Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հարաւային Լիբանանի Քաղաքապետական Եւ Թաղապետական Ընտրութիւններ

Մայիս 23, 2016
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հարաւային Լիբանանի Քաղաքապետական
Եւ Թաղապետական Ընտրութիւններուն
Մասնակցութեան Համեմատութիւնը
Հասաւ 48,15 Առ Հարիւրի, Իսկ Ժեզզինի
Երեսփոխանական Մասնակի Ընտրութիւններուն
Յաղթանակ Արձանագրեց Ամալ Ապու Զէյտ

Հարաւային Լիբանանի մէջ երէկ կատարուած ընտրութիւններով, աւարտեցաւ քաղաքապետական եւ թաղապետական ընտրութիւններուն երրորդ փուլը:

mashnouk_52216

Ներքին գործոց եւ քաղաքապետութեանց հարցերու նախարար Նուհատ Մաշնուք երեկոյեան մամլոյ ասուլիսին ընթացքին յայտարարեց, որ քաղաքապետական եւ թաղապետական ընտրութիւններուն մասնակցութեան համեմատութիւնը 48,15 առ հարիւր է: Իսկ հարաւային Լիբանանի գաւառներուն պարագային անիկա հետեւեալ թուային պատկերը կը ներկայացնէ. Պընթ Ժպէյլ եւ Մերժահիուն 42,15 առ հարիւր, Սայտա 44 առ հարիւր, Սայտայի գիւղաքաղաքներ 57, 5 առ հարիւր, Ժեզզին 53 առ հարիւր, Սուր 49 առ հարիւր, Հասպայա 47 առ հարիւր եւ Նապաթիէ 49 առ հարիւր:

Նշենք նաեւ, որ Հարաւային Լիբանանի մէջ ընտրական հոլովոյթը անմասն չմնաց ընտրակաշառքներէ: Արձանագրուեցան քուէարկողները կաշառելու տարբեր դէպքեր, որոնց լոյսին տակ ներքին ապահովութեան ուժերը կատարեցին ձերբակալութիւններ:

Ապահովութեան առումով Մաշնուք ընդգծեց, որ լիբանանեան բանակին եւ ապահովութեան ուժերուն միջեւ գործակցութիւնը եղած է բացառիկ:

Ան խստիւ դատապարտեց հրճուանքի իբրեւ արտայայտութիւն կրակելու սովորութիւնները` շեշտելով, որ այդ արարքը դատապարտելի է, եւ ամէն գնով պիտի հալածուին նման արարքներ գործող անհատները:

Մաշնուք երէկ շրջեցաւ հարաւային Լիբանանի զանազան շրջանները` քաղաքապետական, թաղապետական եւ երեսփոխանական մասնակի ընտրութիւններուն ընթացքին հսկելու համար:

Մաշնուք ընդգծեց, որ ներքին գործոց նախարարութիւնը պատրաստ է կազմակերպելու երեսփոխանական ընտրութիւնները` ընդգծելով սակայն, որ պէտք է սահմանադրութեան մէջ արձանագրուած բացթողումին վերջ տալ նախագահական ընտրութեամբ:

«Նախ եւ առաջ պէտք է հանրապետութեան նախագահ ընտրել, որովհետեւ ընտրական օրէնքին շուրջ գոյանալիք համաձայնութիւնը կը թուի հեռու եւ դժուար ըլլալ», ըսաւ ան:

Սայտայի մէջ Մաշնուք շեշտեց, որ միջազգային ընտանիքը մօտէն կը հետեւի Լիբանանի մէջ կազմակերպուած ընտրութիւններուն եւ լիբանանցիներուն կողմէ ժողովրդավարական կարգերը յարգելու մօտեցումին:

Ան նշեց, որ հարաւի պարագային, քաղաքապետական եւ թաղապետական ընտրութիւններուն նախորդ երկու փուլերուն ընթացքին իրենց գործած սխալները սրբագրած են:

Մաշնուք Ժեզզինի մէջ յայտնեց, որ կան օտար դիւանագէտներ, որոնք արտօնութիւն ստացած են ներքին գործոց նախարարութենէն` հսկելու ընտրութիւններուն, աւելցնելով, որ ատիկա բնական է: Ան նաեւ դրուատեց հարաւի մէջ կատարուած հեզասահ ընտրութիւնները:

Հըզպալլայի ընտրական յանձնախումբը յայտնեց, որ Բարգաւաճում եւ հաւատարմութիւն ընտրական ցանկեր կազմուած են Սուրի, Պընթ Ժպէյլի եւ Մերժահիունի 69 գիւղաքաղաքներու համար: Նոյն յանձնախումբին համաձայն, Թայրտըպպա, Զըպքին, Այն Պաալ եւ Հարիս գիւղաքաղաքներուն մէջ ընտանիքներու միջեւ կազմուած ընտրացանկեր գոյութիւն ունին:

Հըզպալլայի ընտրական յանձնախումբը նշեց, որ Բարգաւաճում եւ հաւատարմութիւն ընտրացանկերը արդէն իսկ 33 գիւղաքաղաքներու մէջ յաղթանակ արձանագրած են` մրցակիցի չգոյութեան պատճառով:

Ժեզզին

Պէտք է նշել սակայն, որ հարաւային Լիբանանի պարագային, Ժեզզինի մէջ արձանագրուեցան նաեւ երեսփոխանական մասնակի ընտրութիւններ:

AMAL_52216Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան թեկնածու Ամալ Ապու Զէյտ յաղթական դուրս եկաւ Ժեզզինի երեսփոխանական մասնակի ընտրութիւններէն:

Այս առիթով Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան ղեկավար, արտաքին գործոց նախարար Ժըպրան Պասիլ երէկ ուշ գիշերին ուղղուեցաւ Ժեզզին, ուր  յայտնեց, թէ Ժեզզինի մէջ պատահածը քաղաքապետական ընտրութիւններէն շատ աւելի մեծ է:

«Մենք հոս ներկայ ենք բոլորին յայտնելու, թէ մենք գործակցութեան ձեռք կ՛երկարենք բոլորին, եւ մեր յաղթանակը կը պարտինք Ժեզզինի բնակչութեան, Ազգային ազատ հոսանքի, այլ կուսակցութեանց եւ Ժեզզինի ընտանիքներու զօրակցութեան: Մենք կը փափաքինք կանխահաս երեսփոխանական ընտրութիւններ կատարել, ընտրական նոր օրէնքի մը հիման, սակայն անոնք կը մերժեն այդ ընտրութիւնները, որովհետեւ գիտեն, որ այդ ընտրութիւններուն արդիւնքները պիտի ըլլան այնպէս, ինչպէս էին Ժեզզինի մէջ», հաստատեց Պասիլ:

Ան նշեց, որ Ժեզզինը դարձեալ կարելի չէ բռնագրաւել, այնքան ատեն որ Դիմադրութիւնը գոյութիւն ունի, իսկ Ժեզզին քաղաքական գերութեան ժամանակաշրջանին մէջ չի կրնար ըլլալ, այնքան ատեն որ Ազգային ազատ հոսանք կայ: «Ժեզզինը զօր. Աունի շրջանն է, ուր կարելի չէ զայն տապալել», ըսաւ Պասիլ` շնորհաւորելով Ապու Զէյտը:

Ժեզզինի մէջ երեսփոխանական մասնակի ընտրութիւններու ծիրին մէջ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան առաջադրած թեկնածու Ամալ Ապու Զէյտ քուէարկեց Մլիխի մէջ:

Ան շեշտեց, որ քաղաքապետական ընտրութիւնները քաղաքական բնոյթ ունին Ժեզզինի մէջ` աւելցնելով, որ Ժեզզինի բնակիչները իրենց ազատ կամքով ու համոզումով պիտի քուէարկեն, եւ մենք պիտի յարգենք անոնց կատարած ընտրութիւնը:

Ան շեշտեց, որ ինք յանձնառու կը մնայ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան ուղեգիծին` մաղթելով, որ ինք ըլլայ քաղաքական բոլոր ուժերը իրարու կապող կամուրջը:

Ապու Զէյտ հաւանական նկատեց, որ Ժեզզինի մէջ քուէարկութեան համեմատութիւնը հասնի 50 առ հարիւրի`  կոչ ուղղելով բոլորին քուէարկելու, որովհետեւ անիկա սահմանադրութեամբ քաղաքացիներուն տրուած իրաւունք է:

Ան յայտնեց, որ ինք հաւատարիմ պիտի մնայ զօր. Աունի եւ միջքրիստոնէական համաձայնութեան` ընդգծելով, որ Ազգային ազատ հոսանք եւ Լիբանանեան ուժեր կուսակցութիւնները քրիստոնեայ համայնքին մեծամասնութիւնը կը կազմեն:

Նշենք, որ Ժեզզինի մէջ երեսփոխանական մասնակի ընտրութիւններուն թեկնածութիւն առաջադրած Ամալ Ապու Զէյտի մրցակիցներն էին Սալահ Ժըպրանը, Փաթրիք Ռըզքալլան եւ Իպրահիմ Ազարը:

Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աուն առաւօտեան կատարած իր յայտարարութեան մէջ կոչ ուղղեց Ժեզզինի բնակչութեան ուղղուելու քուէատուփերը եւ մասնակցելու ժողովրդավարական այս հոլովոյթին, որուն իբրեւ արդիւնք կարելի է ամէն իմաստով փոփոխութիւն ապահովել:

Կէսօրէ ետք ժամը 4:00-ին Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահ կոչ ուղղեց Ժեզզինի բնակչութեան խիտ շարքերով ուղղուելու դէպի քուէարկութեան կեդրոններ` շեշտելով, որ Ժեզզինի մէջ քուէարկութեան համեմատութիւնը ցարդ գոհացուցիչ չէ:

Ժահժահ շեշտեց, որ Ժեզզինի մէջ ընտրուելիք քաղաքապետական խորհուրդը պատասխանատու պիտի ըլլայ յառաջիկայ վեց տարուան բարգաւաճումին, հետեւաբար պէտք է ամէն ջանք ի գործ դնել` յաջողցնելու համար Ժեզզինի բարգաւաճումը:

Սայտա Եւ Սայտայի Գիւղաքաղաքներ

Elections_South1_52216

Սայտայի եւ Սայտայի գիւղաքաղաքներուն մէջ քաղաքապետական եւ թաղապետական ընտրութիւնները ընթացան հանդարտ մթնոլորտի մէջ:

Նախկին վարչապետ Ֆուատ Սինիորա շեշտեց, որ Սայտայի քաղաքապետական ընտրութիւնները ունին քաղաքական մրցակցութեան որոշ բնոյթ, սակայն Սայտայի մէջ ընտրակաշառք գոյութիւն չունի:

Սինիորա հաստատեց, որ քուէարկութեան իրաւունքին տէր պէտք է կանգնիլ եւ առիթ չտալ, որ ուրիշներ միայն մասնակից ըլլան

որոշումին: Ան մաղթեց, որ քաղաքապետական աշխատանքը իր յաջող ընթացքը շարունակէ Սայտայի ներկայ քաղաքապետ Մոհամետ Սէուտիի գլխաւորած «Սայտայի բարգաւաճում» ընտրացանկին յաղթանակով:

Նասըրական շարժումի ընդհանուր քարտուղար Ուսամա Սաատ Սայտայի մէջ քուէարկելէ ետք կոչ ուղղեց բոլորին ընտրելու «Ժողովուրդի ձայն» ընտրացանկը, որովհետեւ ան կը հետապնդէ Սայտայի իսկական բարգաւաճման նպատակը:

Շէյխ Մահեր Համմուտ Սայտայի մէջ քուէարկելէ ետք շեշտեց, որ Սայտայի մէջ քուէարկութեան համեմատութիւնը բաւական ցած է` աւելցնելով, որ իրենք կը մաղթէին, որ Սայտայի ընտրութիւնները բարգաւաճման բնոյթի ընտրութիւններ ըլլային, սակայն դժբախտաբար անոնք ստացան քաղաքական բնոյթ:

Շէյխ Համմուտ հաւանական նկատեց, որ Սայտայի ներկայ քաղաքապետ Մոհամետ Սէուտիի գլխաւորած «Սայտայի բարգաւաճում» ընտրական ցանկը յաղթանակ արձանագրէ` մաղթելով սակայն, որ «Ժողովուրդի ձայն» կոչուող ընտրացանկը կարելի եղածին չափ լաւ արդիւնք արձանագրէ:

Մուսթաքպալ հոսանքի ընդհանուր քարտուղար Ահմետ Հարիրի շեշտեց, որ Մոհամետ Սէուտի կը ներկայացնէ զիրենք` աւելցնելով, որ անոր նախորդ վեց տարուան աշխատանքը Սայտայի մէջ իրենց որդեգրելիք իւրաքանչիւր քայլին մարմնաւորումն է:

Հարիրի ընդգծեց, որ Մուսթաքպալ հոսանքը պիտի փաստէ, որ ինք տակաւին քուէարկողներու հսկայ թիւ մը կը ներկայացնէ եւ զայն տապալելը դժուար է:

Ուշ գիշերին, նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրի ուղղուեցաւ Սայտա, ուր շնորհաւորեց շրջանի բնակիչները «Սայտայի բարգաւաճում» ընտրացանկին յաջողութեան առիթով:

Այս առիթով Ահմետ Հարիրի յայտնեց, որ Մոհամետ Սէուտիի գլխաւորած ընտրացանկը յաղթած է` աւելցնելով, որ իրենք գործակցութեան ձեռք կը մեկնեն հակառակորդ կողմին:

Նշենք, որ կէս գիշերին յայտարարուած անպաշտօն տեղեկութիւններուն համաձայն, լիբանանցի հռչակաւոր պասքեթպոլի մարզիկ Էլի Մշանթաֆի գլխաւորած ընտրացանկը յաջողութիւն արձանագրած էր Ապրայի մէջ:

Նապաթիէ

Նապաթիէի քաղաքապետական խորհուրդի թեկնածու Ահմետ Քահիլ Նապաթիէի մէջ քուէարկելէ ետք յայտնեց, որ Նապաթիէի մէջ ընտրապայքարը քաղաքական չէ, այլ` բարգաւաճման պայքար:

Ան նշեց, որ Նապաթիէի մէջ ընտրութիւնները կատարեալ հեզասահութեամբ եւ եղբայրական մթնոլորտի մէջ կ՛ընթանային:

Նապաթիէ գաւառի Հումին Ֆաուքա գիւղաքաղաքին մէջ քուէարկութեան մասնակցութեան համեմատութիւնը հասաւ 77 առ հարիւրի:

Հարաւային Լիբանանի Մէջ Քուէարկող Նախարարներ Եւ Երեսփոխաններ

Ելեւմուտքի նախարար Ալի Հասան Խալիլ շեշտեց, որ հարաւային Լիբանանի մէջ պատահածը ժողովրդավարութեան հարսանիք է` հաստատելով, որ անոր հեզասահ ընթացքը ոչինչ խոչընդոտած է:

Հաւատարմութիւն Դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքի նախագահ, երեսփոխան Մոհամետ Ռաատ շեշտեց, որ Հարաւային Լիբանանի մէջ քուէարկողը քաղաքական նոյն կողմը կը նկատուի, որովհետեւ անիկա Դիմադրութեան ուղեգիծին կողմն է:

«Հըզպալլայի եւ Ամալ շարժումին միջեւ համաձայնութիւնը քաղաքապետական ընտրութիւններուն հանդարտ եւ խաղաղ ընթացքը ապահոված է», շեշտեց Ռաատ:

Ղովմի կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ասաատ Հարտան Ռաշայա Ֆըխխարի մէջ քուէարկելու ընթացքին յայտնեց, որ քաղաքապետական թէ երեսփոխանական ընտրութիւններուն ընթացքին իրենք կը հաւատան համամասնական դրութեան վրայ հիմնուած ընտրական օրէնքին:

Ան մաղթեց, որ բարգաւաճումը ըլլայ բոլոր քաղաքապետարաններուն նպատակը:

Հարտան յոյս յայտնեց, որ յաղթանակ արձանագրեն անոնք, որոնք ամէն ջանք ի գործ կը դնեն շրջանին բարգաւաճման համար:

Ազատագրում եւ բարգաւաճում երեսփոխանական պլոքի անդամ Այուպ Հըմայէտ Պէյթ Լիֆի մէջ քուէարկելէ ետք դրուատեց ընտրութիւններուն հեզասահ եւ ապահով ընթացքը` կոչ ուղղելով մշակելու ընտրական նոր օրէնք մը, որուն հիման վրայ կատարուին երեսփոխանական կանխահաս ընտրութիւններ:

Հըմայէտ հաստատեց, որ անիկա միակ ձեւն է Լիբանանի դիմագրաւած անիշխանութեան վերջ տալու:

Նախկին երեսփոխան Էտմոն Ռըզք շեշտեց, որ Ժեզզինի մէջ ընտրապայքար գոյութիւն չունի` աւելցնելով, որ հոն պատահածը սիրալիր մրցակցութիւն մըն է նոյն քաղաքի բնակիչներուն միջեւ` ի խնդիր Ժեզզինի ծառայութեան:

Ազատագրում եւ բարգաւաճում պլոքի երեսփոխան Ալի Օսէյրան շեշտեց, որ Լիբանանի մէջ ազատութիւնները երաշխաւորող հիմնական յատկանիշը ժողովրդավարութիւնն է:

Քուէարկելէ ետք Օսէյրան մաղթեց, որ այս ընտրութիւնները ըլլան առիթ մը Լիբանանի մէջ ժողովրդավարութիւնը վերահաստատելու: «Թող ժողովրդավարութիւնը մեզի համար ըլլայ վահան մը` դիմադրելու Իսրայէլին եւ ՏԱՀԵՇ-ին», ըսաւ ան:

Հաւատարմութիւն դիմադրութեան պլոքի երեսփոխան Հասան Ֆատլալլա յայտնեց, որ քաղաքապետական եւ թաղապետական ընտրութիւններ կարելի պիտի չըլլար կատարել, առանց «Բանակ, ժողովուրդ, Դիմադրութիւն» եռամիասնութեան:

Ան ողջունեց հարաւային Լիբանանի մէջ հեզասահ կերպով ընթացող ընտրութիւնները` շեշտելով, որ անիկա ժողովրդավարութեան լաւագոյն դրսեւորումն է:

Ազատագրում եւ բարգաւաճում երեսփոխանական պլոքի անդամ Ալի Պեզզի շեշտեց, որ քաղաքապետական ընտրութիւնները կ՛օժանդակեն բարգաւաճման ծրագիրներ մշակելու եւ գործադրելու:

Ան նշեց, որ իւրաքանչիւր քաղաքացիի իրաւունքն է թեկնածութիւն առաջադրել ընտրութիւններուն, ինչպէս նաեւ քուէարկել: Ան ողջունեց հարաւային Լիբանանի բնակիչներուն կողմէ խիտ շարքերով ընտրութեան մասնակցելու պատրաստակամութիւնը, որ նաեւ ընդառաջում է խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի եւ Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլայի կոչերուն:

Երեսփոխան Պահիա Հարիրի Սայտայի մէջ քուէարկելէ ետք յայտնեց, որ Սայտայի ընտրութիւնները կը կատարուին անոր բարգաւաճման եւ յառաջդիմութեան համար: Ան շեշտեց, որ իւրաքանչիւր քաղաքացի քուէարկելու իրաւունք ունի եւ պէտք է տէր կանգնի իր իրաւունքին: Ան նշեց, որ Ժամաա Իսլամիէն իրենց դաշնակիցն է` աւելցնելով, որ ինք կը գնահատէ Սայտայի բնակչութեան կողմէ խիտ շարքերով քուէարկութեան մասնակցութիւնը:

 

Նախորդը

Վարչապետ Սալամ Մեկնեցաւ Պոլիս

Յաջորդը

Թուրք Նախարարը Ցեղասպանութեան Ճանաչման Օրինագիծին Մասին. Յոյս Ունինք, Որ Գերմանիան Պիտի Չկրկնէ Միւսներուն Սխալը

RelatedPosts

Կառավարութեան Նիստ` Պաապտայի Պալատին Մէջ
Լիբանանեան

Կառավարութեան Նիստ` Պաապտայի Պալատին Մէջ

Յուլիս 12, 2025
Ըստ «Թելեւիզիոն Սուրիա»-ի Աղբիւրներուն.  Շարհ Կը Սպառնայ Պէյրութի Դէմ Դիւանագիտական Եւ Տնտեսական Մագլցումի Դիմել
Լիբանանեան

Ըստ «Թելեւիզիոն Սուրիա»-ի Աղբիւրներուն. Շարհ Կը Սպառնայ Պէյրութի Դէմ Դիւանագիտական Եւ Տնտեսական Մագլցումի Դիմել

Յուլիս 12, 2025
Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
Լիբանանեան

«Նախագահ Աունի Նկատմամբ Մեծ Վստահութիւն Կայ, Եւ Անոր Ընտրանքները Լիբանանի Համար Լաւագոյնն Են» Կ՛ըսէ Արեւմուտքցի Դիւանագիտական Պաշտօնատար Մը

Յուլիս 12, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?