Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Կառավարութիւնը Իր Ամբողջական Զօրակցութիւնը Յայտնեց Բանակին Եւ Ապահովական Կառոյցներուն` Յորդորելով Ամրապնդել Ազգային Միասնականութիւնը

June 29, 2016
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ministerial-Council2_62816

Կառավարութիւնը երէկ գումարեց իր նիստը` նախագահութեամբ վարչապետ Թամմամ Սալամի:

Նախարարաց խորհուրդը իր նիստին սկսաւ մէկ վայրկեան յոտնկայս յարգելով Քաայի անձնասպանական գործողութիւններուն պատճառով զոհուած քաղաքացիներուն յիշատակը:

Նիստէն ետք տեղեկատուութեան նախարար Ռամզի Ժրէյժ հաստատեց, որ Լիբանան ահաբեկչութեան նոր ձեւի մը դէմ պայքարելու հրամայականին դիմաց կը գտնուի: «Վարչապետ Սալամ ըսաւ. «Լիբանանեան բանակն ու ապահովութեան ուժերը անակնկալի դիմաց չեն գտնուած այդ գործողութիւններուն ընթացքին, որովհետեւ ապահովական կառոյցները նախապէս արդէն իսկ զգուշացուցած էին նման դէպքերու հաւանականութենէն: Սակայն մեզի համար անակնկալը ահաբեկչութեան ոճն է, որ մեզի կը մղէ հարցադրումներ կատարելու յառաջիկային երկրին դիմագրաւելիք ժամանակաշրջանին մասին: Անձնասպանական գործողութիւններուն մասին հետաքննութիւնը ընթացքի մէջ է, իսկ ահաբեկիչներուն ինքնութեան մասին նախնական տեղեկութիւնները սկսած են յստականալ»: Ան մտահոգութիւն յայտնեց, որ ահաբեկչական այս գործողութիւնները տակաւին կը գտնուին իրենց սկզբնական ընթացքին մէջ` կոչ ուղղելով այս իրականութեան դիմադրել ազգային միասնական կեցուածքով: Այս ժամանակաշրջանին պահանջուածը համայնքային եւ յարանուանական զօրաշարժը չէ, որովհետեւ այդպիսով ինկած կ՛ըլլանք ահաբեկիչներուն լարած ծուղակին մէջ: Այսօր Քաան ահաբեկչութեան թիրախ դարձած է, սակայն անցեալին այլ գիւղաքաղաքներ էին, հետեւաբար այդ հարցին պէտք է տալ իր ազգային կշիռը»», ըսաւ Ժրէյժ:

Ան յայտնեց, որ նիստին ընթացքին նախարարները շեշտած են ահաբեկչութեան դէմ պայքարելու իմաստով ազգային միասնականութեան եւ բանակին զօրակցութեան անհրաժեշտութիւնը:

Ժրէյժ յայտնեց, որ կառավարութիւնը իր խորհրդակցութիւնները կեդրոնացուց միայն երկրին ապահովական իրադարձութիւններուն վրայ:

Ժրէյժ յայտնեց, որ նախարարաց խորհուրդը ընդգծած է լիբանանեան պետութեան եւ ահաբեկչութեան միջեւ պայքարի նոր փուլ մը անցնելու կարեւորութիւնը` նկատի ունենալով, որ ահաբեկչական այդ արարքները երկիրը կը մղեն դէպի ապահովական ապակայունացում եւ սադրանքներ կը հրահրեն:

«Կառավարութիւնը իր ամբողջական զօրակցութիւնը յայտնեց բանակին` հաստատելով անոր եւ ապահովական կառոյցներուն նկատմամբ իր կոյր վստահութիւնը: Նախարարաց խորհուրդը կոչ ուղղեց լիբանանցիներուն նեցուկ կանգնելու ապահովութեան ուժերուն եւ բանակին` ընդգծելով, որ կառավարութիւնը կազմ ու պատրաստ է ապահովական որեւէ զարգացումի հետ համապատասխան զօրութեամբ վարուելու եւ իր բոլոր կառոյցները պատրաստ վիճակի մէջ կը պահէ», ըսաւ Ժրէյժ` աւելցնելով, որ կառավարութիւնը ցաւակցութիւն յայտնած է զոհերուն ընտանիքներուն, զօրակցութիւն` Քաայի բնակչութեան եւ հաստատած, որ Լիբանան յաղթական դուրս պիտի գայ ահաբեկչութեան դէմ իր պայքարէն:

Ապահովական Բնոյթի Նիստ Վարչապետարանին Մէջ

security_meeting_62816

Վարչապետ Սալամ յետմիջօրէին նախագահեց ապահովական բնոյթի նիստի մը, որուն ընթացքին շեշտուեցաւ, որ Քաայի դէպքերը որակական անկիւնադարձ մը կը նկատուին` Լիբանանի դէմ ահաբեկչական կազմակերպութիւններուն մղած պատերազմին մէջ, եւ անոնք կրնան ըլլալ նշոյլները` Լիբանանը քանդել փորձող ահաբեկչութեան դէմ աւելի խիստ պայքար մղելու առումով:

Նիստէն բխած հաղորդագրութեան համաձայն, Քաայի մէջ գործուած ահաբեկչական գործողութիւններուն մասին բոլոր տուեալները ներկայացուած են, ինչպէս նաեւ անդրադարձ կատարուած է հետաքննութեան արդիւնքներուն: Ներկաները լսած են բանակին եւ ապահովութեան ուժերուն բացատրութիւնները, ինչպէս նաեւ լիբանանեան տարբեր շրջաններուն մէջ որդեգրուելիք ապահովական միջոցառումներուն մասին որոշումները:

Նիստին ներկայ գտնուած ապահովական կառոյցներու պատասխանատուները հասկացողութիւն ցուցաբերեցին Քաայի բնակիչներու մտահոգութիւններուն վերաբերեալ եւ շեշտեցին, որ ահաբեկչութիւնը պէտք չէ պատճառ դառնայ, որ անոնք վերադառնան ուրոյն ապահովութեան պաշտպանութեան:

«Ազգային պատասխանատուութենէ մեկնելով պէտք է զգուշացնել լիբանանցիները` հաւանական վտանգներէ, եւ չհաստատել, որ ահաբեկչական այդ գործողութիւնները կրնան ըլլալ այլ ահաբեկչութիւններու նախաքայլեր: Լիբանանի մէջ տիրող իրականութիւնը կ՛ենթադրէ զգուշ եւ զգաստ ըլլալ, ինչպէս նաեւ բոլոր լիբանանցիներուն կոչ կ՛ուղղենք կառչած մնալու Լիբանանին եւ վստահելու բանակին ու ապահովական կառոյցներուն, որոնք նախորդ տարիներուն նուաճումներ իրագործած են` ահաբեկչութեան դէմ իրենց մղած պայքարին մէջ», նշուեցաւ հաղորդագրութեան մէջ:

Ներկաները հաստատեցին, որ Ապահովական կեդրոնական խորհուրդը մնայուն նիստի մէջ պիտի ըլլայ. անոնք լրատուամիջոցներէն եւ տեղեկատուութեան մարզէն խնդրեցին, որ ապահովական մարզին վերաբերող տեղեկութիւններուն հետ վարուին զգուշութեամբ եւ յանձնառու ըլլան իրենց լրատուութեան նկատմամբ, որպէսզի ահաբեկիչներուն շահերուն ծառայող տեղեկութիւններ չհաղորդեն եւ յաւելեալ վնաս չպատճառեն Լիբանանին:

Ներքին գործոց նախարար Նուհատ Մաշնուք մեկնումի պահուն յայտնեց, որ գաղթակայանները ոչ մէկ կապ ունին Քաա հասած անձնասպանական գործողութեան հեղինակներուն հետ:

Ան նշեց, որ ապահովութեան ուժերը պէտք եղած միջոցառումները որդեգրած են եւ արդէն իսկ կրցած են ձերբակալել ահաբեկչական 7 ցանցեր:

Մաշնուք հերքեց այն տեղեկութիւնները, թէ անձնասպանական գործողութեան հեղինակներէն մէկը իգական սեռին կը պատկանի` աւելցնելով, որ ապահովութեան խորհուրդը որոշած է իր նիստերը բաց պահել:

Եարզէի Մէջ Ապահովական Կառոյցներու
Պետերու Հանդիպում 

yarze_security_meeting_62816

Լիբանանեան բանակի հրամանատար զօր. Ժան Քահուաժի երէկ պաշտպանութեան նախարարութեան մէջ ընդունեց ներքին գործոց նախարար Նուհատ Մաշնուքը, որուն ընկերակցեցաւ Ընդհանուր ապահովութեան ուժերու ընդհանուր տնօրէն հազարապետ-զօրավար Ապպաս Իպրահիմ եւ ներքին ապահովութեան ուժերու ընդհանուր տնօրէն հազարապետ-զօրավար Իպրահիմ Պասպուս:

Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան Քաայի մէջ արձանագրուած ապահովական զարգացումները, ինչպէս նաեւ ահաբեկչութեան դէմ պայքարելու նպատակով միացեալ ջանքերը ամրապնդելու հեռանկարները:

Հանդիպումին ընթացքին որոշուեցաւ ապահովական շարք մը միջոցառումներ որդեգրել լիբանանեան տարբեր շրջաններու մէջ` պահպանելու համար երկրին ապահովական կայունութիւնը, ինչպէս նաեւ փարատելու քաղաքացիներուն մտահոգութիւնը:

 

Նախորդը

Փոփոխութիւն Եւ Բարեկարգում Համախմբում. Կառավարութիւնը Պէտք Է Իր Պատասխանատուութիւնը Ստանձնէ Սուրիացի Գաղթականներուն Հարցով

Յաջորդը

Անձնասպանական Գործողութիւններուն Դէմ Դատապարտումի Ալիքը Կը Շարունակէ Բարձրանալ, Իսկ Քաայի Զոհերը Այսօր Կը Յանձնուին Հողին

RelatedPosts

Սպանիոյ Վարչապետի Հետ Հանդիպումի Ընթացքին,  Նախագահ Աուն. «Կը Յուսանք, Որ Սպանիան Եւրոպական Միութեան Հետ Աշխատանք Տանի` Իսրայէլի Վրայ Ճնշում Բանեցնելու»
Լիբանանեան

Սպանիոյ Վարչապետի Հետ Հանդիպումի Ընթացքին, Նախագահ Աուն. «Կը Յուսանք, Որ Սպանիան Եւրոպական Միութեան Հետ Աշխատանք Տանի` Իսրայէլի Վրայ Ճնշում Բանեցնելու»

February 3, 2026
Հարաւային Լիբանանի Վրայ Իսրայէլեան Օդային Յարձակումներու Շարք
Լիբանանեան

Հարաւային Լիբանանի Վրայ Իսրայէլեան Օդային Յարձակումներու Շարք

February 3, 2026
Ֆինիւլ. «Ո՛չ Խաղաղապահ Ուժերու  Անվտանգութեան Ոտնահարման»
Լիբանանեան

Ֆինիւլ. «Իսրայէլեան Բանակը Մեզ Տեղեկացուց, Որ Երէկ Կապոյտ Գիծին Մօտ Օդային Գործողութիւն Կատարած Է` Նետելու Համար Քիմիական Նիւթ, Որ Անոնց Խօսքով Թունաւոր Չէ»

February 3, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.