
Փոխվարչապետ, պաշտպանութեան նախարար Սամիր Մուքպել երէկ Եարզէի մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ Ռուսիոյ դեսպան Ալեքսանտր Զասիփքինը, որուն ընկերակցեցաւ դեսպանատան զինուորական կցորդը:
Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան լիբանանեան-ռուսական զինուորական գործակցութեան հեռանկարները:
Հանդիպումէն ետք Զասիփքին շեշտեց, որ Մուքպելի հետ քննարկած են նաեւ Մոսկուա կատարած անոր վերջին այցելութեան եւ Ռուսիոյ պաշտպանութեան նախարար Սերկէյ Շոյկուի հետ անոր ունեցած հանդիպումին արդիւնքները:
«Մուքպելի հետ մենք քննարկեցինք այդ հանդիպումին գոյացած համաձայնութիւնները գործադրելու հեռանկարները, յատկապէս յառաջիկային ռուսական-լիբանանեան միացեալ յանձնախումբին կողմէ հետապնդուելիք աշխատանքներուն վերաբերող հարցեր», ըսաւ Զասիփքին:
Նշենք, որ Մուքպել այցելեց նաեւ բանակի հրամանատար զօր. Ժան Քահուաժիի, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան բանակին կարիքներն ու երկրին քաղաքապետական եւ թաղապետական ընտրութիւններուն անոր հսկողութիւնը:


