Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Բանակը Ձերբակալեց ՏԱՀԵՇ-ի Անդամներ, Կազմաքանդեց Լրտեսումի Սարք Մը Եւ Ստացաւ Ամերիկեան Զինուորական Օժանդակութիւն

June 8, 2016
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Barouk_60716

Լիբանանեան բանակի հրամանատարութիւնը երէկ հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որուն շրջագիծին մէջ նշուեցաւ, որ բանակը Արսալի իր անցարգելներէն մէկուն վրայ ձերբակալած է ՏԱՀԵՇ-ի երկու անդամներ, որոնք մինիվենի մը մէջ պահուըտած էին` Արսալի բարձունքները գտնուող հաւատադրժողական ահաբեկիչներուն միանալու նպատակով:

Բանակը ձերբակալեալները յանձնեց համապատասխան մարմիններուն, որոնք անմիջապէս հարցաքննութեան ձեռնարկեցին:

Այլ հաղորդագրութեամբ մը բանակը յայտարարեց, որ Պարուքի լերան վրայ բացայայտած է կերպընկալէ շինուած

ժայռաձեւ կազմած մը, որ լրտեսումի սարքեր կը պարունակէր: Բանակը կազմաքանդեց այդ սարքը եւ այս մասին հետաքննութիւն բացաւ:

Բանակը Ստանձնեց Ամերիկեան Զինուորական
Օժանդակութիւններ

military_gift_60716

Միւս կողմէ, լիբանանեան բանակի հրամանատարութիւնը երէկ ստացաւ ամերիկեան զինուորական օժանդակութիւն մը:

Լիբանանեան բանակի հրամանատարի ներկայացուցիչ գնդապետ-զօրավար Մանուէլ Գրաճեան Լիբանանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպանի գործակատար Ռիչըրտ Ճոնզի ներկայութեամբ ստանձնեց հետախուզական երկու օդանաւ` օժտուած գերարդիական յատկութիւններով:

Ճոնզ յայտնեց, որ Միացեալ Նահանգներ պիտի շարունակեն օժանդակել լիբանանեան բանակին` բարելաւելու համար անոր գումակային կարողութիւնները եւ ամրապնդելու համար անոր պատերազմական յատկանիշները:

Ճոնզ շեշտեց, որ Ուաշինկթըն բարձր կը գնահատէ լիբանանեան բանակին նուաճումները, յատկապէս ահաբեկչութեան դէմ անոր մղած պայքարն ու երկրին ապահովական կայունութեան պահպանումը:

ՆՇԵՆՔ, որ Ճոնզ այցելեց նաեւ վարչապետ Թամմամ Սալամի, որուն հետ քննարկեց երկրին իրադարձութիւնները: Ճոնզ դրուատեց Լիբանանի մէջ քաղաքապետական եւ թաղապետական ընտրութիւններու կայացումը` հաստատելով, որ անիկա Լիբանանի ժողովրդավարական վարչակարգը ամրապնդած է: Ճոնզ ընդգծեց Լիբանանի մէջ նախագահական ընտրութիւն կատարելու անհրաժեշտութիւնը` մաղթելով միաժամանակ, որ երեսփոխանական ընտրութիւնները կատարուին ճշդուած թուականին:

 

 

Նախորդը

Խորհրդարանի Միացեալ Յանձնախումբերը Իրենց Յաջորդ Նիստը Պիտի Գումարեն Ազգային Երկխօսութեան Նիստէն Օր Մը Ետք

Յաջորդը

Ալիեւ. «Լեռնային Ղարաբաղի Տագնապի Լուծման Գործին Մէջ Ռուսիոյ Դերը Շատ Կառուցողական Է»

RelatedPosts

Սպանիոյ Վարչապետի Հետ Հանդիպումի Ընթացքին,  Նախագահ Աուն. «Կը Յուսանք, Որ Սպանիան Եւրոպական Միութեան Հետ Աշխատանք Տանի` Իսրայէլի Վրայ Ճնշում Բանեցնելու»
Լիբանանեան

Սպանիոյ Վարչապետի Հետ Հանդիպումի Ընթացքին, Նախագահ Աուն. «Կը Յուսանք, Որ Սպանիան Եւրոպական Միութեան Հետ Աշխատանք Տանի` Իսրայէլի Վրայ Ճնշում Բանեցնելու»

February 3, 2026
Հարաւային Լիբանանի Վրայ Իսրայէլեան Օդային Յարձակումներու Շարք
Լիբանանեան

Հարաւային Լիբանանի Վրայ Իսրայէլեան Օդային Յարձակումներու Շարք

February 3, 2026
Ֆինիւլ. «Ո՛չ Խաղաղապահ Ուժերու  Անվտանգութեան Ոտնահարման»
Լիբանանեան

Ֆինիւլ. «Իսրայէլեան Բանակը Մեզ Տեղեկացուց, Որ Երէկ Կապոյտ Գիծին Մօտ Օդային Գործողութիւն Կատարած Է` Նետելու Համար Քիմիական Նիւթ, Որ Անոնց Խօսքով Թունաւոր Չէ»

February 3, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.