Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Փոփոխութիւն Եւ Բարեկարգում Համախմբում. «Մեզմէ Բացի Ոչ Ոք Կրնայ Մեզ Արգիլել Մեր Քարիւղի Հանքերը Շահարկելէ» Շեշտեց Պասիլ

June 22, 2016
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Bassil_2016

Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ երեսփոխան զօր. Միշել Աուն երէկ Ռապիէի մէջ նախագահեց համախմբումի ընթացիկ նիստին, որմէ ետք Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան ղեկավար, արտաքին գործոց նախարար Ժըպրան Պասիլ շեշտեց, որ Լիբանան կը դիմագրաւէ անկիւնադարձային հիմնական շրջան մը` աւելցնելով, որ համամասնական ընտրական օրէնքը կը փարատէ իրենց մտահոգութիւնները, որովհետեւ այդ օրէնքին ընդմէջէն քաղաքական բոլոր ուժերը արդար կերպով կը ներկայացուին խորհրդարանին մէջ:

Ան նշեց, որ նախագահական ընտրութեան եւ ընտրական օրէնքին գծով քաղաքական բոլոր ուժերուն մտահոգութիւնները պէտք է փարատին:

Պասիլ նշեց, որ Լիբանանի քարիւղի եւ բնական կազի հարստութեան գոյութիւնը երկրին համար շահեր կրնայ ապահովել, հետեւաբար լիբանանեան պետութիւնը պէտք է շահարկէ զանոնք` ապահովելու համար իր քաղաքացիներուն կարիքները:

Այս շրջագիծին մէջ Պասիլ հաստատեց, որ Հըզպալլայի հաստատած տարազին շնորհիւ է, որ Իսրայէլին կ՛արգիլուի լիբանանեան քարիւղի հանքերուն վրայ յարձակիլ:

«Միւս կողմէ, մեզմէ բացի ոչ ոք կրնայ մեզ արգիլել մեր քարիւղի հանքերը շահարկելէ», ըսաւ ան:

Անդրադառնալով պետական անվտանգութեան թղթածրարին` Պասիլ շեշտեց, որ իրենք վստահ են, որ վարչապետ Թամմամ Սալամ այս թղթածրարին առումով պիտի չսխալի:

Ան դիտել տուաւ, որ միջազգային տեղեկագիրներու համաձայն, սուրիացի գաղթականներուն մեծագոյն թիւը կը հանդուրժէ փոքրագոյն երկիրը` Լիբանանը, «հետեւաբար պէտք է սկսինք գործադրել այնպիսի կանոններ, որոնք նախ եւ առաջ կը պաշտպանեն մեր ժողովուրդը, որպէսզի կարենանք պաշտպանել նաեւ այլ ժողովուրդներ», ըսաւ Պասիլ:

 

 

Նախորդը

Պքերքէի Մէջ . «Կառավարութեան Մէջ Իմ Գոյութիւնս Կը Ներկայացնէ Մարոնի Համայնքին Դերակատարութիւնը» Շեշտեց Սըժաան Քազզի

Յաջորդը

Պոլտրինի Այցելեց Հարաւային Լիբանանի ՖԻՆԻՒԼ-ի Իտալական Զօրամասը

RelatedPosts

Սպանիոյ Վարչապետի Հետ Հանդիպումի Ընթացքին,  Նախագահ Աուն. «Կը Յուսանք, Որ Սպանիան Եւրոպական Միութեան Հետ Աշխատանք Տանի` Իսրայէլի Վրայ Ճնշում Բանեցնելու»
Լիբանանեան

Սպանիոյ Վարչապետի Հետ Հանդիպումի Ընթացքին, Նախագահ Աուն. «Կը Յուսանք, Որ Սպանիան Եւրոպական Միութեան Հետ Աշխատանք Տանի` Իսրայէլի Վրայ Ճնշում Բանեցնելու»

February 3, 2026
Հարաւային Լիբանանի Վրայ Իսրայէլեան Օդային Յարձակումներու Շարք
Լիբանանեան

Հարաւային Լիբանանի Վրայ Իսրայէլեան Օդային Յարձակումներու Շարք

February 3, 2026
Ֆինիւլ. «Ո՛չ Խաղաղապահ Ուժերու  Անվտանգութեան Ոտնահարման»
Լիբանանեան

Ֆինիւլ. «Իսրայէլեան Բանակը Մեզ Տեղեկացուց, Որ Երէկ Կապոյտ Գիծին Մօտ Օդային Գործողութիւն Կատարած Է` Նետելու Համար Քիմիական Նիւթ, Որ Անոնց Խօսքով Թունաւոր Չէ»

February 3, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.