նպատակն է պահպանել լիբանանեան ընկերութեան եւ պետական հաստատութիւններուն հիմերը: «Մենք կը փափաքինք եւ յանձնառու ենք, որ Լիբանան ամէնէն արագ միջոցին կարենայ դուրս գալ իր ներքին քաղաքական հարցերէն: Մոսկուա կը փափաքի, որ լիբանանցիները առանձինն լուծեն իրենց հարցերը` առանց արտաքին միջամտութեան, հսկելով երկրին անկախութեան եւ լիբանանեան հողային ամբողջականութեան»:

Իր կարգին Հարիրի յայտնեց, որ Լիբանանի եւ արաբական աշխարհին համար կարեւոր է Ռուսիոյ հետ գործակցութիւնը:

«Լիբանան եւ անոր պետական հաստատութիւնները կը դիմագրաւեն դժուար հանգրուան մը, եւ մեր այցելութեան նպատակն է այդ հարցերուն լուծման առումով խորհրդակցիլ Մոսկուայի հետ: Լիբանանի մէջ նախագահական ընտրութեան հոլովոյթը խոչընդոտելու փորձեր կան, եւ մենք այս առումով կ՛ուզենք խորհրդակցիլ ձեզի հետ», ըսաւ Հարիրի:

Ան դրուատեց շրջանին մէջ Ռուսիոյ ունեցած դերակատարութիւնը` յոյս յայտնելով, որ ան իր դերակատարութիւնը կ՛ունենայ նաեւ Լիբանանի մէջ, ինչպէս նաեւ կը գործակցի Լիբանանի հետ` պայքարելու համար ահաբեկչութեան դէմ, յատկապէս երկրին սահմաններուն սպառնացող ահաբեկչութեան դէմ:

Հարիրի նշեց, որ Լաւրովի հետ իր հանդիպումը եղած է դրական` աւելցնելով, որ Մոսկուա Լիբանանի ապահովական կայունութեան յանձնառու է, «եւ մենք ոչ մէկ միջոց պիտի խնայենք Լիբանանը պահպանելու հաւանական փորձանքներէ», ըսաւ ան:

Հարիրի վերահաստատեց, որ Լիբանանի հարցերուն մեծամասնութիւնը կը լուծուի նախագահական ընտրութեամբ:

 

Նախորդը

Սալամի Անունով Մաշնուք Կը Հաստատէ, Որ Լիբանան Կը Մերժէ Սուրիացի Գաղթականներուն Բնակեցումը

Յաջորդը

Պըրրի. «Ապօրինի Համացանցի Թղթածրարը Պէտք Է Լրջօրէն Հետապնդել»

RelatedPosts

Սպանիոյ Վարչապետի Հետ Հանդիպումի Ընթացքին,  Նախագահ Աուն. «Կը Յուսանք, Որ Սպանիան Եւրոպական Միութեան Հետ Աշխատանք Տանի` Իսրայէլի Վրայ Ճնշում Բանեցնելու»
Լիբանանեան

Սպանիոյ Վարչապետի Հետ Հանդիպումի Ընթացքին, Նախագահ Աուն. «Կը Յուսանք, Որ Սպանիան Եւրոպական Միութեան Հետ Աշխատանք Տանի` Իսրայէլի Վրայ Ճնշում Բանեցնելու»

February 3, 2026
Հարաւային Լիբանանի Վրայ Իսրայէլեան Օդային Յարձակումներու Շարք
Լիբանանեան

Հարաւային Լիբանանի Վրայ Իսրայէլեան Օդային Յարձակումներու Շարք

February 3, 2026
Ֆինիւլ. «Ո՛չ Խաղաղապահ Ուժերու  Անվտանգութեան Ոտնահարման»
Լիբանանեան

Ֆինիւլ. «Իսրայէլեան Բանակը Մեզ Տեղեկացուց, Որ Երէկ Կապոյտ Գիծին Մօտ Օդային Գործողութիւն Կատարած Է` Նետելու Համար Քիմիական Նիւթ, Որ Անոնց Խօսքով Թունաւոր Չէ»

February 3, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.