ԱՆՏԻՈՔԻ, Համայն Արեւելքի, Աղեքսանդրիոյ եւ Երուսաղէմի յոյն կաթողիկէ համայնքի Կրեկորիոս Գ. Լահհամ պատրիարքը կոչ ուղղեց Լիբանանի գերագոյն շահերուն համար գործելու` հաստատելով, որ այդ շահերը կ՛ենթադրեն նախագահական ընտրութեան կատարումը:
ՆԱԽԿԻՆ վարչապետ Նեժիպ Միքաթի երէկ ընդունեց Լիբանանի մէջ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի անձնական ներկայացուցիչ Սիկրիտ Քաակը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ ՄԱԿ-ի թիւ 1701 բանաձեւին գործադրութեան վերաբերող հարցեր:
ՆԱԽԿԻՆ վարչապետ Ֆուատ Սինիորա երէկ ընդունեց Լիբանանի մէջ Ռուսիոյ դեսպան Ալեքսանտր Զասիփքինը, որուն հետ քննարկեց տեղական եւ շրջանային իրադարձութիւնները: Սինիորայի այցելեց նաեւ Լիբանանի մէջ Մարոքի դեսպան Ալի Օմլիլ: Քննարկուեցան երկկողմանի յարաբերութիւնները:
ՄՇԱԿՈՅԹԻ նախարար Ռոնի Արայժի յայտնեց, որ Փաղանգաւոր կուսակցութեան նախարարներուն հրաժարականը այս ժամանակամիջոցին համար անօգուտ է:
ՀԱՆՐՕԳՈՒՏ շինութեանց եւ փոխադրութեան հարցերու նախարար Ղազի Զաայթեր շեշտեց, որ հրաժարիլը պատասխանատուութենէ փախուստ տալ կը նշանակէ` աւելցնելով, որ երկրին մէջ տիրող մթնոլորտը տակաւին ձեռնտու չէ նախագահական ընտրութիւն կատարելու իմաստով:
ԳԱՂԹԱԿԱՆՆԵՐՈՒ հարցերու նախարար Ալիս Շապթինի շեշտեց, որ անընդունելի է, որ քաղաքացին մնայուն կերպով հանդուրժէ պատասխանատուներուն հարցերուն:
ԶԲՕՍԱՇՐՋՈՒԹԵԱՆ նախարար Միշել Ֆարաոն կոչ ուղղեց լիբանանցիներուն ներկայ գտնուելու Լիբանանի տարբեր շրջաններուն մէջ կազմակերպուող փառատօններուն` հաստատելով, որ ապահովական ոչ մէկ վտանգ գոյութիւն ունի եւ երկրին ապահովական կայունութիւնը հակակշիռի տակ է:
ՆԱԽԿԻՆ նախարար Ֆատի Ապպուտ հաստատեց, որ Լիբանան կարիքը ունի սերունդի մը, որ իր քուէներով պատասխանատուները հաշուետուութեան կը կանչէ:
ՀԱՒԱՏԱՐՄՈՒԹԻՒՆ դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքի նախագահ Մոհամետ Ռաատ շեշտեց, որ ամերիկացիներն ու ամբողջ Արեւմուտքը չեն ուզեր, որ Լիբանանի մէջ ըլլայ Դիմադրութեան պայքարելու ոգին:
ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Ամմար Հուրի յոյս յայտնեց, որ Ազգային երկխօսութեան նիստը ընտրական օրէնքին առումով յառաջդիմութիւն մը արձանագրէ:
ԱՆՊԱՇՏՕՆ աղբիւրներու համաձայն, Հըզպալլա նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրիին փոխանցած է, թէ Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աունն է, որ կրնայ ճշդել յաջորդ վարչապետին ինքնութիւնը:
ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարգաւաճում երեսփոխանական պլոքի անդամ Եասին Ժապեր կոչ ուղղեց լրջօրէն մեկնաբանելու քաղաքապետական ընտրութիւններուն արդիւնքները եւ անկէ դասեր քաղելու:
ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ պլոքի երեսփոխան Աթեֆ Մաժտալանի շեշտեց, որ երկրին քաղաքական աշխատանքը անկարելի է կազմաւորել` առանց կառչած մնալու երկրին սահմանադրութեան:
ՀԱՒԱՏԱՐՄՈՒԹԻՒՆ դիմադրութեան պլոքի երեսփոխան Ալի Ֆայեատ շեշտեց, որ Սուրիոյ մէջ Հըզպալլայի մարտիկներուն մղած կռիւը բոլոր լիբանանցիները պաշտպանելու կռիւ է:
ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարգաւաճում պլոքի երեսփոխան Հանի Քպայսի շեշտեց, որ իրենք կը փորձեն պատրաստել ընտրական արդար օրինագիծ մը, ըստ որուն, համայնքային եւ յարանուանական երկիր մը գոյութիւն չունենայ:
ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ եւ բարեկարգում համախմբումի երեսփոխան Սելիմ Սալհապ յայտնեց, որ քաղաքապետական ընտրութիւններուն արդիւնքները կը փաստեն, թէ լիբանանցիները կը ձգտին փոփոխութեան:
ՆԱԽԿԻՆ երեսփոխան Նասեր Քանտիլ շեշտեց, որ ամերիկեան պատժամիջոցներուն նպատակը միայն Հըզպալլայի քայքայումը եւ տկարացումը չէ, այլ նաեւ լիբանանեան թղթոսկիին արժեզրկումը:
ՓԱՂԱՆԳԱՒՈՐ կուսակցութեան քաղաքական խորհուրդի անդամ Էլիաս Հանքաշ շեշտեց, որ կառավարութիւնը սկսած է դառնալ վտանգաւոր` աւելցնելով, որ անոր գոյութիւնը շատ աւելի վտանգաւոր դարձած է, քան բացակայութիւնը:
ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ուժեր կուսակցութեան խորհրդատու Ուեհպէ Քաթիշա շեշտեց, որ ահաբեկչական կազմակերպութիւններուն զինուորապէս հետապնդումը բաւարար չէ ահաբեկչութենէն ձերբազատելու:
«ՏԻԱՐ» օրաթերթին համաձայն, Թրիփոլիի մէջ նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրիի հակառակորդը այսուհետեւ հրաժարեալ նախարար Աշրաֆ Ռիֆին է եւ ոչ թէ Նեժիպ Միքաթին:
ՔՈՒԷՅԹԵԱՆ «Ռայ» օրաթերթին համաձայն, խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրիի նախաձեռնութիւնը պիտի չկարենայ յաջողիլ երկիրը իր դիմագրաւած քաղաքական տագնապէն փրկելու:
 
			

