Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ժոմպլաթ. «Եթէ Լիբանանի Շահերուն Կը Համընկնի, Որ Զօր. Աուն Դառնայ Հանրապետութեան Նախագահ, Ապա Ես Ոչ Մէկ Արգելք Ունիմ»

June 7, 2016
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

jumblatt_60616

Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթ հարցազրոյցի մը ընթացքին շեշտեց, որ Թրիփոլիի մէջ կատարուած քաղաքապետական ընտրութիւնները փաստեցին, թէ Թրիփոլին շրջանային հաշիւներ մաքրելու դաշտի վերածուած էր: Ան նշեց, որ բոլորը, ներառեալ` հրաժարեալ նախարար Աշրաֆ Ռիֆի, աշխատած են քանդել Թրիփոլին, մինչեւ որ սակայն շրջանային առումով պահը հասած է` սրբագրելու կացութիւնը:

Ժոմպլաթ յայտնեց, որ բոլոր անոնք, որոնք  Թրիփոլին զէնքով, դրամով եւ վերաշինութեան խոստումներով լոգցուցած են, ոչինչ կատարած են, բացի խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիէն, որ Թրիփոլիի բարգաւաճման համար 100 միլիոն տոլար տրամադրած է:

Անդրադառնալով Մուսթաքպալ հոսանքի ղեկավար, նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրիի, Ժոմպլաթ շեշտեց, որ ան մնայուն կերպով չափաւորական եղած է:

«Սակայն կը կարծեմ, որ սիւննի համայնքին չափաւորականութիւնը այսօր վտանգուած է, եւ Լիբանանի մէջ նախագահական ընտրութեան ազդակը սուրիական է եւ ոչ թէ իրանեան», ըսաւ ան:

Ժոմպլաթ կոչ ուղղեց Հարիրիի, որ Հըզպալլայի եւ շիի համայնքին դէմ նախապէս օգտագործած իր յարձակողական ոճին չվերադառնայ` աւելցնելով, որ եթէ ան համայնքային գրգռիչ ճառախօսութեան մէջ ներքաշուի, ապա ինչո՛վ կարելի է զայն տարբերել Աշրաֆ Ռիֆիէն եւ ներքին գործոց նախարար Նուհատ Մաշնուքէն: «Անհրաժեշտ է, որ չափաւորական մնաս», ըսաւ Ժոմպլաթ` իր խօսքը ուղղելով Հարիրիի:

Անդրադառնալով հանրապետութեան նախագահութեան` Ժոմպլաթ շեշտեց, որ ինք կ՛ընդունի միջքրիստոնէական հաշտութիւնը` ընդգծելով, որ եթէ քրիստոնեայ քաղաքական ուժերը հաստատեն, որ Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աունի շուրջ համախոհութիւն կարելի է գոյացնել` իբրեւ հանրապետութեան նախագահ, ապա ինք համաձայն է:

«Եթէ Լիբանանի շահերուն կը համընկնի, որ զօր. Աուն դառնայ հանրապետութեան նախագահ, ապա ես ոչ մէկ արգելք ունիմ», ընդգծեց Ժոմպլաթ:

Անդրադառնալով ընտրական օրէնքին` Ժոմպլաթ շեշտեց, որ դարձեալ 1960-ի ընտրական օրէնքով ընտրութիւններ կատարելը ամօթ է:

 

 

Նախորդը

Ճոնզ. «Պասիլի Հետ Համակարծիք Էինք, Թէ Նախագահական Ընտրութիւնը Կը Ծառայէ Լիբանանի Շահերուն»

Յաջորդը

Պըրրի Ասիրիի Եւ Լասընի Հետ Քննարկեց Լիբանանեան Իրադարձութիւնները

RelatedPosts

Սպանիոյ Վարչապետի Հետ Հանդիպումի Ընթացքին,  Նախագահ Աուն. «Կը Յուսանք, Որ Սպանիան Եւրոպական Միութեան Հետ Աշխատանք Տանի` Իսրայէլի Վրայ Ճնշում Բանեցնելու»
Լիբանանեան

Սպանիոյ Վարչապետի Հետ Հանդիպումի Ընթացքին, Նախագահ Աուն. «Կը Յուսանք, Որ Սպանիան Եւրոպական Միութեան Հետ Աշխատանք Տանի` Իսրայէլի Վրայ Ճնշում Բանեցնելու»

February 3, 2026
Հարաւային Լիբանանի Վրայ Իսրայէլեան Օդային Յարձակումներու Շարք
Լիբանանեան

Հարաւային Լիբանանի Վրայ Իսրայէլեան Օդային Յարձակումներու Շարք

February 3, 2026
Ֆինիւլ. «Ո՛չ Խաղաղապահ Ուժերու  Անվտանգութեան Ոտնահարման»
Լիբանանեան

Ֆինիւլ. «Իսրայէլեան Բանակը Մեզ Տեղեկացուց, Որ Երէկ Կապոյտ Գիծին Մօտ Օդային Գործողութիւն Կատարած Է` Նետելու Համար Քիմիական Նիւթ, Որ Անոնց Խօսքով Թունաւոր Չէ»

February 3, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.