Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

Յունիս 23, 2016
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՄԱՐՈՆԻ համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը երէկ հովուապետական այցելութեամբ մը ուղղուեցաւ Միացեալ Նահանգներ, ուր պիտի այցելէ Պրուքլինի, Նիւ Եորքի, Լոս Անճելըսի եւ Սան Ֆրանսիսքոյի առաջնորդարանները:

ՀԸԶՊԱԼԼԱՅԻ ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլա ուրբաթ, 24 յունիս 2016-ին, երեկոյեան ժամը 5:00-ին պատկերասփռուած խօսք մը պիտի արտասանէ, Մուսթաֆա Պատրէտտինի նահատակութեան քառասունքին առիթով կազմակերպուելիք յիշատակի ձեռնարկին ընթացքին:

ՆԱԽԿԻՆ նախագահ զօր. Միշել Սլէյման երէկ յայտնեց, որ Լիբանան շատ աւելի զօրաւոր է, քան ինչ որ իրենք կը կարծէին: Միւս կողմէ, Սլէյման ընդունեց Լիբանանի մէջ Թուրքիոյ դեսպան Չաղաթայ Էրճիյէսը, որուն հետ քննարկեց երկկողմանի յարաբերութիւններն ու շրջանային եւ տեղական իրադարձութիւնները:

ՆԱԽԿԻՆ վարչապետ Ֆուատ Սինիորա շեշտեց, որ երկրին դիմագրաւած քաղաքական տագնապի լուծման իսկական բանալին հանրապետութեան նախագահի ընտրութիւնն է:

ԱՇԽԱՏԱՆՔԻ նախարար Սըժաան Քազզի յայտնեց, որ ինք հրաժարեալ նախարար մը չէ` աւելցնելով սակայն, որ ինք այս շաբթուան կառավարութեան նիստերուն պիտի չմասնակցի: Ան ըսաւ, որ իբրեւ նախարար ինք պիտի շարունակէ իր պատասխանատուութիւնները ստանձնել:

ՀԱՂՈՐԴԱԿՑՈՒԹԵԱՆ միջոցներու նախարար Պութրոս Հարպ շեշտեց, որ անկարելի է Լիբանանը յուզող տագնապին դէմ ներթափանցում կատարել, երբ կայ քաղաքական կողմ մը, որ պոյքոթի կ՛ենթարկէ նախագահական ընտրութեան խորհրդարանական նիստերը:

ԼԻԲԱՆԱՆԵԱն ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահ ընդգծեց, որ Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աունը նախագահ ընտրելով կարելի է լուծել Լիբանանի դիմագրաւած քաղաքական տագնապը:

ՂՈՎՄԻ կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ասաատ Հարտան շեշտեց, որ իրենք յանձնառու կը մնան Լիբանանը մէկ ընտրաշրջանի վերածող եւ համամասնական դրութեան վրայ հիմնուած ընտրական օրէնքի որդեգրումին:

ՀԱՒԱՏԱՐՄՈՒԹԻՒՆ դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքի նախագահ Մոհամետ Ռաատ ընդգծեց, որ Դիմադրութիւնը Լիբանանէն հեռացուցած է հաւատադրժողական ահաբեկչութեան վտանգները:

ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ եւ բարեկարգում համախմբումի երեսփոխան Ֆարիտ Խազեն շեշտեց, որ Ազգային երկխօսութեան նիստին ընթացքին քննարկուելիք հարցերուն մասին կարելի չէ համաձայնութիւն գոյացնել:

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ պլոքի երեսփոխան Ամին Ուեհպէ շեշտեց, որ Հըզպալլայի քաղաքականութիւններուն նպատակն է Լիբանանը իրանեան իշխանութեան տակ պահել:

ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարգաւաճում երեսփոխանական պլոքի անդամ Եասին Ժապեր յայտնեց, որ Նապաթիէ հաւատադրժողական տրամաբանութեան դէմ է եւ անոր բնակիչները միասնականութեամբ կը գործեն` ի խնդիր բարգաւաճման:

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ պլոքի երեսփոխան Սամիր Ժսըր շեշտեց, որ ազգային երկխօսութեան նիստը կրնայ արդիւնաւէտ դուրս գալ, եթէ հարցերը իրենց իսկական ձեւին մէջ քննարկուին:

ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ եւ բարեկարգում համախմբումի երեսփոխան Ղասսան Մուխայպեր շեշտեց, որ Ազգային երկխօսութեան նիստը փաստած է, թէ իբրեւ որոշում տուող կողմ խորհրդարանը մահաքունի մէջ է:

ՓԱՂԱՆԳԱՒՈՐ կուսակցութեան երեսփոխան Նետիմ Ժեմայէլ շեշտեց, որ ապահովական եւ տնտեսական իմաստով Լիբանան ուրիշներէն շատ աւելի լաւ կը մնայ:

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ պլոքի երեսփոխան Ամմար Հուրի շեշտեց, որ անհրաժեշտ է յանձնառու մնալ Լիբանանի սահմանադրութեան, ինչպէս նաեւ վերադառնալ Թաէֆի համաձայնագիրը գործադրելու յանձնառութեան:

ԼԻԲԱՆԱՆԻ մէջ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի անձնական ներկայացուցիչ Սիկրիտ Քաակ այցելեց պաղեստինեան Ռաշիտիէ գաղթակայանը, ուր յայտնեց, որ պաղեստինցի գաղթականներուն տառապանքը պիտի փոխանցէ ՄԱԿ-ին: Նշենք, որ Քաակ երէկ այցելեց նաեւ նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրիի:

ՀԸԶՊԱԼԼԱՅԻ միջազգային յարաբերութիւններու պատասխանատու Ամմար Մուսաուի յայտնեց, որ Սուրիոյ մէջ իրենց միջամտութիւնը Լիբանանի եւ Սուրիոյ ու անոնց միասնականութիւնը պաշտպանելու նպատակով կը կատարուի:

ԱՆԿԱԽ հոսանքին համաձայն, հանրապետութեան նախագահի չգոյութիւնը սկսած է հարուածել երկրին կուսակցութիւններն ու անոնց ղեկավարութիւնները:

 

 

Նախորդը

Այսօր Կը Վճռուի Բրիտանիոյ` Եւրոպական Միութեան Անդամակցութեան Հարցը. Քամերոն. «Եւրոպական Միութեան Անդամակցութեան Շուրջ Հանրաքուէի Արդիւնքը Անկարելի Է Կանխատեսել»

Յաջորդը

Մաշնուք Ընդունեց Եւրոպական Միութեան Անդամ Երկիրներու Ներկայացուցիչները

RelatedPosts

Բագրատունի Վերընտրուեցաւ Խորհրդարանի Դիւանի Անդամ, Ինչպէս Նաեւ Խորհրդարանական Գաղթականներու Հարցերու Յանձնախումբի Նախագահ Եւ Արտաքին Յարաբերութիւններու Յանձնախումբի Քարտուղար
Լիբանանեան

Բագրատունի Վերընտրուեցաւ Խորհրդարանի Դիւանի Անդամ, Ինչպէս Նաեւ Խորհրդարանական Գաղթականներու Հարցերու Յանձնախումբի Նախագահ Եւ Արտաքին Յարաբերութիւններու Յանձնախումբի Քարտուղար

Հոկտեմբեր 22, 2025
Ատուան. «Կը Պնդենք Ընտրութիւնները Իրենց Ժամկէտին Կատարելու Վրայ, Եւ Լուծումը Արտերկիր Գտնուողներու Քուէարկութեան Օրէնքի Բարեփոխումն Է»
Լիբանանեան

Ատուան. «Կը Պնդենք Ընտրութիւնները Իրենց Ժամկէտին Կատարելու Վրայ, Եւ Լուծումը Արտերկիր Գտնուողներու Քուէարկութեան Օրէնքի Բարեփոխումն Է»

Հոկտեմբեր 22, 2025
Պուխարի Ռաժժիին Յանձնեց «Էքսփօ Ռիատ 2030»-ին Լիբանանի Մասնակցութեան Հրաւէր Մը
Լիբանանեան

Պուխարի Ռաժժիին Յանձնեց «Էքսփօ Ռիատ 2030»-ին Լիբանանի Մասնակցութեան Հրաւէր Մը

Հոկտեմբեր 22, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?