Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

June 22, 2016
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԶԲՕՍԱՇՐՋՈՒԹԵԱՆ նախարար Միշել Ֆարաոն շեշտեց, որ Լիբանանի մէջ ապահովական կացութիւնը հակակշիռի տակ կը գտնուի` աւելցնելով, որ երկրին ապահովական կայունութիւնը առկայ է, իսկ Պէյրութի միջազգային օդակայան տանող ճամբան 2013-էն ի վեր ապահով է:

ՏՆՏԵՍՈՒԹԵԱՆ եւ առեւտուրի հրաժարեալ նախարար Ալեն Հաքիմ յայտնեց, որ Պետական անվտանգութեան կառոյցի ընդհանուր տնօրէն հազարապետ-զօրավար Ժորժ Քարաայի բացակայութիւնը վարչապետարանին մէջ գումարուած ապահովական նիստէն կը լուսանցքայնացնէ ապահովական այդ կառոյցը եւ կը հարուածէ պետական կառոյցներուն մէջ քրիստոնեայ ներկայութիւնը:

ՀԱՆՐՕԳՈՒՏ շինութեանց եւ փոխադրութեան հարցերու նախարար Ղազի Զաայթեր երէկ ընդունեց Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի երեսփոխան Քասեմ Հաշեմը, որուն կոչ ուղղեց Ժիպէյլը Պաթրունին կապող ճամբու մը կառուցումը ապահովելու:

ՀԸԶՊԱԼԼԱՅԻ ընդհանուր քարտուղարի տեղակալ շէյխ Նայիմ Քասեմ կոչ ուղղեց որդեգրելու համամասնական դրութեամբ ընտրական օրէնքը, որովհետեւ ամէնէն արդարն է` ճշգրիտ ներկայացուցչութեան առումով:

ՆԱԽԿԻՆ նախարար Ֆայեզ Շքըր յայտնեց, որ քաղաքական, ապահովական եւ տնտեսական առումով Լիբանան կ՛ապրի իր պատմութեան ամէնէն դժուար հանգրուանը:

ՏԻՒՐԶԻ համայնքի հոգեւոր պետ շէյխ Նայիմ Հասան երէկ ընդունեց Լիբանանի մէջ Բրիտանիոյ դեսպան Հիւկօ Շորթըրը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները` ընդգծելով, որ Բրիտանիա պէտք է շարունակէ զօրակցիլ Լիբանանին:

ԺՈՂՈՎՈՒՐԴ շարժումի նախագահ Նաժահ Ուաքիմ խստիւ դատապարտեց Ծոցի երկիրներուն քաղաքականութիւնը եւ անհրաժեշտ նկատեց դիմադրել ամերիկեան-իսրայէլեան ծրագիրներուն:

ԹԱՈՒՀԻՏ հոսանքի ղեկավար Ուիամ Ուահապ շեշտեց, որ անհրաժեշտ է իմանալ Սուրիոյ մէջ ահաբեկչութիւնը քաջալերելու վտանգները, որովհետեւ Յորդանան այդ իրականութեան գինը շատ սուղ պիտի վճարէ:

ՓԱՂԱՆԳԱՒՈՐ կուսակցութեան երեսփոխան Ֆատի Հապըր հաստատեց, որ աշխատանքի նախարար Սըժաան Քազզի Փաղանգաւոր կուսակցութեան որոշումին չէ ենթարկուած, հետեւաբար զայն հեռացուցած են կուսակցութենէն:

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Ահմետ Ֆաթֆաթ շեշտեց, որ խառն ընտրական օրէնքը ներկայիս առկայ միակ լուծումն է` երկրին քաղաքական տագնապը լուծելու եւ պետական ու սահմանադրական հաստատութիւններուն աշխատանքը կանոնաւորելու առումով:

ԺԱՄԱԱԱ Իսլամիէի երեսփոխան Իմատ Հութ հաստատեց, որ նախագահական ընտրութիւնը պէտք է կատարուի նախքան երեսփոխանական ընտրութիւնները:

 

 

Նախորդը

Սուրիոյ Հետ Սահմանին Վրայ. Յորդանանի Սահմանապահ Ուժերու Դէմ Ահաբեկչական Գործողութիւն

Յաջորդը

Արսալի Բարձունքներուն Վրայ. ՏԱՀԵՇ Եւ Ժապհաթ Նուսրա Գերիներու Փոխանակում Կը Կատարեն

RelatedPosts

Սպանիոյ Վարչապետի Հետ Հանդիպումի Ընթացքին,  Նախագահ Աուն. «Կը Յուսանք, Որ Սպանիան Եւրոպական Միութեան Հետ Աշխատանք Տանի` Իսրայէլի Վրայ Ճնշում Բանեցնելու»
Լիբանանեան

Սպանիոյ Վարչապետի Հետ Հանդիպումի Ընթացքին, Նախագահ Աուն. «Կը Յուսանք, Որ Սպանիան Եւրոպական Միութեան Հետ Աշխատանք Տանի` Իսրայէլի Վրայ Ճնշում Բանեցնելու»

February 3, 2026
Հարաւային Լիբանանի Վրայ Իսրայէլեան Օդային Յարձակումներու Շարք
Լիբանանեան

Հարաւային Լիբանանի Վրայ Իսրայէլեան Օդային Յարձակումներու Շարք

February 3, 2026
Ֆինիւլ. «Ո՛չ Խաղաղապահ Ուժերու  Անվտանգութեան Ոտնահարման»
Լիբանանեան

Ֆինիւլ. «Իսրայէլեան Բանակը Մեզ Տեղեկացուց, Որ Երէկ Կապոյտ Գիծին Մօտ Օդային Գործողութիւն Կատարած Է` Նետելու Համար Քիմիական Նիւթ, Որ Անոնց Խօսքով Թունաւոր Չէ»

February 3, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.