Ներքին գործոց նախարարութեան պաշտօնական կայքին ընդմէջէն երէկ կարելի եղաւ հերթաբար իմանալ հարաւային Լիբանանի քաղաքապետական եւ թաղապետական ընտրութիւններուն արդիւնքները:
Արդիւնքներու շրջագիծին մէջ նախարարութիւնը թուային յստակ պատկերով մը անդրադարձաւ նաեւ Ժեզզինի մէջ տեղի ունեցած երեսփոխանական մասնակի ընտրութեան եւ Ամալ Հիքմաթ Ապու Զէյտի արձանագրած յաղթանակին:
Ըստ նախարարութեան արդիւնքներուն, Ամալ Ապու Զէյտ ստացած է 14.653 քուէ, իսկ անոր մրցակիցները` Իպրահիմ Սամիր Ազար` 7.759 քուէ, Սալահ Նիքոլա Ժըպրան` 3.162 քուէ, եւ Փաթրիք Էլիաս Ռըզքալլա` 399 քուէ:
Ապու Զէյտ յայտնեց, որ Ժեզզին պիտի մնայ ազգային համերաշխութեան կեդրոնը:
Ժեզզինի քաղաքապետական ընտրութիւններուն պարագային նախարարութիւնը պաշտօնական արդիւնքները տակաւին չհրապարակեց, սակայն նախնական արդիւնքներուն հիման վրայ` Լիբանանեան ուժեր եւ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութիւններուն յայտարարած միացեալ ընտրացանկը գլխաւորող քաղաքացի Խալիլ Հարֆուշ ձախողած է:
Սայտայի ընտրութիւններուն պարագային, ներքին գործոց նախարարութիւնը հաստատեց Մոհամետ Սէուտիի գլխաւորած «Սայտայի բարգաւաճում» ընտրացանկին յաղթանակը:
Այս շրջագիծին մէջ, Սայտայի քաղաքապետ Մոհամետ Սէուտի յայտնեց, որ ինք ապահով կը զգար Սայտայի քաղաքապետական ընտրութիւններուն նկատմամբ` ընդգծելով, որ իրենք աշխատած են ամբողջ Սայտայի համար եւ այդպէս ալ պիտի շարունակեն իրենց ընթացքը:
«Սայտայի քաղաքապետութիւնը բոլորին քաղաքապետութիւնն է, իսկ քաղաքականութիւնը կանգ կ՛առնէ քաղաքապետարանին մուտքին», հաստատեց Սէուտի:
Իր կարգին, Ժամաա Իսլամիէ կոչ ուղղեց Սայտայի բնակիչներուն համախմբուելու իրենց քաղաքապետարանին շուրջ` շարունակելու համար անոր բարգաւաճման ուղին:
Ժամաա Իսլամիէ, որ Մուսթաքպալ հոսանքին կողքին կը զօրակցէր Սէուտիի գլխաւորած ընտրացանկին, իր հրապարակած հաղորդագրութեան մէջ նշեց, որ Սէուտի կատարեալ յանձնառութեամբ հսկած է Սայտայի շահերուն եւ նոյն ուղեգիծով պիտի շարունակէ` ապահովելու համար Սայտայի բարգաւաճման ծրագիրներու գործադրութիւնը:
Իր կարգին, հարաւային Լիբանանի մէջ Հըզպալլայի պատասխանատու շէյխ Նեպիլ Քաուք յայտնեց, որ Հըզպալլայի եւ Ամալ շարժումին կողմէ կազմուած միացեալ բոլոր ընտրացանկերը յաջողութիւն արձանագրած են հարաւային Լիբանանի քաղաքապետական եւ թաղապետական ընտրութիւններուն ընթացքին:
«Հաւատարմութիւն եւ բարգաւաճում» ընտրական դաշինքը ներկայացնող բոլոր թեկնածուները յաջողած են շնորհիւ շրջանի բնակիչներուն, որոնք յանձնառու են հարաւի բարգաւաճման:
Պըրրի Կը Շնորհաւորէ Հարաւային Լիբանանի Բնակիչները
Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի շնորհաւորեց հարաւային Լիբանանի բնակիչները անոնց յանձնառութեան համար` ընդգծելով, որ հարաւը վերահաստատած է Դիմադրութեան եւ բարգաւաճման նկատմամբ իր հաւատարմութիւնը:
Ան գնահատեց հարաւային Լիբանանի մէջ արձանագրուած պարկեշտ մրցակցութիւնը` ընդգծելով, որ հարաւի մէջ պահպանուած է բազմազանութիւնը, եւ ճշգրիտ կերպով ներկայացուած են բոլորը:
«Հարաւային Լիբանանը` Նաքուրայէն Արքուպ եւ հասնելով մինչեւ Ժեզզինի ջրվէժը, Լիբանանի յարութեան խարիսխն է», ըսաւ Պըրրի:


