Ուժանիւթի եւ ջուրի հարցերու նախարար Արթիւր Նազարեան երէկ նախարարութեան կեդրոնին մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ Հայաստանի դեսպան Սամուէլ Մկրտչեանը, որուն հետ քննարկեց յառաջիկայ ամսուան կիսուն Հայաստանի վարչապետ Յովիկ Աբրահամեանի Լիբանան կատարելիք այցելութեան նախապատրաստական աշխատանքները, ինչպէս նաեւ երկկողմանի յարաբերութիւնները ամրապնդելու հեռանկարները: