
Երէկ առաւօտեան կանուխ ժամերուն Արսալի բարձունքներէն Աժրամ շրջանին մէջ տեղի ունեցաւ գերիներու փոխանակման գործողութիւն մը` ՏԱՀԵՇ-ի եւ Ժապհաթ Նուսրայի միջեւ:
Հըզպալլայի պատերազմական տեղեկատուութեան բաժանմունքին համաձայն, ահաբեկչական երկու կազմակերպութիւններուն միջեւ գերիներու փոխանակման գործողութեան բանակցութիւնները տեւեցին մէկ շաբաթ` նկատի ունենալով փոխանակումը կատարելու վայրին շուրջ ստեղծուած խոչընդոտները:
Գերիներու փոխանակման շրջագիծին մէջ ազատ արձակուեցան Ժապհաթ Նուսրայի 5 անդամներ, ինչպէս նաեւ ՏԱՀԵՇ-ի 7 անդամներ, որոնց մէջ կը գտնուէր նաեւ Ապու Ֆահս, որ ձերբակալուած էր Արսալի բարձունքներուն վրայ գտնուող սուրիացի գաղթականներուն մօտ ականուած մոթորսիքլեթ մը պայթեցնելու յանցանքով:
Կը նախատեսուի, որ յառաջիկայ օրերուն եւս երկու կազմակերպութիւններուն միջեւ կատարուի գերիներու փոխանակում` նկատի ունենալով, որ գերեվարուած զինեալներուն թիւը կը հասնի 30-ի:


