Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

June 8, 2016
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԸՆԿԵՐԱՅԻՆ հարցերու նախարար Ռաշիտ Տըրպաս մտավախութիւն յայտնեց, որ սուրիացի գաղթականներուն թղթածրարը վերածուի համայնքային գրգռութիւն հրահրող նիւթի մը:

ԳԱՂԹԱԿԱՆՆԵՐՈՒ հարցերու նախարար Ալիս Շապթինի հաստատեց, որ ահաբեկչութեան եւ անոր քնացած բջիջներուն դէմ մղուած պայքարը ազգային սուրբ պարտականութիւն է:

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Ահմետ Ֆաթֆաթ շեշտեց, որ Լիբանանի նախագահական ընտրութեան առումով վերջին խօսքը կը գտնուի Թեհրանի մէջ եւ ոչ այլուր:

«ՆԱՀԱՐ» օրաթերթին համաձայն, նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրի ռամատանի առիթով կազմակերպուած իֆթարներուն ընթացքին անկեղծ կերպով պիտի անդրադառնայ երկիրը յուզող շարք մը հարցերու:

ՀԸԶՊԱԼԼԱՅԻ ընդհանուր քարտուղարի տեղակալ շէյխ Նայիմ Քասեմ յայտնեց, որ 1960-ի ընտրական օրէնքին վերադարձը արկածախնդրութիւն է` աւելցնելով, որ այդ օրէնքին հիման վրայ տեղի ունենալիք երեսփոխանական ընտրութիւնները Մուսթաքպալ հոսանքին նոյնքան ներկայացուցչութիւն պիտի չկարենան ապահովել:

«ԺՈՒՄՀՈՒՐԻԱ» օրաթերթը` իր տեղեկութիւնները քաղելով Մուսթաքպալ հոսանքէն, հաստատեց, որ ներքին գործոց նախարար Նուհատ Մաշնուքի արտասանած խօսքերը երբեք նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրիի կեցուածքները չեն արտայայտեր: Նոյն օրաթերթին համաձայն, խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի ամէն ջանք ի գործ կը դնէ լիբանանցիներուն ձգտումներուն համապատասխանող ընտրական օրէնք մը մշակելու:

«ՏԻԱՐ» օրաթերթին համաձայն, խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրին կը նկատէ Լիբանանը պահպանող հիմնական սիւներէն մէկը:

ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարգաւաճում պլոքի անդամ երեսփոխան Ալի Պեզզի շեշտեց, որ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի կը փորձէ լիբանանեան քաղաքական բոլոր կողմերուն մտահոգութիւնները փարատել` առաջարկելով խառն ընտրական օրէնքի տարբերակը:

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Աթեֆ Մաժտալանի յայտնեց, որ Լիբանանի մէջ ապօրինի զէնքին գոյութիւնը չ՛արտօներ, որ ամբողջական համամասնականութեան վրայ հիմնուած ընտրական օրէնք մը վաւերացուի:

ՆԱԽԿԻՆ երեսփոխան Մարիօ Աուն շեշտեց, որ իրենց հասած բոլոր տեղեկութիւնները ցոյց կու տան, որ նախագահական ընտրութեան առումով կացութիւնը հասած է երկունքի:

ՄԱՐՈՆԻ համայնքի Պէյրութի առաջնորդ Պուլոս Մաթար եպիսկոպոս հաստատեց, որ առանց հանրապետութեան նախագահի Լիբանանը յարգուած երկիր մը չի նկատուիր եւ անոր կացութիւնը ապառողջ է:

ԼԻԲԱՆԱՆԻ մէջ Բրիտանիոյ դեսպան Հիւկօ Շորթըր հաստատեց, որ Լոնտոն յանձնառու է Լիբանանի կայունութեան եւ անոր բարգաւաճման` աւելցնելով, որ այդ իմաստով Բրիտանիա ոչինչ կը խնայէ:

 

Նախորդը

Պոլսոյ Մէջ Ականահարումի Գործողութենէն Ետք. Էրտողան Կը Դատապարտէ «Մարդկութեան Դէմ Յարձակում»-ը

Յաջորդը

Ռիֆի. «Հակառակորդ Կողմին Մեծամտութիւնը Թրիփոլին Զրկեց Քրիստոնեայ Եւ Ալեւի Ներկայացուցիչներէն»

RelatedPosts

Ժոմպլաթ. «Սխալեցանք, Երբ Իսլամապատի Ուղիին  Փոխարէն Ընտրեցինք Ռուպիոյի Ուղին,  Որ Մեզ Որեւէ Տեղ Պիտի Չառաջնորդէ»
Լիբանանեան

Ժոմպլաթ. «Սխալեցանք, Երբ Իսլամապատի Ուղիին Փոխարէն Ընտրեցինք Ռուպիոյի Ուղին, Որ Մեզ Որեւէ Տեղ Պիտի Չառաջնորդէ»

October 27, 2026
Խրէյս Կոչ Կ՛Ուղղէ Ազգային Միասնականութեան  Կառչելու Եւ Քաղաքացիական  Խաղաղութիւնը Պաշտպանելու
Լիբանանեան

Խրէյս Կոչ Կ՛Ուղղէ Ազգային Միասնականութեան Կառչելու Եւ Քաղաքացիական Խաղաղութիւնը Պաշտպանելու

October 27, 2026
Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
Լիբանանեան

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

October 27, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.