
Իսրայէլի պաշտպանութեան նախարար Աւիկտոր Լիպըրման, իր ստանձնած նոր պաշտօնէն ետք առաջին անգամ ըլլալով այցելեց հիւսիսային Իսրայէլ, ուր հաստատեց, որ Թել Աւիւ յանձնառու է Լիբանանի հետ սահմանային խաղաղութիւնը պահպանելու:
«Կը մաղթեմ, որ այս յայտարարութեան մասին մեր դրացի երկիրը լաւ իմանայ եւ այս իմաստով չփորձէ Իսրայէլը փորձել», շեշտեց Լիպըրման:


