Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ Այն Թինէի մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ Սէուտական Արաբիոյ դեսպան Ալի Աուատ Ասիրին, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան եւ շրջանային իրադարձութիւնները:
Այն Թինէի այցելուներէն եղաւ նաեւ Լիբանանի մէջ Եւրոպական Միութեան դեսպան Քրիսթինա Լասըն: Քննարկուեցան տեղական եւ միջինարեւելեան զարգացումները:
Այն Թինէի այցելեց Դատական իշխանութեան գերագոյն խորհուրդի նախագահ, դատաւոր Ժան Ֆահըտ:
Միւս կողմէ, ռամատանի առիթով Պըրրի շնորհաւորական հեռագիր մը ստացաւ Իրանի Ազգային ժողովի նախագահ Ալի Լարիժանիէն:


