
Մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը երէկ Պքերքէի մէջ շարունակեց ընդունիլ Ս. Զատկուան առիթով շնորհաւորութիւնները:
Ռայի պատրիարքին այցելեց փոխվարչապետ, պաշտպանութեան նախարար Սամիր Մուքպել:
Հանդիպումին ներկայ գտնուեցաւ նաեւ մարոնի համայնքի արտերկրի խորհուրդի նախկին նախագահ Միշել Էտտէ:
Ռայի պատրիարքին այցելեցին նաեւ նախկին նախարարներ Մարուան Շարպել, Ապտալլա Ֆարհաթ, Ճօ Սարգիս, Էլիաս Հաննա եւ Ռոժէ Տիպ, ինչպէս նաեւ նախկին երեսփոխան Ժըպրան Թոք եւ Անկախութիւն շարժումի նախագահ Միշել Մուաուատ: Քննարկուեցան լիբանանեան իրադարձութիւններն ու նախագահական ընտրութեան հոլովոյթը:


