Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Պըրրի Պիտի Նախագահէ Այսօրուան Երկխօսութեան Նիստին

June 21, 2016
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

berri_laura_62016

Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի այսօր Այն Թինէի մէջ պիտի նախագահէ Ազգային երկխօսութեան նիստին, որուն ընթացքին կը նախատեսուի քննարկել ընտրական օրէնքի մը շուրջ համախոհութիւն գոյացնելու կարելիութիւնը, այլ խօսքով` 18 մայիսի նիստին ընթացքին Պըրրիի առաջադրած նախաձեռնութեան մասին իւրաքանչիւր քաղաքական ուժի պատասխանը իմանալ:

Միւս կողմէ, Պըրրի երէկ ընդունեց Իտալիոյ խորհրդարանի նախագահ Լաուրա Պոլտրինին` ընկերակցութեամբ իտալական պաշտօնական պատուիրակութեան եւ Լիբանանի մէջ Իտալիոյ դեսպան Մասիմօ Մարոթիի:

Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան լիբանանեան եւ միջինարեւելեան իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ երկկողմանի յարաբերութիւնները:

Հանդիպումին աւարտին տրուած մամլոյ միացեալ ասուլիսի մը ընթացքին Պըրրի յայտնեց, որ Պոլտրինիի հետ հանդիպումը առիթ մըն էր շնորհակալութիւն յայտնելու իտալացիներուն` հարաւային Լիբանանի մէջ տեղակայուած ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային խաղաղապահ ուժերուն առաքելութեան մասնակցելու առումով: Ան նշեց, որ իտալական ջոկատը հարաւի մէջ գտնուող ՖԻՆԻՒԼ-ի ուժերուն երեք մեծագոյն զօրամասերէն մէկը կը նկատուի, եւ Իտալիա մնայուն կերպով ստանձնած է ՖԻՆԻՒԼ-ի ուժերուն ամբողջ հրամանատարութիւնը:

Պըրրի ընդգծեց, որ Պոլտրինիի հետ քննարկած է Լիբանանի եւ Իտալիոյ միջեւ տնտեսական գործակցութիւնը ամրապնդելու անհրաժեշտութիւնը, ինչպէս նաեւ միջազգային մակարդակի վրայ լիբանանեան եւ իտալական խորհրդարաններուն միջեւ գործակցութեան ամրապնդման կարեւորութիւնը:

Պըրրի նշեց, որ այս իմաստով երկու երկիրներուն միջեւ պիտի ստորագրուի համաձայնագիր մը, որ շուտով կարելի պիտի ըլլայ երկու երկիրներուն դիւանագիտական ներկայացուցիչներուն ընդմէջէն:

Պըրրի նշեց, որ հանդիպումը եղած է նաեւ առիթ մը, որուն ընթացքին անդրադարձ կատարուած է Լիբանանի դիմագրաւած քաղաքական հարցերուն, ինչպէս հանրապետութեան նախագահի ընտրութեան վերաբերող արգելքներն ու այսօրուան երկխօսութեան նիստին ընթացքին ձեռք բերուելիք հաւանական համաձայնութիւնները:

Պոլտրինի շեշտեց, որ շրջանին շահերուն համար լաւ է, որ Լիբանան ըլլայ ապահով, կայուն, հզօր եւ ազգային համերաշխութեան օրինակելի տիպարը ներկայացնող երկիր:

Պոլտրինի ընդգծեց, որ ինք յանձնառու էր, որ Լիբանան պաշտօնական այս այցելութիւնը կատարէ` նկատի ունենալով միջերկրականեան շրջանին մէջ Լիբանանի ռազմավարական դերակատարութիւնը:

Պոլտրինի ողջունեց Լիբանանի եւ Իտալիոյ խորհրդարաններուն միջեւ գործակցութեան համաձայնագիր մը ստորագրելու նախաձեռնութիւնը` շեշտելով, որ ինք համաձայն գտնուած է Պըրրիի հետ` Սուրիոյ տագնապին քաղաքական լուծում մը գտնելու առումով:

Պոլտրինի անդրադարձաւ նաեւ Լիբանան հասած սուրիացի գաղթականներուն` դրուատելով Լիբանանի դերակատարութիւնը` զանոնք հիւրընկալելու առումով:

salam_laura_62016

Վարչապետ Սալամ իր կարգին ընդունեց Լաուրա Պոլտրինին, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները, յատկապէս թափուր մնացած Լիբանանի նախագահական աթոռին, երկրին քաղաքական տագնապին եւ Լիբանան հասած սուրիացի գաղթականներուն ստեղծած հարցերը:

Պոլտրինի այցելեց նաեւ Պուսթրոս պալատ, ուր հանդիպում մը ունեցաւ արտաքին գործոց նախարար Ժըպրան Պասիլի հետ:

Քննարկուեցան լիբանանեան իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ լիբանանեան-իտալական յարաբերութիւնները ամրապնդելու հեռանկարները:

Հանդիպումէն ետք Պոլտրինի մեկնեցաւ առանց յայտարարութիւն կատարելու:

Նախորդը

Եարզէի Մէջ. «Հարաւային Լիբանանի Կայունութիւնը Երաշխաւորելու Առումով Լիբանանեան Բանակին Հետ Գործակցութիւնը Հեզասահ Էր» Շեշտեց Զօր. Փորթոլանօ

Յաջորդը

Ձերբակալուած Է Ժիրայր Սեֆիլեանը

RelatedPosts

Սպանիոյ Վարչապետի Հետ Հանդիպումի Ընթացքին,  Նախագահ Աուն. «Կը Յուսանք, Որ Սպանիան Եւրոպական Միութեան Հետ Աշխատանք Տանի` Իսրայէլի Վրայ Ճնշում Բանեցնելու»
Լիբանանեան

Սպանիոյ Վարչապետի Հետ Հանդիպումի Ընթացքին, Նախագահ Աուն. «Կը Յուսանք, Որ Սպանիան Եւրոպական Միութեան Հետ Աշխատանք Տանի` Իսրայէլի Վրայ Ճնշում Բանեցնելու»

February 3, 2026
Հարաւային Լիբանանի Վրայ Իսրայէլեան Օդային Յարձակումներու Շարք
Լիբանանեան

Հարաւային Լիբանանի Վրայ Իսրայէլեան Օդային Յարձակումներու Շարք

February 3, 2026
Ֆինիւլ. «Ո՛չ Խաղաղապահ Ուժերու  Անվտանգութեան Ոտնահարման»
Լիբանանեան

Ֆինիւլ. «Իսրայէլեան Բանակը Մեզ Տեղեկացուց, Որ Երէկ Կապոյտ Գիծին Մօտ Օդային Գործողութիւն Կատարած Է` Նետելու Համար Քիմիական Նիւթ, Որ Անոնց Խօսքով Թունաւոր Չէ»

February 3, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.