
Բանակի ընդհանուր հրամանատար զօր. Ժան Քահուաժի երէկ Եարզէի իր գրասենեակին մէջ ընդունեց ամերիկեան զինուորական պատուիրակութիւն մը` գլխաւորութեամբ Յորդանանի մէջ միացեալ գործողութեանց հրամանատար, գնդապետ-զօրավար Տանիէլ Ուոլրաթի: Խորհրդակցութիւնները կեդրոնացան երկկողմանի յարաբերութեանց եւ գործակցութեանց վրայ, յատկապէս մարզումի մարզին մէջ:
Միւս կողմէ, զօր. Քահուաժի երէկ անջատաբար ընդունեց նաեւ Ասորիներու լիկայի նախագահ Հապիպ Աֆրամը եւ երեսփոխան Հատի Հպէյշը:


