ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԻ նախագահ Նեպիհ Պըրրի խորհրդարանական միացեալ յանձնախումբերը հրաւիրեց նիստի մը, որ պիտի գումարուի հինգշաբթի, 26 մայիսին. նիստին ընթացքին պիտի քննարկուի խառն ընտրական օրինագիծը:
ԿՐԹՈՒԹԵԱՆ եւ բարձրագոյն ուսման նախարար Էլիաս Ապու Սաապ հերքեց Պրէօվէի քննութիւնները ջնջելու մասին շրջանառութեան մէջ դրուած լուրերը` հաստատելով, որ պետական բոլոր քննութիւնները պիտի կատարուին ճշդուած թուականին:
ՀԱՆՐՕԳՈՒՏ շինութեանց եւ փոխադրութեան հարցերու նախարար Ղազի Զաայթեր շեշտեց, որ սուրիացի գաղթականները Լիբանանի մէջ բնակեցնելու իմաստով հրապարակուած տեղեկագիրները Լիբանանի եւ Սուրիոյ դէմ դաւադրութիւններ կը նկատուին:
ԳԱՂԹԱԿԱՆՆԵՐՈՒ հարցերու նախարար Ալիս Շապթինի կոչ ուղղեց գտնելու այնպիսի ելք մը, որուն իբրեւ արդիւնք կարելի ըլլայ ընտրել հանրապետութեան նախագահ մը:
ՏԻՒՐԶԻ համայնքի նախկին հոգեւոր պետ շէյխ Պահժաթ Ղէյս ոչ եւս է:
ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ միւֆթի շէյխ Ապտել Լաթիֆ Տըրիան երէկ ընդունեց երեսփոխան Պահիա Հարիրին, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան ազգային եւ իսլամական խնդիրներուն վերաբերող հարցեր: Տըրիանի այցելուներէն եղաւ նաեւ ընդհանուր դատախազ Սամիր Համմուտ:
ՎԱՐՉԱՊԵՏ Ֆուատ Սինիորա երէկ ընդունեց Լիբանանի մէջ Ֆրանսայի դեսպան Էմանուէլ Պոնը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան եւ շրջանային իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ երկկողմանի յարաբերութիւնները:
ԹԱՈՒՀԻՏ հոսանքի ղեկավար, նախկին նախարար Ուիամ Ուահապ շեշտեց, որ այլեւս ոչ մէկ արդարացուցիչ պատճառ կայ խորհրդարանի պաշտօնավարութիւնը շարունակելու: Քաղաքապետական ընտրութիւնները կատարելէ ետք ոչինչ կ՛արգիլէ, որ կատարուին նաեւ երեսփոխանական ընտրութիւնները:
ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ուժեր կուսակցութեան Պաթրունի մասնաճիւղը հաստատեց, որ Պաթրունի մէջ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան հետ ընտրական համաձայնութիւն կարելի չէ եղած գոյացնել` աւելցնելով, որ Լիբանանեան ուժեր կուսակցութիւնը իր հետեւորդներուն կը յայտնէ, թէ անոնք ազատ են իրենց կատարելիք ընտրութեան մէջ:
ԹՈՆԻ Ֆրենժիէ երէկ մաղթեց, որ Լիբանանի պետական հաստատութիւնները վերադառնան իրենց սահմանադրական աշխատանքի հոլովոյթին: Ան հաստատեց, որ քաղաքապետական ընտրութիւնները հանգրուանային են եւ իրենց բարգաւաճման բնոյթը պիտի պահպանեն:


