Երէկ երեկոյեան ժամը 5:00-ին Հարաւային արուարձաններուն մէջ Հըզպալլա կազմակերպած էր յիշատակի ձեռնարկ մը նուիրուած` Դիմադրութեան զինուորական ղեկավար Մուսթաֆա Պատրէտտինի (Զուլֆիքար) նահատակութեան:
Այս առիթով Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլա արտասանեց պատկերասփռուած ճառ մը, որուն ընթացքին իր «շնորհաւորութիւնները» փոխանցեց Պատրէտտինի ընտանիքին, հարազատներուն եւ Դիմադրութեան մարտիկներուն:
Սէյիտ Նասրալլա շեշտեց, որ Պատրէտտին Դիմադրութեան հիմնադրութեան առաջին օրերէն եղած է անոր շարքերուն մէջ եւ ստանձնած բազմաթիւ պատասխանատուութիւններ, յատկապէս զինուորական մարզին մէջ:
Ան կռուած է թշնամի Իսրայէլի դէմ եւ նպաստած Դիմադրութեան կառոյցի հզօրացման:
«2006-ին ան հիմնական դերակատարութիւն ստանձնած է յուլիսեան պատերազմի յաղթանակը կերտելու առումով, իսկ 2008-էն սկսեալ օժանդակած է ահաբեկչական ցանցերու եւ բջիջներու կազմաքանդումին: Ան մեծապէս նպաստած է ականուած ինքնաշարժներու ցանցերու բացայայտման եւ զանոնք հարուածելու հոլովոյթին», ըսաւ ան:
Սէյիտ Նասրալլա աւելցուց, որ Սուրիոյ պատերազմին բռնկելէն ետք Պատրէտտին որոշ շրջան մը Լիբանանէն ղեկավարած է Սուրիոյ մէջ գտնուող Հըզպալլայի մարտիկներուն գործողութիւնները, «որովհետեւ ես կը մերժէի անոր Սուրիա մեկնումը: Սակայն ան ի վերջոյ որոշեց երթալ Սուրիա եւ մասնակցիլ պատերազմին: Արձանագրեց մեծ նուաճումներ ու յաջողութիւններ եւ քաջաբար նահատակուեցաւ Դամասկոսի մէջ», ըսաւ սէյիտ Նասրալլա:
Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղարը յայտնեց, որ Դիմադրութեան նահատակները, ուր որ ալ նահատակուին անոնք, կը մնան Դիմադրութեան նահատակներ: «Մուսթաֆա Պատրէտտինի նահատակութեան մասին կատարուած արաբական եւ լիբանանեան մեկնաբանութիւնները քստմնելի են, դժբախտաբար այս պարագային թշնամի Իսրայէլ շատ աւելի լաւ գիտէ մեր անկեղծութեան մասին», ըսաւ ան:
Սէյիտ Նասրալլա աւելցուց, որ Դիմադրութիւնը Պատրէտտինի սպանութեամբ Իսրայէլը չէ ամբաստանած, պարզապէս որովհետեւ ճշմարտութեան կը հաւատայ, եւ ըստ հետաքննութեան, իսրայէլեան տուեալներ չկան դէպքին վայրին մէջ: «Մենք նոյնիսկ մեր թշնամիին դէմ քաղաքական ամբաստանութիւն չենք կատարեր: Մենք նոյնիսկ հոգեբանական պատերազմին ընթացքին չենք ստեր, իսկ մեր պատմութիւնը կը վկայէ, թէ երբ մենք խոստանանք հարուածել, կը հարուածենք: Իսկ այս առիթով սիոնականներուն կը սպառնանք, որ եթէ անոնց ձեռքը մեր ղեկավարներուն եւ Դիմադրութեան մարտիկներուն վրայ երկարի, ապա անմիջապէս եւ ուժեղ կերպով պիտի հարուածենք զանոնք, եւ հարուածը պիտի ըլլայ Մազարեհ Շեպաայէն դուրս, ինչ ալ ըլլան անոր հետեւանքները», հաստատեց ան:
Սէյիտ Նասրալլա կոչ ուղղեց Դիմադրութեան համակիրներուն եւ հետեւորդներուն շրջանցելու լիբանանցի եւ արաբ պատասխանատուներուն կողմէ Զուլֆիքարի նահատակութեան մասին կատարուած անսիրտ եւ անմարդկային արտայայտութիւնները` աւելցնելով, որ Դիմադրութեան համար Լիբանանի յատուկ Միջազգային դատական ատեան գոյութիւն չունի:
Սէյիտ Նասրալլա շեշտեց, որ Սուրիոյ դէմ համաշխարհային պատերազմ կը մղուի, որովհետեւ անիկա անկախ եւ գերիշխան երկիր մըն է, որ ամերիկեան հակակշիռէն հեռու է, Դիմադրութեան պաշտպանն է եւ Իսրայէլին ոչ ըսել գիտէ: «Միացեալ Նահանգներ եւ Իսրայէլ ստեղծած են նոր տեսակի բանակ մը, որ հաւատադրժողական ահաբեկիչներուն բանակն է. անոնք այդ սեւ բանակին տուած են սեւ դրօշ մը, որպէսզի իսլամութեան անունով կատարեն իրենց տէրերուն կողմէ արձակուած սպանդին հրահանգները: Այդ սեւ բանակին բռնարարքները կը ֆինանսաւորեն Սէուտական Արաբիան, Քաթարը, Արաբական Միացեալ Էմիրութիւնները, իսկ Թուրքիան անոնց կ՛ընծայէ ամէն տեսակի դիւրութիւն, որպէսզի քանդեն ամէն բան», շեշտեց ան:
Սէյիտ Նասրալլա ընդգծեց, որ 34 տարիէ ի վեր Դիմադրութիւնը կը պայքարի եւ կը տոկայ: «Մենք շատ աւելի վատ օրեր եւ պայմաններ անցուցած ենք, իսկ հիմա աւելի մեծ թիւերով պիտի շարունակենք ուղղուիլ Սուրիա, որովհետեւ համոզուած ենք մեր պայքարին արդարացիութեան եւ անոր արձանագրելիք յաղթանակին», եզրափակեց սէյիտ Նասրալլա: