Վարչապետ Թամմամ Սալամ երէկ մեկնեցաւ Պոլիս, ընկերակցութեամբ` ընկերային հարցերու եւ կրթութեան նախարարներ Ռաշիտ Տըրպասի եւ Էլիաս Ապու Սաապի:
Վարչապետ Սալամ այսօր պիտի մասնակցի Մարդասիրութեան համաշխարհային խորհրդաժողովին, որուն ընթացքին պիտի արտասանէ Լիբանանի խօսքը:
Պոլիսէն կատարած իր յայտարարութեան մէջ, վարչապետ Սալամ շեշտեց, որ բոլոր լիբանանցիները համաձայն են սուրիացի գաղթականներուն բնակեցումը մերժելու գաղափարին շուրջ: